Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, երբ օր մը ձեր սենեակէն ներս, գրասեղանիդ վրայի համակարգիչին դիմաց նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր, առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար.-
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սոյն յօդուածը գրուած է 2 նոյեմբեր 2020. այսինքն՝ 10 նոյեմբերին Ատրպէյճանի, Հայստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած եռակողմ համաձայնագիրէն առաջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• Վերջին մօտ մէկ տարուան ընթացքին յաճախ մտածումներուս մէջ տեղ գտած է այն միտքը, թէ Հայաստանի մէջ 2018-ին կատարուածը ո՛չ թէ յեղափոխութիւն էր, այլ՝ պարզապէս իշխանափոխութիւն, չըսելու համար սեղաններուն տակէն եւ փակ դռներու ետեւէն համաձայնացուած իշխանափոխութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած իմաստութեամբ կը ստեղծէ, ուրեմն արարչագործութիւնը բարեկարգ է եւ անոր մէջ երբեք չար գոյութիւն չունի։ Մարդուն իմացականութիւնը քանի որ մասնակից է աստուածային Իմացողութեան լոյսին, կարող է՝ թէեւ մեծ ճիգով եւ միանգամայն Արարչին եւ Անոր գործին հանդէպ խոնարհութեան ոգիով եւ յարգանքով, իմանալ ի՛նչ որ Աստուած կ՚ըսէ մարդուն իր արարչագործութեամբ։
Իմ գիտակից ամբողջ տարիքին, վաղ մանկութենէն սկսեալ, այս օրերուն տեսակ մը ոգեւորութիւն կը զգայի՝ շուտով Նոր տարի է, կ՚ըլլան նուէրներ, կը հանդիպիմ ընկերներուս, բարեկամներուս, դպրոց (համալսարան, աշխատանք) չ՚ըլլար, հանգիստ կը տրուիմ գիրքերուն։ Այդպէս էր ամէն տարի։
Ամանորի գիշերը Ջաւախքէ ներս պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ «www.tert.am»ի հաղորդումներով, Ամանորի գիշերը Ախալքալաքի մէջ 33 տարեկան հայ երիտասարդ մը սպաննուեցաւ։ Շրջանի բնակիչներէն մին յիշեալ աղբիւրին տեղեկացուց, որ տեղի ունեցած է բանավէճ մը, որուն յաջորդած է կրակոց մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի եւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Լաւրով անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն։
Տարեմուտի առթիւ, Սուրբ Ծննդեան տօնին ընդառաջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կատարեց շարք մը հայրապետական այցելութիւններ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Կոտայքի թեմէն ներս այցելեց Ծաղկաձորի ճամբարը, ուր ապաստանած են Արցախէն ընտանիքներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021 թուականի սկիզբին առթիւ պատգամ մը փոխանցեց իր աշխարհացրիւ հօտին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի Ամանորի պատգամը։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս տարեմուտը եւս բնորոշուեցաւ աւանդական նռնօրհնէքով։ Պատրիարքական Աթոռի օրհնութեան ներքեւ մեր համայնքը դիմաւորեց 2021 թուականը եւ այժմ բոլորը կը սպասեն զիրար ողջունելու Ս. Ծննդեան տօնական աւետիսով։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կեանքէն տարեթիւ մըն ալ գլորեցաւ, անցաւ...
Լաւը, վատը մէկդի՝ պարտ ենք տարուան հրաժեշտ տալ եւ հրաժեշտի պահուն խոկում մըն ալ նուիրել ակնթարթներուն, անցեալ դարձած ցաւերուն, որոնք իրենց խորութեամբ անբաժան են մեզմէ, բայց պէտք չէ խախտել արարողակարգը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն. յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց. նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն. յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց. նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Անգամ մը եւս մեր իղձերու իրականացման յոյսերով նոր տարիի մը սեմին կը գտնուինք։ Անցեալ տարիներուն ալ նոյնպէս նոր տարուայ վրայ մեծ յոյսեր դրած էինք, սակայն այդ սպասումներէն ոմանք իրականացան, ոմանք ալ ոչ, բայց օրեր ու տարիներ անցան գացին…
ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Կ՚ապրինք չափազանց զգայուն ժամանակ մը, եւ վիրաւորել հարազատ մարդկանց կը նշանակէ անձդ վարկաբեկել։ Ո՞վքեր են այդ հարազատները…
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Իւրաքանչիւր Ամանորի սեմին նախ մեր անհատական կեանքէն ներս կը սկսի յուզումնախառն եռուզեռ մը, տօնածառը զարդարելու, տօնակատարութեան մասին ծրագիրներ մշակելու, Ամանորը ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորման միջոցները որոնելու մտազբաղմունքով։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Տիմոթէոսը Պօղոս առաքեալի հոգեւոր զաւակն էր։ Այս նամակը Պօղոս առաքեալ կը գրէ Տիմոթէոսի՝ որպէս յորդոր երբ բանտի մէջ էր:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ահաւասիկ կը մօտենանք բոլորելու 2020 տարին, որ աշխարհի տարածքին դարձաւ ընդհանրապէս մահուան եւ մարդկային անկարողութեան խորհրդանիշը։ Աշխարհասասան քորոնա համավարակով անցած օրերը տեսնելէ յետոյ, գոհութիւն եւ փա՜ռք մատուցանելու ժամանակը հասաւ Աստուծոյ՝ Ամենակալին ողորմութեան։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ,
Մենք փառահեղ պատմութիւն ու մշակոյթ ունեցած ենք, այո՛, սակայն միաժամանակ անոնց գերեզմանափորն ալ ինքներս եղած: