Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընդամէնը ժամեր մեզ կը բաժնեն նոր տարեմուտէն։ Մերձաւոր Արեւելեքի կտրուածքով բախտառիթ տարի մը չեղաւ ոչ միայն ինն տարիէ ի վեր տագնապի մէջ տապլտկող Սուրիոյ, այլ նաեւ՝ արդէն իսկ տնտեսական բարդ դրութեան մատնուած Լիբանանին համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան պահեր՝ որ մարդ ինքզինք միս մենակ կը զգայ՝ երեւութապէս, բայց ընկերակցութեամբ Աստուծոյ։ Այս միայնակութիւնը առանց մարդկային ընկերակցութեան միայնակութիւն մըն է, բայց ընկերովի՝ Աստուծոյ։ Միայնակութիւն մը նաեւ՝ ընկերովի մտածումներո՛ւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ վիրահատութեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արմէն Սարգսեան վիրահատական միջամտութեան ենթարկուած է արտասահմանի մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան. «2020-ին մենք պէտք է աւելի շօշափելի դարձնենք դրական փոփոխութիւնները»:
Հայաստանի պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին այցելեցին «Եռաբլուր» պանթէոն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամանորի ներկայ տօնական շրջանին յատկանշական հանդիպում մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գօտեպնդեցին հաշմանդամ զինուորներ:
Թուրքիոյ մէջ արտադրուած ինքնաշարժը երէկ առաջին անգամ ներկայացուեցաւ պատմական հաւաքոյթով մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ընդգծեց, որ երկիրը պիտի տիրանայ կլոպալ վաճառանիշի մը:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Տղաքը փայլուն յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Հակադրութիւններ տեսնելու մարդ արարածի ընդհանրութեան մէջ այնքան է տարածուած, որ ամէնուր զայն ելակէտի հետ է փոխարինուած. Սեւի դէմ՝ ճերմակը, գիշերուան դէմ՝ ցերեկը, բարութեան դէմ՝ չարիքը, մահուան դէմ՝ ծնունդը…
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մենք բոլորս ալ առցանց բարեկամներ եւ իրական կեանքի՝ անցանց բարեկամներ ունինք: Անշուշտ երկու պարագային ալ կան առաւելութիւններ եւ անպատեհութիւններ, որոնց երբեմն չենք անդրադառնար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն քաղաքին մէջ՝ ուր ծնած եմ, երբեք տարբերութիւն չեմ նկատած, չեմ խորհած, թէ ճիշդը ո՛ր եկեղեցին յաճախելն է։ Քրիստոնեաներս գեղեցիկ մօտեցում մըն ալ ունինք, երբ բարձրագոչ կը յայտարարենք, թէ «բոլորը Աստուծոյ տուներն են, եւ հոն ուր ծունկի կու գաս եւ աղօթք մը կ՚ընես, հոն զԱստուած պիտի գտնես...»։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ տարի, վերամուտին, Հալէպի Ազգային ճեմարանի նորեկ աշակերտներէն էի, ու գեղեցիկ զուգադիպութեան մը իբրեւ արդար հետեւանք՝ շրջանի Համազգայինն ալ կը պատրաստուէր յառաջիկայ գարնան մշակութասէր հանրութեան ներկայացնել Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին» եւ կը փնտռէր թէ՛ տարիքով եւ թէ՛ հասակով յարմար «դերասանցու» տղաք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի եւ մարդուն ծագումին հարցը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու, որոնք ճոխացուցած են մեր ճանաչումները տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներու լինելութեան մասին, մարդուն երեւումին մասին։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։
Հարպիյէի Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ (CRR) համերգասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ «Կեդրոնական, ջահդ վառ» կարգախօսով կազմակերպուած համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ մը։
Երեկոյթը պատուեց Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որու ընկերացան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցան յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներ ու մանուկներ:
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց ծնողներու եւ խնամակալներու կողմէ ցուցաբերուած զոհաբերութեան ոգին:
Արաբերէն թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աշխարհահռչակ բանաստեղծ, փիլիսոփայ, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ քննադատ Ատոնիս (բուն անունով՝ Ալի Ահմատ Սաիտ Էսպէր) ծնած է Սուրիոյ ծովափնեայ Ճէպլէ քաղաքի Քասսապին գիւղը՝ 1 յունուար 1930-ին, աղքատ եւ այգեգործ ընտանիքի մը մէջ:
ԵՐԱՄ
Վերջին անգամ մը ետեւ նայեր էր, ձեռք ըրեր էր սիրած մարդուկներու այդ խումբին. երեք թոռնուհիները՝ Անուշը, Լիլօն եւ Թագուհին, որդին՝ Ալպերթը, եւ հարսը՝ Սօնան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ իր ստեղծագործութենէն կոչուած է կատարելութեան, բարեփոխութեան եւ միշտ աւելի յառաջդիմութեան։ Մարդ քանի որ ստեղծուած է իր Արարչին՝ Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ, ուրեմն պէտք է նմանի Անոր եւ կատարեալ ըլլայ, որովհետեւ Ան կատարեալ է։
Սուրիոյ տագնապը վերջին շրջանին վերստին արիւնալի իրադարձութիւններով կը զուգորդուի։ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ ղեկավարութեան զօրքերը Իտլիպ քաղաքի հարաւին կ՚իրականացնեն գործողութիւններ, որոնք կը թիրախաւորեն նաեւ քաղաքային ժողովուրդը։
Ամերիկահայութիւնը Ամանորի ներկայ շրջանին լուրջ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ընկերային անհրաժեշտ զօրակցութեան գետնի վրայ:
Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի (COAF) տարեկան ընթրիքին արդիւնքով գոյացաւ աւելի քան 6 միլիոն տոլար, ինչ որ պիտի յատկացուի 51 գիւղերու ծրագրերուն: