ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՓՈՐՁԵՐ

Որպէսզի այս Սուրբ պահեցողութիւնը քու հոգեւոր կեանքիդ վրայ գործնական ազդեցութիւն ունենայ, առջեւդ կը դնենք մի քանի փորձեր, որպէսզի կատարես, որոնք եթէ կեանքի վերածես, պահեցողութենէդ կ՚օգտուիս։

1) Փորձել ձերբազատուիլ մեղքէ մը, որ քու վրադ կը տիրէ եւ խոստովանութիւններուդ ընթացքին յաճախակի կը կրկնուի։ Կամ կեդրոնանալ տկար կէտիդ կամ սիրած մեղքիդ վրայ… Իւրաքանչիւր մարդ գիտէ, թէ ի՛նչ մեղքի մէջ է, որ կը տկարանայ եւ անոր մէջ իյնալը կը կրկնուի, ինչպէս նաեւ խոստովանութիւններուն մէջ ալ կը կրկնուի։ Հետեւաբար, այդ մեղքը որպէս ասպարէզ օգտագործէ, փորձելու համար ձերբազատուիլ ատկէ պահեցողութեանդ ընթացքին։ Այսպիսով, իրօք որ սուրբ պահեցողութիւն մը կ՚ըլլայ։

Պահք պահողը կրնայ նաեւ փորձել սովորութենէ մը ձերբազատուիլ։ Օրինակ. ծխախոտին մոլի եղողը, պահեցողութեան ընթացքին փորձէ ծխելը ձգել։ Կամ որոշ խմիչքի մը մոլի եղողը, որուն մօտ տիրապետող սովորութիւն դարձած է ու չի՛ կրնար ձգել, ինչպէս օրինակ՝ թէյի ու սուրճի մոլի եղողը։ Կամ հեռատեսիլ դիտելը, որ սովորութեան վերածուած է եւ արգելք կ՚ըլլայ պարտականութիւնները կատարելու։ Բոլոր այս սովորութիւններուն համար, պահեցողութիւնը փորձի շրջան մը կ՚ըլլայ ձերբազատուելու։

Դուն քեզ Աստուծոյ դիմաց դիր ու ըսէ. «Տէ՛ր, ազատէ՛ զիս այս մեղքէն. կը գիտակցիմ, թէ ճիշդ այս կէտին մէջ տկար եմ, եւ առանց օգնութեանդ պիտի չկարենամ յաղթահարել»։ Թող որ պահեցողութեան այս շրջանը Աստուծոյ եւ քու միջեւ կռիւի շրջան ըլլայ, որպէսզի Անկէ ուժ ստանաս, որով կարենաս յաղթանակել մեղքերուդ։ Պահեցողութեան ընթացքին դուն քեզ այս կռիւին համար մարզէ։

Օրինակ. դուն քեզ յիշէ ամէն անգամ երբ բարկութեան մեղքին մէջ իյնաս, Սուրբ Գիրքին համաձայն. «Գիտցէք թէ մեր բարկանալովը չենք կրնար Աստուծոյ արդար ծրագիրը իրականացնել» (Յկ 1.20). ամէն օր այս համարը յաճախ կրկնէ, մանաւանդ այն պարագաներուն՝ երբ բարկութիւնը կը պատերազմի քու դէմդ, եւ դուն քեզ զսպէ, ըսելով. «Ի՞նչ կը շահիմ պահեցողութենէս, երբ կը բարկանամ եւ Աստուծոյ ծրագիրը չեմ իրականացներ»։

2) Փորձել մի քանի սաղմոսներ գոց սորվիլ Սուրբ Պատարագի արարողութենէն։ Կարելի է եօթը աղօթքներէն՝ իւրաքանչիւր աղօթքէ մէկ կամ երկու սաղմոս ընտրել (Ղպտական ծիսակարգ), մանաւանդ այն սաղմոսներէն, որոնք հոգիիդ վրայ ազդեցութիւն կը գործեն։

3) Փորձել առօրեայ Աւետարանական հատուածները սորվիլ, կտրել ու մեկնել զանոնք։ Գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր աղօթք 3 կամ 6 կտոր կը պարունակէ (Ղպտական ծիսակարգ)։

4) Փորձել սորված անձնական աղօթքդ ընել, ըլլայ աշխատանքի, ճանապարհի, մարդոց հետ ըլլալու եւ կամ որեւէ մէկ ժամանակ։

5) Այդ աղօթքները, սաղմոսները եւ Աւետարանները որպէս միջոց օգտագործել խորհրդածելու համար, որպէսզի կարենաս հասկնալով ու խորութեամբ աղօթես։

6) Հոգեւոր գիրքերու ընթերցանութեան փորձ. ըլլայ Սուրբ Գիրքի ընթերցանութիւնը կանոնաւոր կերպով, աւելի շատ, հասկնալով ու խորհրդածելով… կամ սուրբերու վարքի ընթերցանութիւն, կամ ալ հոգեւոր գիրքեր, այնպէս որ պահեցողութենէն օգտակար արդիւնքով դուրս գաս այդ ընթերցումներուն միջոցաւ։

7) Մեծ պահքի ընթացքին կարելի է դուն քեզ փորձես լսելու (հոգեւոր) երգեր, որոնք Մեծ պահքի եւ Չարչարանքի շաբթուան յատուկ են, սորվելով ու կրկնելով զանոնք, եւ յագենալով անոնց ոգիով։

8) Դուն քեզ կրնաս մարզել պահքի որոշ մակարդակի, պայմանով որ ատիկա հոգեւոր հօրդ առաջնորդութեամբ ըլլայ։

9) Տակաւին բազմաթիւ փորձեր կան փոխյարաբերական կեանքին մէջ, ինչպէս օրինակ, մեղմութիւն, համբերութիւն, ուրիշներուն տկարութիւնները տանիլ, չբարկանալ, լաւ ու գովասանական բառեր օգտագործել, ծառայել ու օգնել ուրիշներուն, լաւութեամբ եւ համեստութեամբ վարուիլ մարդոց հետ։

10) Այլ փորձեր (սիրտը մաքրելու) համար։ Օրինակ. հեզութիւն, ներքին խաղաղութիւն, զԱստուած սիրել, ընդունիլ առանց տրտնջալու, հանգիստ ըլլալ առանց մտահոգուելու, ներքին ուրախութիւն ունենալ հոգիով, հաւատք եւ յոյս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022