Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքարը։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն նոր սերունդին ուղղեալ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններ:
«Զնտուկ» մանկավարժական աղբիւրներու արեւմտահայերէն նորահաստատ կայքէջը կը ներկայացուի այս շաբաթավերջին:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021

Փաշինեան-Փութին զրոյց Մոսկուայի մէջ. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը մնայ անլոյծ»:
Ռուսաստան առանցքային դերակատարութիւն ունի Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ Վենետիկի մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքի արձագանգները կը շարունակուին։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ «Առողջապահական անվտանգութիւն. քորոնաժահրի համավարակի մարդասիրական մարտահրաւէրները» խորագրեալ քննարկումը, որ մաս կազմեց «Aurora Dialogues»ի շարքին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն այցելեց Պելկրատ, ուր մասնակցեցաւ Չմիաւորման շարժման հիմնադրութեան 60-ամեակի բարձր մակարդակի յոբելենական հանդիպման։ Սերպիոյ մայրաքաղաքին մէջ նախարարը ունեցաւ նաեւ երկկողմանի շփումներ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք կը քննարկեն Երեւան-Մոսկուա դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, ինչպէս նաեւ կ՚անդրադառնան համարկման միաւորումներու ապագայ համագործակցութեան վերաբերեալ խնդիրներու։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հռոմ, ուրկէ Վենետիկ անցնելով մասնակցեցաւ «Աւրորա»ի տարեկան մրցանակաբաշխութեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ հիւսիսէն Թուրքիա ուղղուած յարձակումները բաժակը յորդեցուցած են։
Երէկ, Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի ժողովը, որ տեւեց երեք ժամ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վարդան Մատթէոսեանի նոր գիրքը Լոնտոնի մէջ։ Հեղինակին կողմէ կատարուած անգլերէն աշխատութիւն մը կը բովանդակէ այս գիրքը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Արցախի պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի առաջին հանդիպումը:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը, Համայն Ռուսիոյ պատրիարքն ու Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամը ժամադրուած Մոսկուայի մէջ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Գումգաբուի մէջ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին համար կարեւոր տնօրինութիւն:
Պատրիարքարանի համալիրէն ներս հաստատուած բաժանմունքը կը նախատեսէ աշխատանքի արդիւնաւէտ համակարգումը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ աշխատիլ՝ ձեռքբերումներ ապահովելու համար եկեղեցապատկան կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորման ճանապարհին։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները այս շրջանին ձեռնամուխ եղած են եկեղեցապատկան զանազան կալուածներու վերանորոգման աշխատանքին, ինչ որ յաջորդ քայլափոխին նոր ու կայուն հասոյթներու դուռ բանալու հեռանկարը կը ստեղծէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս խորագիրը կը պատկանի հայրենի երիտասարդ թատերագէտ Նուարդ Ասատրեանին, որ կեանքէն հեռացաւ 2019 թուականին: Ան պոլսահայ թատրոնի մէջ դերակատարում ունեցած հայերու մասին գրած էր յօդուած մը, որուն մէջ զատ անդրադարձած էր Երանուհի Գարագաշեանին, զայն անունանելով «Երեւելիներէն, գուցէ ամենէն բախտաւորը»:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Շարունակելու համար մեծանուն Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի մեծարժէք «Ազգապատում» երկը, հաւատք եւ յարատեւ աշխատանք կը պահանջէր, որուն ձեռնարկեցի որպէս երախտարժան աշխատանքս ի յիշատակ մեծ հեղինակին, որուն երեք հատորները հասցուցեր էր մինչեւ 1910 թուականը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց.
-Ինծի համար չէ որ այս ձայնը եկաւ, այլ՝ ձեզի համար» (Յհ 12.30):

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հիմա արդէն լրջօրէն սկսած եմ խորհիլ տեսնելու ու դիտելու զանազանութեան մասին, որոնք երեւութապէս նո՛յն աչքով կը կատարուին, սակայն ուղեղին մէջ երկու տարբեր ընթացք կը ստանան: Շատ անգամ մարդ արարածը կը փորձէ այս երկու ճշմարտութիւնները շաղախել՝ տեսնելու համար դիտել փորձելով, սակայն շատ անգամ կը կատարուի անսպասելին. պարզապէս կը տեսնես:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ հետեւողական գործունէութիւն ծաւալել՝ արեւմտահայերէնի յարատեւութիւնը ապահովելու ու մանաւանդ՝ նոր սերունդի կողմէ անոր իւրացումը խրախուսելու նպատակով։ Հիմնարկի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վերջին շրջանին «Երդիք» առցանց նոր ծրագրի օգտագործումը սկսած է։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ յիշատակութիւն մը։ Այսպէս, երէկ կղզիի բարձունքին Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021

Գրող Լետա Պոյաճըի գիրքերը կը շարունակեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ան ցայսօր հեղինակած երկու գործերով արդէն ունի համակիրներու անանտեսելի շրջանակ մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021

Ոսկերիչ եւ ադամանդագործ վարպետները վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցան «Istanbul Jewelry Show»ին, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 50-րդ անգամ։ Մեր համայնքէն ալ բազմաթիւ արհեստաւոր վարպետներ ներգրաւուած էին այս մեծ ցուցադրութեան։

Էջեր