ՆՈՐ ՇԱՌԱՒԻՂ ՄԸ՝ ՍԵԲԱՍՏԱՆՑԵԱՆՆԵՐ -Բ-

Ինչպէ՞ս սկսաւ ամէն բան.

Իմ անունը հայ է, մականունը՝ եան, նախնական ազգանունը՝ Պապայեան:

Տակաւին դպրոցական տարիներուս զիս շատ կը հետաքրքրէր, թէ ինչ կը նշանակէ իմ մականունի «պապա» արմատը: Իմ մտքի մէջ յաճախ կը պրպտէի, աւա՜ղ, հիմնաւոր պատասխան մը չէի կրնար գտնել: Այն ատեն տակաւին չէի գիտեր թրքերէն: Այսօր ամէն բան ակներեւ է. «պապա» բառը թրքերէնէ հայերէն թարգմանաբար կը նշանակէ՝ հայրիկ: Թերեւս իմ մականունը ունի թրքական արմատ: Իսկ հայերէն թարգմանաբար պիտի ըլլար՝ Հայրիկեան:

Եւ իմ մականունը բացառութիւն չէ: Հայաստանի մէջ կան բաւականին թրքական արմատներով մականուններ. օրինակ՝ Օզանեան, Գարախանեան, Քոչարեան, Կապուտիկեան, Շահինեան, Քարտաշեան, Կիւլպէնկեան, Տեմիրճեան, Փարաճանով, Տոլուխանովա, Իգիթեան, Ղորխմազեան...

Ըստ ծագումի հայկական մականուններու արմատները կրնան ըլալ՝ արաբական, հրէական, յունական, պարսկական. օրինակ՝ Նալպանտեան, Բաղրամեան, Ետիկարեան, Շահնազարեան, Միհրանեան, Արշակունի, Պահլաւունի, Տիգրանեան, Արտաշէսեան, Շահպազեան, Զարգարեան:

Այս փաստը զիս շատ յուզեց: Ես հայ եմ, իմ մականունն ալ պիտի ըլլայ հայկական: Ինչո՞ւ մեր մէջ այսքան արմատացած է օտարապաշտութիւնը: Երբ ծանօթացայ իմ մականունի ծագումնաբանութեան, որոշեցի զայն փոխել: Երկար ժամանակ ինքզինքիս մականուն մը կը փնտռէի: Ազգանունի մասին փոփոխութեան օրէնքն ալ Հայաստանի մէջ թոյլ կու տայ զայն փոխելու:

Այդ ժամանակ տակաւին ամուսնացած չէի: Արին ճանչնալէ վերջ, միտքս յստակեցաւ: Իմ ամուսինը արմատներով Սեբաստիա քաղաքէն է: 1960-ական թուականներուն անոր մեծ հայրն ու մեծ հայրը՝ Սարգիսն ու Մարիամը, Սեբաստիա քաղաքի Մանճըլըք գիւղէն, իրենց երկու փոքրիկ զաւակներու՝ Կարապետի ու Վաղարշակի հետ տեղափոխուեցան Պոլիս: Կարծես մականունի ընտրութիւնը կատարուած է: Կ՚ուզէի նոր մականուն մը, որ պիտի ըլլայ մեր ու մեր սերունդներու այցէքարտը Հայաստանի ու աշխարհի մէջ: Նախապէս կեցայ «Սեբաստեան» տարբերակին վրայ: Արին այս մէկը շատ չհաւնեցաւ. «Եւրոպացիի անուն է: Այստեղ հայկականութիւն չկայ», ըսաւ:

Երկար փնտռտուքներէ վերջ կեցանք ՍԵԲԱՍՏԱՑԵԱՆ տարբերակին վրայ:

Մականուն փոխելը դիւրին գործ մը չէ. պէտք է հոգեպէս պատրաստ ըլլալ այդ փոփոխութեան: Ես ինքզինքս տրամադրեցի, համոզեցի: Մնաց ամենակարեւորը՝ համոզել Արին: Ան իր մաքուր թրքական Քենտիրլի մականունը շատ կը սիրէ: Ինձմէ պահանջուեցաւ բաւական երկար ժամանակ, բաւականին ջանք ու ճիգ՝ մինչեւ որ կրցայ համաձայնութեան գալ Արիի հետ, ստանալ անոր արտօնութիւնը:

Առհասարակ, հայը պիտի ունենայ հայկական անուն ու մականուն: Ապրելով Հայաստանի մէջ հաճելի չէ կրել օտարի մականունը, մասնաւորապէս երեխաներու համար: Զաւէնը շուտով պիտի դառնայ դպրոցական, իսկ Քենտիրլի մականունը լաւագոյն տարբերակը չէ:

Կը մօտենար Դանիէլի ծնունդը: Այլեւս խորհելու ժամանակ չկայ, պէտք է գործել հապճեպ, որպէսզի երեխան կրնայ ունենալ հայկական մականուն:

Սեբաստացեան:

Նոր շառաւիղ մը: Նոր մականուն մը: Ամէն բանի պիտի սկսինք նոր էջէն: Այլեւս պիտի ըլլանք ամբողջ մը, ընտանիք մը նոյն մականունով: Իմ երազը Տիրոջ կամօք ի կատար ածուեցաւ: Ծնաւ Դանիէլ Սեբաստացեանը: Զաւէնը տակաւին կը կրէ Քենտիրլի մականունը, քանզի ան ծնած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ, Հայաստանի մէջ անկարելի է փոխել վերջինիս մականունը: Արին պիտի փոխէ իր մականունը, որպէսզի Զաւէնի մականունն ալ փոխուի: Նորէն ժամանակը կը սղէ: Պէտք է աճապարել:

Յետայսու մենք Սեբաստացեաններն ենք: Թերթիս մէջ ալ պիտի ստորագրեմ իմ հին ու նոր մականուններով:

Թող Տիրոջ ողորմածութեամբ ու օրհնութեամբ մեր մականունը փայլատակէ: Զայն կրողները միշտ բարձր պահեն իրենց հայրենիքի պատիւը: Ըլլան նուիրեալներ իրենց հայրենիքին, Աստուծոյն ու ընտանիքին:

Փայլատակէ ՍԵԲԱՍՏԱՑԵԱՆ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2023