Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Այսօր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, աշխարհացրիւ իր հօտով, իր ամբողջութեան մէջ, կը նշէ ընդհանրական հայրապետին գահակալութեան տարեդարձը։ Ան արդէն 24-րդ տարին բոլորած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ։ Համայն աշխարհի հայութեան ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին հերթական անգամ կը կեդրոնանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր կը նշուի Նորին Սրբութեան գահակալութեան տարեդարձը։
Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն հետեւանքները եւ անոնցմէ ծնունդ առած վտանգները այնպիսի վիճակ մը ստեղծած են, որ տարեդարձները, տօներն ու յոբելեանները կարծես իմաստազրկուած են։ Յամենայնդէպս, եթէ տակաւին համազգային թօթափման ու նոր զարթօնքի մը համար յոյսեր կը փայփայուին, ապա անտարակոյս անոնց իրականացման ճանապարհին աւանդական արժէքները կարեւոր դեր պիտի խաղան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հայ ժողովուրդի արժեհամակարգին գանձանակն է, ոչ-նիւթական արժէքներու շտեմարան։ Ուստի, Վեհափառ Հայրապետը այդ բոլոր որոնումներու կիզակէտին է։ Ան՝ որպէս յաջորդը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, իր անձին մէջ կը մարմնաւորէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ու մանաւանդ կը խորհրդանշէ համայն հայութեան հոգեւոր միասնականութիւնը։ Այսօր այդ միասնականութիւնը այնքան կենսական է, որ փորձութիւններու ծանր պահուն հայութեան փրկութեան լաստը, ալեկոծեալ ովկիանոսին մէջ միակ փարոսը կը համարուի։ Միասնականութեան, համախմբուածութեան ձգտումը գործօնի վերածելու ճանապարհին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու վճռակամութիւնը նախախնամական ներգործութիւն մը կը համարուին եւ, անշուշտ, ա՛լ աւելի կը ծանրացնեն իր ուսերուն բեռը, որ առանց այդ ալ արդէն բաւական ծանր է՝ քաղցր լուծի աւանդական բանաձեւումով։
Ուստի, որդիական ամենախորին յարգանքով եւ անկեղծ զգացումներով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 24-րդ տարեդարձը եւ իրեն արեւշատ ու երկար տարիներ, ծաղկուն գաւազան կը մաղթենք, առողջութեամբ, համբերութեամբ ու տոկունութեամբ՝ ի պայծառութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ յանսասանութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։