ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի գործարար աշխարհի յայտնի դէմքերէն Գագիկ Ծառուկեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէ, միջոց մը առաջ յղացած էր առաջարկ մը՝ երկրէն ներս Յիսուս Քրիստոսի հսկայ արձան մը զետեղելու մասին։ Այդ առաջարկը միջոցէ մը ի վեր հրապարակային քննարկման արժանացած էր։ Մինչ հանրային կարծիքին վրայ թեր ու դէմ տեսակէտներ շրջանառութեան մէջ մտած էին, զուգահեռաբար յառաջացած էր սպասում մը, թէ այդ առաջարկին շուրջ ի՞նչ վերաբերմունք ունէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Այդ սպասման մթնոլորտին մէջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով յստակացած եղաւ այս նիւթին վերաբերեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերմունքը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան բնագիրը։

*

Մարտի 23-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածանի մէջ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) Հայաստանի անդամներու ժողով, որու ընթացքին ի թիւս այլ հարցերու քննարկուեցաւ նաեւ տիար Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ Հայաստանէ ներս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի արձան կառուցելու նախաձեռնութիւնը։ Արձանագրուեցաւ, որ ծրագրին առընչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը քննարկումներ ունեցած է տիար Գագիկ Ծառուկեանի հետ՝ յայտնելով պաշտամունքային առաւել եւս տէրունի արձանաշինութեան վերաբերեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ աւանդական մօտեցումները։ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը վերահաստատեց ԳՀԽ-ի մարտի 9-ի ընդլայնուած նիստին հարցի վերաբերեալ որդեգրուած դիրքորոշումը՝ հանդէս գալով հետեւեալ յայտարարութեամբ.

«ԳՀԽ բարձրօրէն կը գնահատէ տիար Գագիկ Ծառուկեանի եկեղեցաշինարարական անուրանալի ծառայութիւնները, որոնցմով ան մեծապէս նպաստած է եկեղեցւոյ հոգեւոր-քարոզչական առաքելութեան արդիւնաւորման։ Միեւնոյն ժամանակ, եկեղեցին ընդունելի չի համարեր մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի արձանի տեղադրումը՝ նկատի ունենալով, որ սա յարիր չէ Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր պատկերագրական եւ պատմամշակութային աւանդոյթին։ Եկեղեցւոյ համար ընդունելի կրնայ համարուիլ Փրկիչ մեր Տիրոջ հարթաքանդակի կառուցումը՝ «Ամենափրկիչ» խաչքարերու սկզբունքով։ ԳՀԽ-ի յորդորն է նախաձեռնութեան հեղինակներուն եւ մասնակիցներուն՝ զերծ մնալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աւանդոյթին հակասող նախագիծերէն եւ առաջնորդուիլ մեր ազգային-եկեղեցական մշակոյթին, եկեղեցաբանական եւ աստուածաբանական սկզբունքներուն համահունչ մօտեցումներով»։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022