ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Գալայճըի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Թաղականները նախ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ ի նպաստ կատարուած աշխատանքներուն մասին, ապա խնդրեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահէ եկեղեցւոյ անուան տարեկան տօնախմբութեան, մատաղօրհնութան, ինչպէս նաեւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի, երբեմնի Հարիւր Մանկանց երգչախումբի տարեդարձի հանդիսութեանց, որոնք նախատեսուած են դեկտեմբերի 24-ին։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին, նաեւ գնահատեց թաղի եկեղեցւոյ մէջ արձանագրուած յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները։