Արխիւ
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Աշխարհը եւ մարդիկ ի լուր Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդին, նոր արշալոյսի մը ջերմ փափաքով կ՚ուզեն առաջնորդել իրենց կեանքը։ Քրիստոնեայի հաւատքի կեանքին առանցքն է վարդապետի հրաշալի Յարութիւնը, քանզի այն կը խորհրդանշէ նոր կեանք։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին կը տօնախմբէ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։ Տօնական աւետիսով կը վերահաստատուի, կը վերանորոգուի աշխարհացրիւ հայութեան հոգեւոր միասնականութիւնը։
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Յարութեան շունչն է ահա, ջարդակոտոր Ա՛զգըդ իմ,
Հորիզոնէն ծայր տըւած, ու կը փըչէ մարմնոյդ վրայ…
Ամայութի՜ւն լըռութիւն… Օրօրոց չէ. այլ շիրի՜մ
Երկիրն ամբողջ՝ ուր երէկ դուն զոհուեցա՜ր անխընայ…
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Յովհաննու Աւետարանիչ իր գրութիւններուն մէջ իւրայատուկ մօտեցում-դիտարկումներ ունի բաղդատած Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչներուն։ Ան գրած է առաւելաբար Քրիստոսի յետյարութեան իրականութեան մասին։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տակաւին կը յիշեմ: Յունուարի խթման գիշերն էր, երբ եկեղեցիէն ետք, հարազատներով աւանդական սեղանին շուրջ բոլորուած, կ՚ընթրէինք:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհութիւն եւ փառք անզուգական Յարուցելոյն, որ տարի մը եւս Քրիստոնէական հաւատքի ամենէն հարազատ եւ հիմնական աւետիսը ամենայն ազդեցութեամբ կ՚արձագանգէ մեր օճախներէն ներս.
«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ Յարութիւն եւ կեա՛նք» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։
Քրիստոնէական հաւատքին առանցքն է Քրիստոսի այս խօսքը։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։ Այս վերջինը այցելած էր նաեւ Պաքու։
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի հետ։ Երկու հրամանատարները հանդիպման ընթացքին քննարկեցին անվտանգութեան ապահովման եւ համագործակցութեան կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ զգուշացումներով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Յայտարարութիւններ կը հնչեն հարցի լուծման յոյսը վերստին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին հետ կապելու վերաբերեալ։
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ որոշեց փոփոխութեան ենթարկել երկրի ընտրական օրէնսգիրքը:
Յունիսի 20-ի կանխահաս խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ հաստատուեցաւ պարզ համամասնական դրութիւն:
ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի ծիրէն ներս տեսակցութիւններ:
Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ իր պաշտօնակիցներուն՝ Արա Այվազեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի կատարած հրաշքները՝ որոնց կը վկայեն Սուրբ Աւետարանները, կը հաւաստիացնեն, թէ Հայրը առաքեց զԻնք։ Հրաշքները, արդարեւ, կը հրաւիրեն մարդը՝ հաւատալու, քանի որ մարդկային միտքը թերի է եւ տկար հասկնալու այն ամէն ինչ, որ կը պատահի իր շուրջը։
ԵՐԱՄ
Կնոջը խնդրեց, որ վարը սպասէ։ Մինակը պիտի բարձրանար, որ կողակիցը չտեսնէր հնարաւոր տուայտանքները, հարուածները գուցէ, զորս ինք կրնար ստանալ բարձրանալով այնտեղ, աւելի քան տասնհինգ տարի վերջ։
Մեր երաժշտական աշխարհէն ներս այս շրջանին կը փայլի համակրելի մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուի աստղը, որ գեղարուեստասէրներու ուշադրութեան կ՚արժանանայ իր կատարողական կարողութիւններով եւ դիպուկ ձայնով։
Երէկ, Աւագ հինգշաբթի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն։ Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ կատարուեցաւ այս տարուան Ոտնլուան։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Այս տոպրակը կարելի՞ է զամբիւղին մէջ ձգել, մինչեւ առեւտուրս աւարտեմ:
Կը հարցնէ տարեց յաճախորդը խանութի աշխատողին, երբ ձեռքէն ծանր տոպրակը գետին դրուած զամբիւղին մէջ կը տեղաւորէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Չենք կրնար ըսել, որ Իսրայէլի մէջ կայացած վերջին արտահերթ ընտրութիւնները (չորրորդը վերջին երկու տարուան ընթացքին) խաղաղ շրջան մը պիտի բերեն երկրին (խաղաղը ամբողջականօրէն կապ ունի քաղաքական հարթակի զարգացումներուն հետ), որովհետեւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի ղեկավարած «Լիքուտ» կուսակցութիւնը չկարողացաւ հաւաքել կառավարութիւն կազմելու համար բաւարար աթոռներ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Ռումանիոյ դիմաց։ 2022 թուականին նախատեսուած Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներու ծիրէն ներս, Եւրոպայի գօտիի «J» խմբաւորման հանդիպումներու շարքին տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռումանիա երէկուան խաղը։