Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կիրակի մեկնեցաւ Հայաստան։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին անցեալ շաբաթավերջին նշեց Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը։ Օրուան առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Ս. Պատարագ մատոյց Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յայտնի դերասան Լէոնիտ Ենգիբարեան բիւր յարգանքի առարկայ կը դառնայ իր ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանի ներկայ շրջանին:
Վաստակաւոր արուեստագէտը այժմէն ապահոված է իր ուրոյն տեղը հայկական թատրոնի պատմութեան մէջ՝ շնորհիւ բազմամեայ բեղուն գործունէութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ որքա՞ն անտարբեր կրնայ ըլլալ՝ ապրած կեանքը որքա՞ն կրնայ ապրիլ անգիտակցաբար, մեքենայի մը միօրինակութեանը մէջ։ Արդարեւ, մարդուն բնութիւնը կը մղէ զինք հետաքրրքուելու, ուսումնասիրելու, գիտնալու եւ երբեմն խորը թափանցելու եւ հասկնալու իր եւ իր շուրջ պատահած իրադարձութիւններուն նկատմամբ։
«Նիւքհէթ Էրէն» ստեղծագործ գրականութեան աշխատանոցը («ՆԷՅՅԱ») 1915-ը կանխող շրջանի արեւմտահայ գրականութեան հետքերը բացայայտող ծրագիր մը ներկայացնելու նպատակով այցելեցին Երեւան։
Իտալիոյ ամենակարեւոր սրբավայրը հանդիսացող եւ Իտալիոյ պահապան Ս. Ֆրանսիսքոսի անունը կրող Ասիզի Ս. Ֆրանսիսքոս քահանայապետական եկեղեցւոյ մէջ բացուեցաւ պոլսահայ ծագումով այժմ Թուրինի մէջ բնակող Կարէն Քէօքճեանի «Հայերը եւ Հայաստանը» լուսանկարներու ցուցահանդէսը։ Ձեռնարկը կազմակերպած էին Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնն ու Ս. Ֆրանսիսքոս եկեղեցին՝ Իտալիոյ Հայերու միութեան համագործակցութեամբ։
«Միտէմ-2015» միջազգային աշխարհահռչակ երաժշտական փառատօնի բացման հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնը
Ֆրանսայի հարաւը զարդարուած է հայկական գոյներով, յայտնի դահլիճի շէնքին ճակատի վահանակը նուիրուած՝ Հայաստանին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ երաժշտական աշխարհի ամենահեղինակաւոր կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ
Երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ վերջ կը գտնէ ԱՔ կուսակցութեան շուրջ 13 տարուան միահեծան իշխանութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Բազում հարցականներով բարդ օրակարգ: Անգարայի մէջ նոր ղեկավարութեան մը ձեւաւորման գործընթացին շրջագծով կը քննարկուին զանազան վարկածներ, ներառեալ համախոհական կամ փոքրամասնական կառավարութեան մը ստեղծումը: Խորհրդարան մուտք գործած կուսակցութիւններու գործակցութեան հնարաւորութիւններուն շուրջ հաշուարկներ: Չի բացառուիր նաեւ կանխահաս ընտրութեան մը հաւանականութիւնը
Էլմատաղի Սէն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երաժշտական ձեռնարկ մը:
Խմբավար Արտա Արտաշէս Ակօշեանի մականին ներքեւ դասական գործեր եւ աշխարհէն զանազան ժողովրդական երգեր:
«Մեզոփոթամիա» բժշկական միութիւնն ու Վան-Հաքքեարի բժշկական հիմնարկը միասնաբար կազմակերպեցին բժշկագիտական, ատամնաբուժական եւ դեղագործական երեք անջատ գիտաժողովներ։ 4-6 Յունիս թուականներու միջեւ Վանի մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքներուն մասնակից դարձան 13 երկիրներէ աւելի քան 700 մասնագէտներ։
Քաղաքիս Պուլկար Ուղղափառաց էկզարքութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ «Քուքս քոռնըր չարիթի պազար» միջազգային բարեգործական ցանցին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ ուրոյն մթնոլորտի մը մէջ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին ոգեւոր շրջան մը կ՚ապրի իրերայաջորդ ձեռնարկներով։ Այսպէս, շաբաթավերջին, Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պալէի ներկայացումներու եւ դաշնակի նուագներու ձեռնարկ մը։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի նորաստեղծ մանկանց խումբին անդրանիկ ելոյթը փայլուն անցաւ:
Խմբավար Սէրճան Կազէրօղլուի սաները յաջողութեամբ դուրս եկան իրենց առաջին քննութենէն:
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Vision Europe-ի համագործակցութեան հեռանկարները կը խոստանան նոր հորիզոններ:
Ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները կը պատրաստուին քաղել իրենց հեռատեսութեան պտուղները: Երկու տարի վերջ աւարտելիք առողջապահական համալիրը պիտի ունենայ 13 հազար քառակուսի մեթր մակերես՝ նախկին 3 հազարին փոխարէն: Զէքիեան Գերապայծառ բաւարարուած է Տուրսուն Էօզպէքի հետ ունեցած տեսակցութենէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Շողոքորթութիւն» կեղծաւորութեան արտայայտութիւնն է, որ ընդհանրապէս չարամտութեամբ կը գործածուի։ Կերպով մը խաբէութիւն է՝ որուն միջոցով կը մտադրուի շահ մը ապահովել կամ ապօրինի օգուտ քաղել։
Պէյազըտի «Փրեզիտընթ» պանդոկին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի այս տարուան միջնակարգի շրջանաւարտներուն ի պատիւ ընթրիք մը։ Ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ ընթացաւ երեկոյթը, որու ընթացքին Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ տղաքը խրախուսուեցան՝ իրենց կրթական կեանքի այս կարեւոր ճամբաբաժանին։
Երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի նորաստեղծ մանկապատանեկան կազմի անդրանիկ համերգը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին ձեռնարկուած աշխատանքի անդրանիկ պտուղն էր այս համերգը, որ մեծ յուզում յառաջացուց Ֆէրիգիւղի ընտանիքին մօտ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի՝ գեղարուեստի զանազան ճիւղերու հետամուտ սաները վերջերս Սամաթիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ հանդէս եկան երկու ներկայացումներով, որոնք ըստ էութեան երգի ու պարի ձօնուած երեկոյթներ էին։ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ իր ընկերները եւ Պաքըրգիւղի ընտանիքէն յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ հաճոյքով մասնակցութիւն բերին այս ձեռնարկներուն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ալէֆ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է արժէքաւոր լուսանկարիչ Նուրան Աքքայայի գիրքը, որ կը կոչուի «Հայեր»։ Նուրան Աքքայայի «Հայեր»ը արդիւնքն է շուրջ եօթ տարուան բազմակողմանի աշխատանքի մը։
Ֆրանսայի եւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահներու բարձր հովանաւորութեամբ ձեռնարկ մը:
Շաթլէի թատրոնի երդիքին տակ փառաշուք երեկոյթին հետեւեցաւ շուրջ երկու հազար հանդիսատես:



