Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը փնտռեն խոհեմին սիրտն ու իմաստունին ականջը:
Պատասխան. Սողոմոն Իմաստունը կ՚ըսէ. «Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ» (Առ 18.15):
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը ե՛րբ եւ ի՛նչ փուլի մէջ ալ դադրի՝ Պենիամին Նեթանիյահուի եւ «Համաս»ի քաղաքական վախճանը պիտի բնորոշէ անխուսափելիօրէն:
Թէեւ այս պահուն պայմանները բաւարար չափով յստակ չեն ենթադրութիւններ ընելու համար, սակայն աստիճանաբար պիտի բիւրեղանան տարածաշրջանի շահողներն ու կորսնցնողները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընկերութիւն մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու օրկանական կապով՝ միութեան սկզբունքի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։
Ընկերութիւն մը ըլլալով միանգամայն տեսանելի եւ հոգեւոր համախմբում մը, կը համընթանայ ժամանակին մէջ. ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ ականջալուր եղայ երկու հարբածներու խօսակցութեան՝ որոնք օղիի ազդեցութեան տակ հայ ազգին, ինչպէս նաեւ Արցախին խնդիրները լուծել կը փորձէին: Պետական մարմինները այնքան լուրջ քննարկում ու վերլուծում չէին կատարած՝ ինչքան այդ երկու ընկերները, որոնք իրարու ամբողջութեամբ հակառակ համոզումներ ունենալով հանդերձ համամիտ էին միմեանց կարծիքներուն:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը պատրաստ է սահմանը բանալու եւ ներկայիս գնդակը կը գտնուի թրքական կողմի դաշտին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցւոյ Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը, որուն հետ ողջագուրուեցաւ եղբայրաբար։ Հիւր պատրիարքը Իսթանպուլ կ՚այցելէ՝ ասորի ուղղափառ համայնքի՝ Եշիլգիւղի Ս. Եփրեմ նորակառոյց եկեղեցւոյ պաշտամունքի բացման եւ անդրանիկ Ս. Պատարագին առթիւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմի առկայ մթնոլորտին մէջ զգուշացուց. «Անդունդի եզրին ենք»։ Ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց, որպէսզի Իսրայէլ թոյլ տայ դէպի Կազզէ մարդասիրական օժանդակութեան, իսկ «Համաս»ն ալ ազատ արձակէ գերիները։
Հայաստանի կառավարութիւնը կազմակերպեց՝ 149 ուղեւորով Թել Աւիւ-Երեւան յատուկ թռիչք մը:
Պայտըն Իսրայէլ կը ժամանէ: Թուրքիա մշակած է խաղաղութեան ծրագիր մը՝ երաշխաւորներու դրութեամբ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ելոյթով մը հանդէս կու գայ Եւրոխորհրդարանին մէջ։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Սթրազպուրկ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան այցելեց Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլին։ Սա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ քաղաքավարական այցելութիւն մըն էր՝ Տաւուտ Կիւլի կուսակալ նշանակման կապակցութեամբ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան, որ երկար տարիներ բազմաբնոյթ պաշտօններու գլուխը արդարացուցած է ինքզինքը, այժմ իր առջեւ ունի ծառայութեան նոր հորիզոն մը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի բարեջան առաջնորդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սրբազան դառնալէ վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Միջին Արեւելքի դիմագրաւած պատերազմները մշտանորոգ հարցերու դիմաց կը կանգնեցնեն հայութիւնը: Մէկ դարու տեւողութեամբ՝ նոյն կրկնուող արհաւիրքները, նոյն անորոշութիւնները, նոյն ուղղուածութիւններու տարրաբաժանումները՝ կը վերաձեւաւորեն գոյութենական հարցեր, կայանալ-կազմաւորուելու չնուաճուած տեսլականներ եւ յետաձգուած-չլուծուած խնդիրներ:
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծագած հրդեհը կը շարունակէ միջազգային օրակարգի կիզակէտին մնալ՝ մինչ համաշխարհային գետնի վրայ մեծ մտահոգութիւն կը տիրէ Իսրայէլ-Պաղեստին առկայ պատերազմի ողբերգական հետեւանքներուն եւ հաւանական ընդլայնման հեռանկարներուն բերումով։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան շաբաթավերջին համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ համախմբեց հոծ թիւով երաժշտասէրներ, որոնք ջերմօրէն ողջունեցին Արա Մալիքեանը։
Շաբաթավերջին Արցախի մայրաքաղաքը Ստեփանակերտի մէջ պաշտօնապէս ծածանիլ սկսաւ Ատրպէյճանի դրօշը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Արցախի նախագահի ապարանքի շէնքին առջեւ ան պաշտօնապէս բարձրացուց իր երկրին դրօշակը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Ատրպէյճան Ռուսաստանի համար երթուղի մըն է դէպի հարաւ, դէպի Իրան եւ Թուրքիա՝ թէ՛ ցամաքէն եւ թէ Կասպից ծովու միջոցաւ, իսկ սա այժմու պայմաններով շատ աւելի կարեւոր առաջնահերթութիւն մըն է Ղարաբաղի վերաբերեալ հանգամանքներուն բաղդատմամբ, որովհետեւ Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով այժմ փակ են Եւրոպայի սահմանները»:
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Թոմաս տը Վաա, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած ծաւալուն հարցազրոյցին ժամանակ, Զանգեզուրի միջանցքի բացման հաւանականութիւնը մեկնաբանելու ժամանակ կը վերյիշէ 1918-1920 թուականներու իրադարձութիւնները. «Հայաստանի եւ Արեւմուտքի տեսակէտէ ցաւալի է տեսնել Մոսկուա-Պաքու-Անգարա առանցքը, ուր Հարաւային Կովկասի պարագային կան ընդհանուր շահեր»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք ներկայացնել Ակաթա Քրիստիի անհետացման 11 օրուան մասին պնդումներն ու տեսութիւնները։
Բրիտանացի յայտնի գրող Ակաթա Քրիստի կը շարունակէ մնալ գրեթէ բոլոր գրասէրներու ուշադրութեան առարկայ՝ նոյնիսկ իր մահէն շուրջ կէս դար յետոյ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անձերու կամ մարդկային խումբերու վրայ կատարուող գիտական, բժշկական կամ հոգեբանական փորձարկումները կրնան սատարել հիւանդներուն բուժումին եւ հանրային առողջութեան յառաջդիմութեան։
Գիտական հիմնահետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ գործառնական հետազօտումը, յատկանշական արտայայտութիւն մը կը հանդիսանան մարդուն արարչագործութեան վրայ բանեցուցած տիրութեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր եթէ մէկը ձեզի ըսէ, թէ հայրենասէր է, երբե՛ք չհաւատաք, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը իսկութեան մէջ ամբողջութեամբ իմաստ ու նշանակութիւն ունի՝ քան այն ինչ որ այսօր կը կարծենք: