ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Նիւ Եորք վերադարձէն ի վեր մեծ համակրանքի եւ զօրակցութեան առարկայ կը դառնայ։ Նորին սրբազնութիւնը վերջերս Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ մատոյց իր առաջին Ս. Պատարագը։ Սա թեմակալ առաջնորդին եպիսկոպոսական անդրանիկ Ս. Պատարագն էր առաջնորդանիստ տաճարին մէջ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, առաջնորդարանի համալիրի «Քաւուքեան» սրահի երդիքին տակ ընդունելութիւն մըն ալ սարքուեցաւ նորաօծ սրբազանին ի պատիւ։ Այս փուլին շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որոնց հետ միասնաբար Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան հատեց իրեն համար պատրաստուած կարկանդակը։