Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Արդարացում, իր լայն առումով կը նշանակէ մաքրուիլ, սրբուիլ ամբաստանութիւններէ՝ յանցանքներէ որոնք վերագրուած են ենթակային եւ հաղորդելու արդարութիւնը։ Մարդ կրնայ ամբաստանուիլ իրաւացի պատճառներով, յայտնի յանցանքներով եւ նաեւ անիրաւ պատճառներով եւ ենթադրական, անհիմն յանցանքներով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

ԵՐԱՄ

Ամէն բանէ առաջ՝ ճամպրուկն է, որ կը յիշէ։
Միտքը կու գայ ամէն անգամ, երբ երեւանեան բակի մը մէջ պուլպուլակ փնտռելու ընթացքին, փայտէ հին պատշգամի մը տակէն անցած ատեն, կամ դեղին երթուղայինին մէջ նստած, ինքն իրեն հարց կու տայ. «ճի՞շդ ըրի»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Խումբ մը զբօսաշրջիկներ տարբեր երկիրներէ՝ Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, հայրենիքի մէջ կը կազմակերպեն իրենց ամառնային հանդիպումը: Խումբէն անդամ մը, հաւանաբար ամենէն հմուտը կամ տարածութեան ծանօթ անձը, կը ստանձնէ պտոյտներուն կազմակերպումը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

Վերանորոգեալ վեհարանի բացման առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած արարողութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի նստավայրը իսկապէս ֆիզիքական պայմաններու եւ գեղարուեստական յարդարանքի տեսակէտէ շատ բարձր մակարդակի մը հասած է, ինչ որ ուրախութիւն կը պատճառէ համայն հայութեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

ՍԾՏՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ենթակայ յանձնախումբի նիստի ծիրէն ներս:
Վահէ Էնֆիյաճեան հակադարձեց Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարի պնդումներուն:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսական շարժանկարի յայտնի ու համակրելի անուններէն դերասան Շարլ Ժերար (բուն անունով՝ Ժիրայր Աճէմեան)։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, ան երէկ իր մահկանացուն կնքած է Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով սեպտեմբերի 23-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Նիւ Եորքի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ էր այս հանդիպումը, որու սպասման մթնոլորտին մէջ չէր հրապարակուած թուականը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կը սգայ տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի վախճանումը:
Անթիլիասի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան կը գտնուի ո՛չ միայն քաղաքակրթութիւններու համախմբման, այլ նաեւ՝ քաղաքակրթութիւններու բախման խաչմերուկին։ Հայ Եկեղեցին եւ մեր հաւատքը եղած են ու կը մնան մեր ազգային ինքնութեան խարիսխը եւ յենարանը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ յառաջիկայ օրերուն Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք հանդիպումը այժմէն սկսած է առաջնահերթօրէն զբաղեցնել Թուրքիոյ օրակարգը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու միջմիութենական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանը, որուն կ՚ընկերանար Մարիամ Տրամէրեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Գէորգ Սիմքէշեան միեւնոյն ժամանակ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան բազմամեայ ատենապետն է ու կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երէկ թողարկուած դրուագները, բառին բուն իմաստով, պատկառանք ազդեցին համայն աշխարհի հայութեան։ Վեհարանի վերանորոգեալ, բարեզարդեալ եւ ընդարձակուած համալիրի բացման պաշտօնական արարողութիւնը իսկապէս շքեղ էր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աննան կրկնակի խանդավառուած էր։ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն երեկոյեան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնէր իր երազներու քաղաքը՝ Փարիզ։ Բաց աստի, ան առաջին անգամ պիտի հանդիպի իր սփիւռքահայ ազգականներուն, որոնց հետ ծանօթացած էր վերջերս համացանցի միջոցաւ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարին յոբելեանական է նահատակ գրող Մելքոն Կիւրճեանի համար. կը լրանայ անոր ծննդեան 160-ամեակը: Հայ գրականութեան եւ մամուլի մէջ իր ներդրումը կատարած այս մտաւորականը հարուստ կենսագրութիւն մը ունեցած է. ան տարիքով աւագն էր նահատակ գրողներուն:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ 

Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը եւ այն ինչ որ կայ անոնց մէջ, երեւելի եւ աներեւոյթ: Նիկիական հանգանակին մէջ կը դաւանինք այս:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կը յիշենք ճշմարտութիւն մը՝ թէ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը սկսին ընտանիքէն։ Դպրոցը եւ դաստիարակը մեծ մասամբ կը ձեւաւորէ, կը կաղապարէ եւ կը համակարգէ տղուն իր ընտանիքէն ստացած հիմնական կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը ունենալ Նիւ Եորքի մէջ։ Նախագահ Էրտողան այս շաբաթավերջին Նիւ Եորք պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019

Հան­րա­պե­տու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Ֆուաթ Օք­թայ վեր­ջին օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պա­քու, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Ան մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան հա­մա­տեղ տնտե­սա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի 8-րդ նիս­տին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի երէկ Անգարա կատարած այցելութենէն առաջ հանդիպում մը ունեցած է Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ։ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցած է այդ տեսակցութիւնը, որու կապակցութեամբ ատենապետ Շիրինօղլու մեզի փոխանցեց ամփոփ բացատրութիւններ։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019

Հանրապետութեան նախագահը երէկ յետմիջօրէին Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետն ու փոխ ատենապետը, որոնց հետ զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը: Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած ջերմ հանդիպման ժամանակ դրական հեռանկարներ ուրուագծուեցան՝ երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատման ուղղութեամբ, հակասական վիճակներու մթնոլորտինով հանդերձ։
Պետրոս Շիրինօղլու եւ Հերման Պալեան մայրաքաղաքէն երեկոյեան ժամերուն վերադարձան մեծ լաւատեսութեամբ: Գթութեան յարկի հանդիպակաց ընդարձակ տարածքին առկայ խնդիրներու յաղթահարման նպատակով աշխատանքները շուտով դարձեալ թափ պիտի ստանան: Յառաջիկայ քայլերու արդիւնքով ստեղծուելիք կացութիւնը վերստին պիտի արժեւորուի՝ Էրտողանի վերահսկողութեան ներքեւ։
Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին: Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ կանոնադրութեան վրայ։

Էջեր