Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան քսան կա­խա­ղան­նե­րը ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցան Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Փա­րա­մա­զի ան­ձին մէջ խորհր­դան­շուած այս քսան յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պուած էր «Նոր զար­թօնք»ի կող­մէ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հակառակ տարածքին փոքրութեան, Հայաստան տակաւին ունի բազում գեղեցկութիւններ, որոնք դեռ չեն բացայայտուած, սակայն չեն զիջիր յայտնի վայրերու հրապոյրին:
Սոճուտ, Լոռեբերդ, Հնեվանք եւ այլ նման վայրեր հետզհետէ ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ իրենց առթած աննկարագրելի տպաւորութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դար­ձեալ եւ մի՛շտ ան­կեղ­ծու­թիւն։ Քա­նի որ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լաւ մշակ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայման է, էա­կան տարր մըն է ան­կեղ­ծու­թիւ­նը։ Բա­րո­յա­գէտ­ներ, ըն­կե­րա­բան­ներ, եւ նաեւ հո­գե­բան­ներ կ՚աշ­խա­տին կա­նո­նա­ւո­րել մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ եր­ջա­նիկ կեանք մը ա­պա­հո­վել մարդ­կու­թեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Այն ինչ, որ պա­տա­հե­ցաւ Իտ­լի­պի մէջ, անս­պա­սե­լի չէր: «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տի զի­նեալ­ներ մուտք գոր­ծած են տիւր­զի­նե­րով բնա­կե­ցուած «Քալպ Ալ Լաուզ» ա­ւա­նը, ուր սպան­նած են քսան տիւր­զի­ներ:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը հար­ցուի, թէ Աս­տուած ին­չո՞ւ ստեղ­ծեց «չար»ը, կամ ին­չո՞ւ ար­տօ­նեց չա­րու­թեան։ Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ անդ­րա­դար­ձած էինք, թէ Աս­տուած չէ՛ ստեղ­ծած «չար»ը, քա­նի որ «չ­»ա­րա­րած է, այ­սինքն ստե­ծուած չէ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նը բե­ղուն եւ ե­ռան­դուն տա­րեշր­ջան մը բո­լո­րեց։ Իսկ ա­շա­կերտ­նե­րը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէին վեր­ջըն­թեր օ­րուան, երբ պի­տի ներ­կա­յաց­նէին խրախ­ճանք մը, որ յատ­կա­ցուած էր մայ­րե­նիին:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Տա­րե­վեր­ջեան ո­գե­ւոր հան­դի­սու­թիւն մը կա­յա­ցաւ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Նոր դպրո­ցի կա­ռուց­ման հե­տե­ւան­քով հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պա­քըր­գիւղ մար­զա­կում­բի սրա­հին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ հա­մախմ­բուե­ցաւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Դպրո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ ըն­թա­ցա­ւարտ­ներ մէկ­տե­ղուե­ցան բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուան մը հան­դի­սա­ցաւ այս տա­րուան ու­սում­նակրթա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ Օրուան յայ­տա­գի­րը սկսաւ տնօ­րէն Շա­հին Չը­նա­րի բաց­ման խօս­քով, որ յոր­դոր­ներ տուաւ տղոց եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ի­րենց։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Տա­րե­վեր­ջեան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը տի­րեց նաեւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Այս­պէս, ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ նշե­ցին Ըն­թերց­ման տօ­նը։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Սե­բաս­տա­հա­յոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ժա­նա­ցաւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Գուր­թու­լու­շի մէջ շէն­քի մը մուտ­քին հաս­տա­տուած է միու­թեան նոր հա­ւա­քա­տե­ղին, ո­րու պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ժա­մա­նակ ստեղ­ծուե­ցաւ բարձր տրա­մադ­րու­թիւն։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ մեծ ջերմութեամբ եւ անմիջականութեամբ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտութիւնը:
Տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան Արման Քէօսէի գլխաւորութեամբ գործադրուած յայտագրով, նաեւ նուէրներ ստացան ձեռնարկի կազմակերպիչներուն կողմէ:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւնները:
Արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Մարգար Էսաեան:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

​19-րդ դա­րա­վեր­ջի եւ 20-րդ դա­րու հա­յազ­գի շուրջ քսան լու­սան­կա­րիչ­նե­րու գոր­ծե­րը ներ­կա­յա­ցուած են այս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուած ե­զա­կի ցու­ցա­հան­դէ­սով մը, որ կը կո­չուի «Յայտ­նի­նե­րը՝ հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու աչ­քե­րով»։ «Ե­րե­ւա­նեան ա­մառ 2015» մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն շրջագ­ծով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի այս ծրա­գի­րը, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Հայ-արթ» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի յար­կէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

«Եւ­րօ-2016» ֆութ­պո­լի ա­խո­յե­նու­թեան ո­րա­կա­ւոր­ման հան­դի­պում­նե­րուն շրջագ­ծով, շա­բա­թա­վեր­ջին, Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը հիւ­րըն­կա­լեց Փոր­թու­գա­լը։ Սա հայ­կա­կան ընտ­րա­նիի ա­ռա­ջին լուրջ քննու­թիւնն էր նո­րան­շա­նակ ա­ւագ մար­զիչ Սար­գիս Յով­սէ­փեա­նի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք տե­սակ­ցե­ցաւ Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը այս շրջա­նին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քէն ներս կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ բազ­մաբ­նոյթ շփում­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

​Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղը խլեց տասնեակ կեանքեր ու պատճառեց ահաւոր վնաս մը:
Զոհերու կարգին կան նաեւ հայեր: Հայաստանի ղեկավարութիւնը ծանր վիճակին առջեւ փութով զօրակցութիւն յայտնեց Վրաստանի իշխանութիւններուն
 

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Ե­րե­ւա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պան Ռայ­նէլ Մո­րէլ Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «ՆԱ­ԹՕ-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու լոյ­սի ներ­քոյ» խո­րագ­րով խորհր­դա­ժո­ղո­վին։ Ան իր ե­լոյ­թին մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ վստահ է, որ օր մը Գեր­մա­նիա պի­տի ճանչ­նայ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին գոնկ­րէ­սը, որ Փա­րի­զի մէջ գտնուող սփիւռ­քա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, յայ­տա­րա­րեց, թէ գո­հու­նա­կու­թեամբ կը դի­մա­ւո­րէ ե­րեք հայ ե­րես­փո­խան­նե­րու մուտ­քը Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու ու­թե­րորդ փա­ռա­տօ­նը՝ «Տէօ­քիւ­մեն­թարիստ» կը սկսի այ­սօր։ Փա­ռա­տօ­նի յա­տուկ բա­ժին­նե­րէն մէ­կը խո­րագ­րուած է «100-ա­մեայ լռու­թիւն» եւ նուի­րուած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Այս շրջագծով այ­սօր, ժա­մը 13.00-ին «Սալթ Պէ­յօղ­լու»ի մէջ կը ցու­ցադ­րուի Սիւ­զան Խար­տա­լեան եւ Փէ­յա Հոն­քիւս­տի «Կ՚ատեմ շնե­րը» եւ ժա­մը 15.00-ին ալ՝ Եու­սուֆ Քե­նան Պէյ­սիւ­լէ­նի կող­մէ նկա­րա­հա­նուած «Կեա­վուր մա­հալ­լէ­սի» վա­ւե­րագ­րա­կա­նը՝ Մկրտիչ Մար­կո­սեանի եւ Տիար­պա­քը­րի հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ։

Էջեր