ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց-Սագօ Արեան ամոլը, որ քաղաքավարական այցելութեան մը փութացած էր Գումգաբու։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթավերջին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հովանաւորած էր՝ Սագօ Արեանի Երեւանի մէջ լոյս տեսած «33 ձայն Իսթանպուլէն. ինչպէս ճանչցայ պոլսահայերը» գիրքին շնորհանդէսը, որ տեղի ունեցած էր Ֆէրիգիւղի մէջ։ Հեղինակին մասնակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը արձանագրած էր փայլուն յաջողութիւն։ Ուստի, քաղաքիս մէջ կեցութեան առիթէն օգտուելով Անուշ Թրուանց եւ Սագօ Արեան ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իր կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։ Անոնց հետ էր նաեւ իրենց որդին՝ Աքսելը։

Հանդիպման աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց Անուշ Թրուանցին եւ Սագօ Արեանին, որոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022