ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Ֆրանսայի թեմերէն ուխտաւորներ։ Նորին Սրբութեան կողքին էր ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու սէրը։ Ան կարեւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերէն դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուխտագնացութիւնները՝ յատկապէս Հայաստանի համար այս դժուարին ժամանակաշրջանին, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ անոնց հաղորդ դառնալու երկրի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ բռնի տեղահանուած Արցախի հայութեան խնդիրներուն։ Վեհափառ Հայրապետը առանձնապէս անդրադարձաւ հայրենազրկուած Արցախի հայերու դժուարութիւններուն եւ ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցին եւս գործօն աջակցութիւն կը ցուցաբերէ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ։
Զրոյցի տեւողութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ուխտաւոր հայորդիներու Հայաստանի եւ Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ նուիրումին եւ անսակարկ սիրոյն համար։ Ան յորդորեց, որ ուխտաւորները իրենց երկիրներուն մէջ բարձրաձայնեն Արցախի հայկական հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրները եւ հետեւողական ջանքեր գործադրեն այս ուղղութեամբ։