«ԱՆԱՀԻՏ» ՀԱՆԴԷՍԸ՝ 125 ՏԱՐԵԿԱՆ
125 տարի առաջ Փարիզի մէջ պոլսահայ գրող, լրագրող եւ հասարակական գործիչ Արշակ Չօպանեան կը հիմնէ «Անահիտ» գրական գեղարուեստական ամսագիրը, որ իր ամուր տեղը կը գրաւէ հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Օրին ըլլալով ընթերցուած ամսագիր մը՝ յետագային կը դառնայ հարուստ աղբիւր՝ ուսումնասիրողներուն համար: Ամսագիրը հրատարակած է ուսումնասիրութիւններ հայ գրականութեան, արուեստի ու մշակոյթի վերաբերեալ, միջնադարեան տաղեր, բանահիւսական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ ընթերցողը ամսագիրին միջոցով ծանօթացած է համաշխարհային գրականութեան, քանի որ «Անահիտ»ը մեծ տեղ տուած է թարգմանութիւններուն: Հանդէսին առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ լայն կերպով կը լուսաբանէր Հայկական հարցը, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը, կը նպաստէր հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման։ Փարիզեան այս հայկական ամսագրին աշխատակցած են հայ գրականութեան եւ հրապարակախօսութեան դէմքեր՝ Աւետիք Իսահակեանը, Սիամանթոն, Դանիէլ Վարուժանը, Գրիգոր Զօհրապը, Շիրվանզատէն, Յովհաննէս Թումանեանը, Ռուբէն Զարդարեանը, Կոստան Զարեանը, Կոմիտասը, Թորոս Թորամանեանը, Զապէլ Եսայեանը, Վահան Թէքէեանը եւ շատ ուրիշներ: Այսպիսով հանդէսը գրական տաղանդի բացայայտման, կատարելագործման եւ զայն հանրութեան ներկայացնելու դպրոց էր, որ յաջողութեամբ կը վարէր խմբագիրը՝ մեծանուն Արշակ Չօպանեան: Ուսումնասիրողները «Անահիտ»ի ամենամեծ ծառայութիւնը կը նկատեն Կոմիտասի «յայտնագործութիւնը»՝ հանդէսի էջերուն մէջ: 1901 թուականին «Անահիտ»ի մէջ տպագրուած «Կոմիտաս Վարդապետը» յօդուածը ըստ էութեան հայ մամուլին մէջ հրատարակուած առաջին լուրջ եւ խոր վերլուծականն էր՝ մեծ երաժիշտին մասին։ Չօպանեան այդ ժամանակ գնահատականներ տուած էր Կոմիտասին ու անոր արուեստին, եւ այդ գնահատականները դարձան դասական ու գործածուեցան Կոմիտասին նուիրուած բոլոր ուսումնասիրութիւններուն մէջ: Մէկ այլ առանձնայատկութիւն էր սուր քննադատական լեզուն, որ կը գործածուէր ամսագիրին մէջ. Չօպանեան չէր վարաներ քննադատել թէ՛ ազգային մեծերը, թէ՛ քաղաքական հակառակորդները:
Հանդէսի հրատարակութիւնը, ինչպէս յայտնի է՝ սկսած է 1898 թուականին եւ երկար ու համեմատաբար կարճատեւ ընդհատումներով շարունակուած մինչեւ 1949 թուականը:
Հրատարակութեան շրջանները եղած են՝ 1898-1911 թուականները եւ 1929-1941 ու 1946-1949 թուականները: Վերջին թիւը կ՚ընդգրկէ 1949 թուականի առաջին կիսամեակը: Մինչեւ «Անահիտ»ի հրատարակութիւնը՝ 1890-ական թուականներուն սկիզբները, Արշակ Չօպանեան գրական-հրապարակախօսական կարճ, բայց հարուստ ու բեղմնաւոր գործունէութիւն ունեցաւ Պոլիս, եւ այդ գործունէութեան պսակը եղաւ 1895-ին անոր խմբագրած «Ծաղիկ» գրական-գեղարուեստական հանդէսը: Պարզ է, որ «Ծաղիկ»ը ձեւով մը կանխորոշած է ապագայ «Անահիտ»ին բնոյթն ու գրական բովանդակութիւնը: «Անահիտ» հանդէսը ծնունդն էր իր անմահ խմբագրին՝ Արշակ Չօպանեանին ունեցած բարձր ու եզակի նուիրումին առ արուեստը, գրականութիւնը:
Հանդէսը, սակայն, բաւական գովերգուած եւ ընդունուած ըլլալով, ունեցած է նաեւ քննադատողներ. զոր օրինակ, Յակոբ Օշականը, որ իր «Անահիտ» յօդուածով կատարած է այդ մէկը:
Ստորեւ կու տանք այդ յօդուածը, ինչպէս նաեւ՝ Շաւարշ Միսաքեանի մէկ խմբագրականը՝ Արշակ Չօպանեանի մասին (գրուած Չօպանեանի մահուան առթիւ, 1954-ին) որ հակառակը՝ կ՚արժեւորէ «Անահիտ» պատմական հանդէսի հիմնադիր խմբագիրը, որ հայ մտաւորականութեան ամենաերեւելի դէմքերէն է:
«ԱՆԱՀԻՏ»
ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
«Անահիտ»ը կը պատկանի սերունդի մը, որմէ եթէ գրող չունինք այսօր, բառին իսկական տարողութեամբը, բայց ունինք մեծ բազմութիւն մը սիրողներու, տարազին տակ դուք հասկցէք բոլոր այն պարկեշտ հայրենակիցները, որոնք իսկական գորով կը տածեն հանդէպ մեր Գիրին։ Ուրիշ ժողովուրդներու մէջ տարիքը գլխաւոր սահմանանիշն է այս բաժանումներուն։ Ամէն սերունդ ինքզինքը կ՚երկարէ իր արուեստին մէջ ու կը փակէ իր ջիղերը ուրիշներու։ Տարօրինակը մեր մէջ ա՛յն է, որ ծերերը կը յամառին երիտասարդ մնալ ու «վարժապետել», ա՛լ ախտազերծ ընտանութեան մը գնով։ «Անահիտ»ը իբր ժամանակավրէպ մը դատապարտելու չափ առաջ չեմ երթար, ո՛չ թէ իրմով մեզի եկած կամ գալիք արժէքներուն, գեղեցկութեան դէմ զիջումով մը, այլ՝ գլխաւոր ա՛յն փաստին համար, որ «Անահիտ»ի ընթերցողները թանկագին ծերութիւններ են (տարիքէն չէ, որ կը խօսիմ, այլ՝ ուղեղէն) ու իբր այդ՝ հանդէսը կ՚ապրեցնեն։ Անոնք հաւատաւոր եռանդով մը կը բանան այդ մեծադիր էջերը, խորապէս պարա՜պ բոլոր արժէք խուզարկողներուն համար, բայց խորապէս կենդանի, խայտալից, թրթռուն ան միւսներուն համար, որոնք շինուած, ներկուած, կոկիկ զգեստներու պէտք ունին՝ իրենց ուղեղին մերկութիւնը հագուեցնելու։ «Անահիտ»ը փաստ մըն է մեր միտքին տարբեր մէկ անկումին, որուն՝ ուղեղային պնդերակութիւն որակում մը անյարմար պիտի չգար։ Անոր ընթերցողները, զայն խմբագրողին նման, կը կարծեն ծառայած ըլլալ մեր գիրին, երբ հաճոյքով կը թարթափին հասարակ տեղիքի, միամիտ սոփեստութեան, շրջուած հռետորութեան այն հարիւրաւոր սիւնակներուն մէջ, որոնք պաշտօն ունին Պ. Արշակ Չօպանեանի դատումները տարազելու։ Նկատի ունիմ եւրոպական մշակոյթին ոչ թէ մակերեսին, այլ՝ անոր որոշ մէկ շերտին մէջ ամրափակ, անզիջող զանգուածը։ Անիկա նման է մեր վաթսունական-ութսունական թուականներու իմացական ընտրանիին, որ «Թափառական հրեայ»ով, «Թշուառներ»ով, «Մայտա»յով կամ «Արշակ Բ.»ով կը բաւարարէ ինքզինքը ու հպա՜րտ ալ է ատով։
(Յայտնի էր, թէ այդ շրջանին մեծագոյն բանաստեղծը (կը խնայեմ անունը) հետզհետէ կը լքէ դպրոցական հաւաքածոներէն ալ իր դիրքերը, օր մը բնաւ չեղած ըլլալու արդար ճակատագրին դիմելով)։ Ու դժուար է ինծի համար շատ տարբերութիւն գտնել ընդ մէջ անոր ու ներկայի այն գրասէրներուն, որոնք իրենց հաստատ զբաղումները, կենսաթոշակները, վայելքները ամրապէս կաղապարած, իրենց սրահներուն մէջ կը հանդուրժեն կանանչ այդ հանդէսը, ատենը հեղ մը աչք նետելու՝ պատկերներուն կամ ալ այցելուները intriguer ընելու տխուր իմաստութեամբ։ Ծերա՛խտ, որ կ՚արգիլէ մեր ջիղերուն զօրաւոր ցնցումներ ու արուեստը կը վերածէ քաղցր ամոքադեղի մը ստոր ճակատագրին։ Ատոնք պիտի ուզեն քիչ մը ամէն բան, սանկ միջակ ու անվնաս, առաւելապէս թարգմանածոյ։ Եւ ուշադրութի՛ւն։ Այդ էջերն ալ ըլլալու են դարձեալ չէզոք, միջազգային համբաւին (բայց անոր pédantique երակէն) ամբողջ կշիռովը անդամալոյծ, ու պիտի պատկանի գովուած, բայց չկարդացուած գործերու խումբին։ Ոչ մէկ հայ ընթերցող կրնայ հաճոյքով ու հոգեկան թրթռացումով հետեւիլ այդ գլուխ-գործոցներուն թարգմանութեան, պարզ այն պատճառով, որ առանց բաւարար ծանօթացման, նոթի եւ, մա՛նաւանդ՝ գործերը պատրաստող ենթահողին լայնօրէն ուսումնասիրումին, սա տողերը պիտի ըլլան անարժէք փոխադրումներ։ Գործեր կան, որ կ՚ապրուին։ Ուրիշներ՝ որ կը ծամուին։ Ուրիշներ՝ որ կը սիրուին։ Ու կան՝ որ կը յարգուին, բայց մեր զգայական մարզերուն չեն հասնիր։ Ո՞վ պիտի ուրանայ հսկայ գեղեցկութիւնը, օրինակի համար, Եւքիլեսի «Պարսիկները» խաղին, պայմանով, որ զայն թարգմանողը օրինակիչ մը չըլլայ, այլ՝ արուեստագէտ մը նոյն ատեն, որ հնօրեայ եղերերգակին զգայնութիւնը հարազատօրէն վերարտադրէ իր մէջ ու նոյն ատեն լուսաւորէ բազմաբեղուն լոյսերովը արուեստին բոլոր ալքերը, հեռանկեալ խորշերը, որոնք ժամանակին փոշիէն դեղնած են ու մեռեալ։ Մաքրել այդ ամենէն՝ խաւը դիակին, հասնիլ անմահ խմորին, որ մարդուն հոգին է ամէն տեղ ու ամէն ժամանակ, լուալ տաղանդին կրակովը, ու նոր քուրայէն հանուած ոսկիի մը նման բռնել մեր առջին հին դարերու մարդե՛րը,- ահա թէ ի՛նչ է ինծի համար թարգմանութիւնը օտար գլուխ-գործոցներու։ Պ. Չօպանեան գիտէ՞, թէ կ՚ուրանայ, երբ մեռած տողեր կը փռէ «Անահիտ»ի էջերուն, երբ մա՛նաւանդ մարդոց անունները բարձրաղաղակ պոռալով անոնց հոգին ալ տուած ըլլալ կը յաւակնի։ Սխալ թող չհասկնան զիս բոլոր անոնք, որ այս տողերուն մէջ վիրաւորանք կամ յարձակում պիտի տեսնեն։ Ես կը յարգեմ ամէն աշխատանք։ Կը նեղուիմ, երբ ասոր արժէքը դիտումով կը խեղաթիւրեն, կը չափազանցեն։ Ու կը տխրիմ, երբ աշխատին ուրիշին գովեստին ակնկառոյց։ Կը բաւականանամ դիտել տալով, որ օտարներէ ամէն փոխադրում ենթակայ է որոշ հոգեզրկումի, քանի որ մարդկային հոգին նմանելի է ամէն անգայտութեան։ Ասոնք երբ մարզ կը փոխեն, կը ձգեն բան մը իրենց իսկութենէն։ Ինչ որ Պայրընը Պայրըն կ՚ընէ, Անգլիոյ վերեւ սաւառնող հազարամեայ քաղաքակրթութեան մը շամանդաղն է։ Փորձեցէք զայն հայացնել. բառ միայն պիտի տաք։ Այնպէս որ՝ «Անահիտ»ի խմբագիրը միջազգային գովեստի պատմուճաններով պատուած գործերու համար երբ կը բանայ իր էջերը, բաւարարած չ՚ըլլար պահանջը, զոր ունի մեր ընթերցողը արուեստի մեծ գործերէն։
«Անահիտ»ի հրատարակիչը, մեր երիցագոյն խմբագիրներէն, իր օրը ապրած գրագէտներէն ու իր պատրանքին մէջ հպարտ ու աննահանջ աշխատողներէն մէկն է։ Չեմ զբաղիր անոր աշխատանքին միւս երեսով, որ մեր գեղեցկութեանց օտարներուն ծանօթացումը ունի նպատակ։ Արշակ Չօպանեան այդ աշխատանքին ամենէն յարմար մարդն է, նկատի ունենալով իր խառնուածքին տիրական գիծը, որ հասարակական, խմբագրական է եւ հետեւաբար օտար՝ արուեստին։ Օրը օրին, հայրենասիրական, լրագրական իր զբաղումներու ընթացքին, ափյափոյ, յաճախ սխալ, միշտ տառ, երբեք հոգի տուող այդ փոխադրումները առնուազն կը ստուերեն գեղեցկութիւնը այն արուեստին, որուն տարփողը ունի ընելիք, մեծ մշակոյթներու կրկէսին մէջ։ Ով որ կարդայ իր Քուչակին ֆրանսերէնը, պիտի նետէ ձեռքէն իբր անհամ ու անարժէք շատախօսութիւն։ Գիտեմ, թէ Արշակ Չօպանեան իր ամէն մէկ թարգմանութեանց համար պահեստի գովեստ մը ունի իր դարանին մէկ անկիւնը, ստորագրուած աս ու ան, երեւելի ու չերեւելի ակադեմիականներէն, որոնք հայասիրաբար, առանց աչք իսկ նետելու, գովեստը չեն խնայած քաջարի վաստակաւորին։ Մի մոռնաք Հիւկոն, որ մեծ գովեստներ կը բաշխէր չկարուած գիրքերուն մասին։ Արժէքով աշխատա՞նք։ Անշո՛ւշտ որ կարելի է, բայց ատիկա ընողը արուեստագէտն է ըլլալու, ոչ թէ խմբագիրը։
Չեմ ուրանար կշիռը Պ. Չօպանեանի գիրքերուն ընդհանուր հաշուեցուցակին։ Չունինք մէկը, որ արտադրած ըլլայ անոր քառորդին չափ։ Անշո՛ւշտ որ այդքան մելան բան մը կ՚ապացուցանէ ի վերջոյ։ Չեմ ուրանար արժէքը «Ծաղիկ»ին (1890), ինչպէս առջի «Անահիտ»ին։ Առաջինին մէջ Արշակ Չօպանեան իր տաղանդին խանդավառ արձակումը կ՚ընէ ու մեր գրականութեան մէջ կը բանայ որոշ շրջան։ Երկրորդին մէջ անիկա իր տաղանդին լիութիւնը կը գտնէ ու իր շրջանին ընդհանուր մտայնութիւնը, անոր մէկ երեսը կը սեւեռէ, դժբախտաբար ամենէն ապերախտ գործիքով մը,- քննադատօրէն։ Բայց շահ է ատիկա նորէն։ Գալով ներկայ պարբերաթերթին («Անահիտ», հանդէս արուեստի եւ մտածման, նոր շրջան) զայն կը գտնեմ փաստաթուղթ մը մեր հոգեկան յոգնութեան, մտքին ծերութեան ու նման ամէն ծերութեան՝ տրտունջի, շատ խօսելու, ուզածին հաւնելու, հին, երջանիկ օրեր ոգեկոչելու մարդկային տկարութեան։
ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ
ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
Վաստակաւոր մը, բառին բովանդակ իմաստով։
Տեսակ մը զինուորեալ, որ կը հաւատար իրեն սահմանուած դերին, պատանութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն։
Եւ կ՚ուզէր տակաւին գործել, հակառակ իր ուժասպառ վիճակին։
Յաճախ կը հանդիպինք փողոցը։ Նկուն եւ երերուն, գիսախռիւ դէմքով, ձեռքերը ետին։
Ո՞ւր կ՚երթար այսպէս մտացրիւ։
Ամէն ուր որ հայկական հանդէս մը, դասախօսութիւն մը կամ տօնակատարութիւն մը կար։
Երբեմն խմբագրատուն կը հանդիպէր, ստուգելու համար իր կատարելիք դասախօսութեան օրն ու ժամը։
Հասած էր այն տարիքին ուր մարդկային բոլոր ուժերը տեղի կու տան հետզհետէ, բեղուն անցեալի մը ստուերին վերածելով ներկան։
Իր արդար իրաւունքն էր սենեակ մը Հանգստեան Տան մէջ։
Ինք չփնտռեց այդ հանգիստը։ Եւ կը պատահէր որ տպարան ալ հանդիպի, հայերէն կամ ֆրանսերէն յօդուածի մը փորձը կարդալու համար։
Եւ ահաւասիկ դժբախտ, կսկծալի արկած մը, իբրեւ հետեւանք իր թարթափուն կացութեան։
Շատ աւելի տխուր է այս եղերական վախճանը, քան եթէ յանկարծամահ ըլլար, կքած՝ տարիքի եւ տառապանքի ծանրութեան տակ։
Պաշտամունք ունէր հայկական մշակոյթին հանդէպ, եւ դարձաւ մարմնացեալ տքնութիւն, ծառայելու համար անոր զարգացման։
Առաջին օրէն իսկ, դեռ դպրոցական, երբ կը խայտար «արշալոյսի ձայներ»ով եւ «թուղթի փառք»երով, իր գլխաւոր արժանիքն եղաւ անխոնջ պրպտումը։
Ոչ միայն կ՚արտագրէր, ներկայ կամ բացակայ Դէմքերու կեանքն ու գործը կ՚ուսումնասիրէր քննական վերլուծումներով, այլեւ նիւթեր կը հաւաքէր օտար անդաստաններէ եւ հայրենի պահեստի գանձարանէն։
Իր անխոնջ պրպտումներուն կը պարտինք շարք մը թանկագին յայտնութիւններ՝ սկսելով Նահապետ Քուչակի Դիւանէն եւ ուրիշ գիւտերէ։
Ո՛ւր որ կը հանդիպէր, Վենետիկ, Վիեննա, Թիֆլիզ, Էջմիածին, Երուսաղէմ, Կիլիկիա, կը մաղէր Մատենադարաններու, թանգարաններու դեղնած թուղթերն ու փոշիները, լոյս աշխարհ հանելով այլազան գոհարներ։
Իր միւս արժանիքը եղաւ օտարին ծանօթացնել Հայկական մշակոյթին փառքերը։
Իրմէ առաջ եւ իրմէ ետք, ոչ մէկը այնքան գուրգուրանքով փարած էր այս աշխատանքին՝ թարգմանել, վերլուծել, տարածել։
Միայն ֆրանսերէն «Վարդենիք Հայաստան»ին փառապսակ մը պիտի կազմէր ոեւէ մէկուն համար, իր հինգ հատորներով։
Դեռ չենք հաշուեր իր ցիրուցան ուսումնասիրութիւնները փարիզեան առաջնակարգ հանդէսներու մէջ, հայկական մատենագրութեան եւ ականաւոր դէմքերու մասին (Նարեկացի, եւ այլն)։
Կարելի է վերապահումներ ունենալ իր գրական տեսութեանց մասին, մանաւանդ առաջին Մեծ Պատերազմէն ասդին։
Բայց, ապերախտութիւն պիտի ըլլար թերագնահատել իր փարթամ վաստակը, հակառակ չափազանց շեշտուած «Ես»ի մը։
Այլապէս շահեկան գլուխ մը կը կազմէ իր ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ