Երեքշաբթի 29, Ապրիլ 2025
ՍԷՐՏԱՐ ԱՐԱՍ ՇԱՀԻՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Սէրտար Արաս Շահին, որ հաստատութեան նախկին սաներէն է ու վերջերս հրատարակած է գիրք մը։ «Սահմանափակուած կեանքեր» կը կոչուի իր հեղինակած նորատիպ գիրքը, որու բովանդակութիւնը պայմանաւորեց դպրոցին մէջ աշակերտներու հետ կազմակերպուած ջերմ զրոյցին մթնոլորտը։
Ասուլիսի աւարտին նախկին շրջանաւարտը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ դպրոցի պատասխանատուներուն կողմէ, մինչ այժմու սաներն ալ առարկայ դարձուց անմիջական վերաբերմունքին։
Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022
Թրքահայ կեանք
- 04/29/2025