ԻՄ ՀԱՒԱՏՔՆ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ
Հայաստանի մէջ գեղեցիկ աւանդոյթ մը ձեւաւորուած է. ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս Սուրբ Ծնունդին ու Զատիկին հայկական բոլոր հեռուստաալիքները ցուցադրած են Յիսուս Քրիստոսի կեանքին ու չարչարանքներուն մասին տեսաժապաւէններ, պատրաստած են զանազան ու հետաքրքրական հոգեւոր հաղորդումներ։
Տակաւին մանկուց ես շատ կը սիրէի դիտել ու ունկնդրել Աստուածաշնչեան պատումներ։ Ամէն անգամ իւրովի կ՚ընկալեմ իմ տեսածն ու լսածը։ Եւ ամէն անգամ կը զգամ, թէ ինչպէս իմ հաւատքն առ Աստուած աւելի ու աւելի կը զօրանայ։
Ես ամբողջ հոգւով ու սրտով կը հաւատամ Սուրբ Երրորդութեան, սակայն, աւա՜ղ կը գիտակցիմ, թէ ես մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք չունիմ, քանզի երբեմն կը մեղանչեմ։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք, այս սեւ թթենիին կ՚ըսէք՝ «արմատախիլ եղիր ու տնկուէ ծովուն մէջ», եւ ան կը հնազանդի ձեզի» (Ղուկաս 17։5, 6)։
Յիրաւի, ներքուստ կը զգամ իմ հաւատքի զօրութիւնը, որ կը տարուի ոչ մէկ գայթակղութենէ, այլեւ ընդհակառակը՝ զԱստուած ճանչնալէ վերջ ենթարկուած է բազում փորձանքներու եւ փորձութիւններու ու մնացած՝ անաղարտ ու անկոտրուն։ Այստեղ՝ իմ հոգիի խորքին մէջ կը զգամ ճաճանչող մի լոյս, կ՚իմանամ հեռուէն եկող պարզ ձայն մը, որ երբեմն կը բարձրաձայնէ։ Ան է. չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ՝ Աստուած կը բնակի իւրաքանչիւր հոգիի մէջ։ Պարզապէս մէկը կ՚ընդունի Ան, միւսը՝ ոչ, իսկ երրորդ մըն ալ կը մօտենայ թերահաւատօրէն…
Պէտք է խոստովանիմ, թէ վերջին տարիներուն յաճախ չեմ այցելած եկեղեցի, ամէն անգամ հաղորդութիւն չեմ ստացած, պահք չեմ բռնած, իմ շուրթերէն Տէրունական աղօթքը մշտապէս չէ հնչած, այս ամէնը մեծ բացթողում մըն է ինծի համար, սակայն իմ հաւատքը չէ նահանջած, այլ ընդհակառն աւելի կրկնապատկուած է, քանզի իմ մէջ կ՚ապրի Տիրոջ լոյսը ու ես կը տեսնեմ զայն։
Այսօր կ՚ուզեմ խօսիլ հաւատքի չափի մասին ու պարզել, թէ ինչպիսին է իմ հաւատքը։ Յիսուս Քրիստոս ժողովուրդի ու իր 12 առաքեալներու հետ կը խօսէր առակներով, որոնց միջոցաւ ան շատ բան սորվեցուցած է անոնց։ Այդ առակներէն մէկը կը վերաբերի հաւատքի չափին ու զօրութեան։
Սերմնացան մը ելաւ հունտ ցանելու։ Երբ ան կը սերմանէր, հատիկներու մէկ մասը ինկաւ ճանապարհի եզերքին։ Թռչունները եկան ու կերան հունտերը։ Ուրիշ հատիկներ ալ ինկան ժայռոտ տեղ մը, ուր չկար շատ հող։ Քանզի հողը չունէր խորութիւն, անմիջապէս ծլարձակեցան։ Սակայն երբ ելաւ արեւը՝ խանձուեցան ու քանի որ չունէին արմատ՝ չորցան։ Ուրիշ հատիկներ ալ ինկան փուշերու մէջ, փուշերը բարձրացան ու խեղդեցին զանոնք։ Իսկ ուրիշներ ինկան լաւ հողի մէջ ու տուին պտուղ։
Քրիստոս կ՚ըսէ. «Հունտը Աստուծոյ խօսքն է» (Ղուկաս 8։11)։ Իսկ հողը՝ մարդու սիրտը։ Ասիկա կարեւոր միտք մըն է, ինչ որ կ՚օգնէ հասկնալու առակին իմաստը։
Ճանապարհի եզրին՝ կոխկռտուած հողի մէջ ինկած հունտերու մասին Յիսուս կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Անոնք… մտիկ կ՚ընեն խօսքը, այնուհետեւ կու գայ բանսարկուն եւ անոնց սրտերէն կը տանի զայն, որպէսզի անոնք չհաւատան ու չփրկուին» (Ղուկաս 8։12)։ Իսկ ժայռոտ տեղերու մէջ ինկած հունտերու մասին խօսելով՝ Քրիստոս ի նկատի ունի այն մարդիկը, որոնք ուրախութեամբ կ՚ընդունին «խօսքը», բայց եւ այնպէս ան խոր արմատներ չի ձգեր անոնց սրտերուն մէջ ու «երբ այդ խօսքի պատճառաւ կը սկսի նեղութիւն կամ հալածանք», այդ մարդիկ կը գայթակղին։ Այո՛, անոնք «փորձութեան ժամանակ» կը ձգեն ճշմարիտ ուղին։ Զոր օրինակ՝ երբ հակառակութիւն մը կ՚ըլլայ ընտանիքի անդամներու կամ ուրիշներու կողմէ» (Մատթէոս 13։21, Ղուկաս 8։13)։
Իսկ փուշերու մէջ ինկած հունտերու մասին Յիսուս կ՚ըսէ, որ այդ կը վերաբերի այն մարդոց, որոնք կը լսեն «խօսքը», սակայն «աշխարհի հոգերն ու հարստութեան հրապոյրը կը խեղդեն» զայն (Մատթէոս 13։22)։ Թէպէտ «խօսքը» արմատներ կը ձգէ անոնց սրտերուն մէջ, սակայն յետոյ կը չորնայ ու կը դառնայ անպտուղ։
Ամենէն վերջ Յիսուս կը խօսի լաւ հողի մասին։ Ան կ՚ըսէ, որ ատիկա կը վերաբերի անոնց, որոնք կը լսեն «խօսքը» ու ի սրտէ կ՚ընդունին զայն՝ հասկնալով անոր իրական նշանակութիւնը։ Ի՞նչ կ՚ըլլայ արդիւնքը։ Անոնք «պտուղ կը բերեն»։ Անոնք հանգամանքներու, զոր օրինակ՝ առողջութեան կամ տարիքի պատճառաւ, ամէնը չեն կրնար հասնիլ միեւնոյն արդիւնքի. մէկը կը բերէ հարիւրապատիկ, երկրորդը՝ վաթսունապատիկ, երրորդն ալ՝ երեսնապատիկ։ Այո՛, Աստուծոյ օրհնութիւնները կը վայելեն անոնք, որոնք «ունին լաւ ու բարի սիրտ ու խօսքը մտիկ ընելէ վերջ կը պահեն զայն ու տոկունութիւն դրսեւորելով պտուղ կը բերեն» (Ղուկաս 8։15)։
Այսօր շատեր կը հաւատան այն բաներուն, զորս ստեղծած, յօրինած է մարդ արարածը։ Մեծամասնութիւնը անտեսելով հաւատքն առ Աստուած, կուրօրէն կը հաւատայ ու կ՚ապաւինի գիտութեան, որ ինչ-որ տեղ չարիք մըն է բնութեան համար։
Մարդ դիւրութեամբ կը հաւատայ այլմոլորակայիններու, հոյամողէզներու, ուրիշ մոլորակներու մէջ կեանքի գոյութեան։ Կ՚ըսեն, թէ մեր երկիր մոլորակը կը կառավարուի յատուկ ուժերու կողմէ։ Իսկ Աստուա՞ծ… ո՞ւր մնաց հաւատքն առ Աստուած…
Իրական հրաշքները մի կողմ ձգած կը հաւատանք շինծուներուն։
Չէ՞ որ իրական հրաշք մըն է մեր ինքնուրոյն շնչելու կարողութիւնը։ Պահ մը խորհինք այն մարդոց մասին, որոնք կը տառապին թոքախտով, թոքաբորբով, վերջերս մարդկութիւնը ահուսարսափի մէջ պահող, մեր թոքերուն մէջ բոյն հիւսող քորոնաժահրին, որ իրաւունք կու տայ մեզի շնչելու՝ միմիայն յատուկ սարքերու միջոցաւ։ Իսկ յատուկ սարքերով շնչառութիւնն ալ կ՚արժէ բաւական սուղ, իսկ Բարձրեալը այն մեզի կ՚ընծայէ երկար տասնամեակներ։
Կեանքը լի է հրաշքներով, սակայն հրաշքներ չկան կեանքի մէջ…
Մեր շուրջը տեղի ունեցող հրաշքները շատ են՝ կեանքը, մանկան ծնունդը, առողջութիւնը, սէրը, ջերմութիւնը… Այս ամէնի հեղինակը մեզ անսահման սիրող Տէրն է։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 05/06/2025