ԱՐՑԱԽԻ ԹԵՄԸ ԿԸ ՄՆԱՅ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բարձր նախագահութեամբ կազմակերպուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Նիստերուն ատենապետեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։

Ժողովներուն ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Հայաստանի կեանքէն ներս ստեղծուած կացութիւնը, աշխարհաքաղաքական առկայ իրավիճակը եւ այդ ամբողջին մէջ անվտանգային հիմնախնդիրները, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, տարհանեալներու կեցութեան ապահովման եւ մարդասիրական աջակցութեան ծրագիրները եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հետամուտ աշխատանքները։ Այս բոլորին վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս եկան՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, ԳՀԽ-ի անդամներէն իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեան, Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան վարչական խորհուրդի ատենապետ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի ամբողջական հայաթափման՝ ԳՀԽ ընդգծեց բռնի տեղահանուած հայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան կենսական անհրաժեշտութիւնը։ Յոյժ կարեւորուեցաւ տարհանեալներուն ուղղեալ հոգեւոր խնամատարական, մարդասիրական եւ հոգեբանական աջակցութեան ծրագրերու շարունակական իրագործումը, կեցութեան պայմաններու բարելաւման եւ զբաղուածութեան ապահովման ուղղեալ աշխատանքներու իրականացումը։

Ժողովականները մտահոգութեամբ անդրադարձան Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ Ատրպէյճանի ժխտողական քաղաքականութեան։ Անհրաժեշտ համարուեցաւ, որ միջազգային, միջեկեղեցական ու միջկրօնական, նաեւ հնարաւոր այլ բոլոր հարթակներու վրայ հետեւողականօրէն ներկայացուին հայկական յուշարձաններու, սրբավայրերու եւ գերեզմանատուներու դէմ ոտնձգութիւնները եւ աշխատանքներ իրականացուին հայկական ժառանգութեան անխաթար պահպանութեան ուղղութեամբ։

Ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ նաեւ, որ Արցախի թեմը ստեղծուած կացութեան պայմաններուն մէջ շարունակէ պահպանել իր կարգավիճակը եւ գործէ՝ ըստ եկեղեցականոնական սկզբունքներու։

Հանրակրթութեան ոլորտէն ներս հայագիտական առարկաներու ծրագրերու բովանդակային ընդգրկումին եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսումնական ծրագրերուն վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս եկաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։ Ժողովականները իրմէ տեղեկութիւններ ստացան՝ 2023-2024 շրջանի նոր չափորոշիչներու հիման վրայ հրատարակուած հայագիտական առարկաներու ծրագրերուն վերաբերեալ։ Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ 7-րդ դասարանի Հայոց պատմութեան առարկայի դասագիրքին, ուր առկայ են թէ՛ պատմական եւ թէ եկեղեցագիտական սխալներ ու բացթողումներ։ Խիստ անընդունելի համարուեցաւ, որ դասագիրքերու պատրաստման գործընթացներէն ներս անոնց բովանդակութեան մէջ տեղ գտած են գիտական համընդհանուր ճանաչումով, նաեւ եկեղեցւոյ կողմէ նուիրագործուած սկզբունքներուն եւ դիրքորոշումներուն հակասող անհատական տեսակէտներ։

Քննարկումներէ վերջ յանձնարարականներ տրուեցան, որպէսզի պատկան կառոյցներու հետ իրականացուին անհրաժեշտ աշխատանքներ՝ հանրակրթական ծրագրերէն բացառելու համար բովանդակային նման շեղումներն ու աղճատումները։

Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսումնական ծրագրերուն առընչութեամբ ԳՀԽ որոշեց թեմակալ առաջնորդներու եւ համապատասխան մասնագէտներու ընդլայնուած քննարկումներ կազմակերպել՝ կարեւորելով սերունդներու հոգեւոր դաստիարակութեան ու կրթութեան առաքելութիւնը։

Հայաստանի մէջ ամուսնութիւններու եւ ծնելիութեան նուազման, ամուսնալուծութիւններու աճի, թմրամոլութեան ընդհանրացումի, կրօնական կազմակերպութիւններու հոգեորսական գործունէութեան մասին զեկուցումներով հանդէս եկան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Իրաւախորհրդատուական յանձնախումբի ղեկավար Արա Զօհրապեան, Կախուածութիւններու բուժման ազգային կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Նազինեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի՝ Աղանդագիտութեան դասախօս Տ. Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Մայիլեան։ Արձանագրուեցաւ, որ Հայաստանի ապագայի եւ ազգային անվտանգութեան համատեսքին մէջ խիստ սպառնալից են յիշեալ ոլորտներու առկայ իրավիճակներն ու ահագնացող միտումները։ Նկատի առնելով առկայ հանգամանքները՝ կարեւորուեցաւ հովուական խնամքի եւ հոգեւոր քարոզչութեան շրջանակներէն ներս յատուկ աշխատանքներ իրականացնել՝ ի զօրացումն ընտանեկան, ազգային եւ բարոյական արժեհամակարգի։

Քառօրեայ նստաշրջանի տեւողութեան ԳՀԽ քննարկեց նաեւ այլ զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերին եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Միւս կողմէ, երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին Հայրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 24-րդ տարեդարձին առթիւ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ պատարագեց Դամասկոսի թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, որ օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ այս տարեդարձին։ Իսկ արարողութեան աւարտին Հայրապետական մաղթանքին հանդիսապետեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Հայոց Հայրապետի կենաց արեւշատութեան եւ Մայր Աթոռի անսասանութեան համար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2023