Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մուշեղ Իշխան, իսկական անունով՝ Մուշեղ Սրապիոնի Ճենտերէճեան, ծնած է 1914-ին Սիվրիհիսար։ 1923-ին, ընտանիքը հաստատուած է Դամասկոս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արդեօք երկիւղին եւ նուիրականին զգացումները քրիստոնեա՞յ զգացումներ են։ Ո՛չ ոք կարող է տրամաբանօրէն տարակուսիլ այս մասին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարին եւս դիմաւորած էինք նոր յոյսերով, ակնկալութիւններով, սակայն դեռ ներկայ տարուան սկիզբին աշխարհ դէմ յանդիման եկաւ Չինաստանէն տարածուած քորոնա ժահրի՝ թագաժահրի սպառնալիքին հետ։ Բազմաթիւ երկիրները մտահոգութեան մղած է ժահրի տարածման վտանգը, ինչպէս որ ան պատճառ եղած է տասնեակ մարդոց մահուան։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր գահակալութիւնը արդէն իսկ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած է համայնքային շրջանակներէ ներս։ Այսօրերուն՝ Պատրիարք Հայրը հովուապետական այցելութիւններու կու տայ եկեղեցիներուն եւ առիթը կ՚ունենայ իր անդրանիկ պատգամները փոխանցելու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ընթացք առած են բազմաբեւեռ քննարկումներ, որոնք լոյսին կը հանեն յառաջիկայ ապրիլ ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Սահմանադրական հանրաքուէին դրական ու ժխտական երեսակները, այդ հանրաքուէի կարեւորութիւնը, իրաւացիութիւնը, անտեղի ըլլալը, կամ նոյնիսկ անհրաժեշտութիւնը։
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Պալքաններու մարմնամարզի ախոյենութիւնը։ Սա 25-րդ առաջնութիւնն էր, որուն մասնակցեցաւ 21 երկրի հաւաքական։ 8-րդ անգամ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որու մասնակից մարզիկներու թիւն էր 136։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջին երեք տասնամեակներու իրադարձութիւնները պատմականօրէն շատ յատկանշական ժամանակաշրջաններու մէջ խմորուած են։ Այդ պատմական նշանակութիւնը սահմանափակուած չէ միայն հակամարտ կողմերով, այլ՝ ի զօրու է նաեւ միջազգային առումով։ Թէեւ հարցը շատ աւելի խոր անցեալ մը ունի, սակայն հակամարտութեան նորագոյն փուլի սկիզբը կը բնորոշուի 1988 թուականի տխուր դէպքերով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին եւ Իտլիպի կացութեան։ Անգարայի ղեկավարութիւնը ներկայիս բոլոր հարթակներու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ Իտլիպի պարագային ստեղծուած կացութեան շուրջ։ Ուաշինկթընն ալ ընդհանուր առմամբ կ՚աջակցի թրքական կողմին։
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները բաց ասուլիսի մը մասնակցութիւն բերին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած յատուկ նիստը առիթ ընձեռեց, որպէսզի Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ ներկայացնեն հակամարտութեան վերաբերեալ իրենց մօտեցումները: Միջազգային մասնագէտներու անմիջական հետաքրքրութեան արժանացած բանավէճին նախորդեց նաեւ մօտաւորապէս կէս ժամուան առանձնազրոյց մը:
Բանկալթիի մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ նոր ճաշարան մը։ Այսպէս, «Զաֆէր» փողոցի մէջ հաստատուած է Գոց շուկայի նշանաւոր «Önder Köftecisi»ի մասնաճիւղը։
Նշանթաշիի մէջ վերջերս գործել սկսած է EMPATİST հոգեբուժական դարմանատունը, որու պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Չորս գործընկերներու համատեղ նախաձեռնութեամբ հիմնուած է այս դարմանատունը։
Գարակէօզեան Տան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Տարեմուտին նախատեսուած, սակայն ակամայ յետաձգուած այս խրախճանքը կեանքի կոչուեցաւ Բարեկենդանի ընդառաջ։
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է Պատարագը:
Պատասխան. Պատարագը մեր Տիրոջ Քրիստոսի Մարմինին ու Արիւնին անարիւն զոհն է, որ Քրիստոս Ի՛նք ու Քրիստոսի Եկեղեցին Աստուծոյ կը մատուցեն՝ քահանաներուն միջոցով, հացի ու գինիի խորհրդանիշով՝ ի յիշատակ Սուրբ Խաչի Պատարագին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ Լիբանանը»… Մեր հարցումներուն Երեւանի մէջ պատասխանեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան ինստիտուտի արաբական երկիրներու բաժնի վարիչ, Երեւանի Պետական համալսարանի արաբագիտութեան ճիւղի տոցենթ, Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լիլիթ Յարութիւնեան։
«Ապագայ» շաբաթաթերթի խմբագրականը. Բաժանել եկեղեցին կը պառակտէ Ուինզըրի համայնքը:
Անթիլիասի կողմէ Գանատայի թեմէն ներս առնուած քայլը ծնունդ տուած է բուռն հակազդեցութեան ալիքի մը:
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ քննարկում՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կը մասնակցին Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սաւառնակի մը մէջ ճամբորդող մէկու մը համար, սովորական պայմաններու տակ, աւելի խոր է գիտակցութիւնը «սաւառնակ»ի մեծութեան քան թէ երկնակամարին՝ որուն անսահման տարածութեան հետ բաղդատմամբ՝ ան հազիւ թէ ոսպի հատիկէ մը աւելի է։
Ինչո՞ւ համար արդեօք
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Քանի մը տարի առաջ էր, երբ տղաս իր մանչուկին ծննդեան տարեդարձին, իբրեւ լաւագոյն նուէր, «Այ ֆոն» կոչուած հեռաձայն մը գնած էր եւ այդ ձեւով ալ՝ մեր թոռնիկին օրը շէնցուցած: Անսահման ուրախութիւն:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հնատիպ 22 գիրքերուս մէջ աչքառու է հնագոյնը՝ ԺԸ դարու Ձեռաց Շարակնոցը իր ետին գտնուող Յիշատակարանով, ինչպէս նաեւ Շարակնոցին յաջորդ տպագրութիւնը 1850 թուին. երկուքն ալ տպագրուած Կ. Պոլիս։ Երրորդ հրատարակութիւն մը եւս ունիմ Երուսաղէմ հրատարակուած 1936 թուին։
Սուրիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով 1915-ի դէպքերը ճանչցաւ՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Որոշման մէջ միեւնոյն ժամանակ կը դատապարտուի ցեղասպանութիւնը։