Արխիւ
Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի Ե. ժողովը:
Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Փորոշենքօ Ռուսաստանին ուղղեալ խիստ պատգամներ փոխանցեցին Անգարայէն:
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ այս տարի 22-րդ անգամ կազմակերպուած նարտի մրցաշարքին աւարտականը։ Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին կազմակերպուած մրցաշարքին առաջինը եղաւ Աւետիս Տեմիրճի, որուն յաջորդեցին՝ Մուրատ Պալ եւ Եըլմազ Եափսաքլը։
Վերի լուսանկարին մէջ կ՚երեւի Ասքանազ Նազարէթի Մանուկեան, որ եղած է Վանի պատմական Այգեստան թաղամասէն։
74 տարեկանին մահացած է ելեկտրոնական նամակի (E.mail) գիւտի հեղինակ Ռէյ Թոմլինսըն:
Ռուսաստանի մէջ ստեղծագործող հայազգի տիզայնըր Ալեքսանդր Սիրադեկեան (Aleksander Siradekian) Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ ընթացող Նորաձեւութեան շաբթուան շրջանակներէն ներս ներկայացուցած է իր ստեղծած հանրայայտ «պոչիկաւոր» կօշիկներու առանձնայատուկ հաւաքածոն:
Օսմանեան կայսրութեան 34-րդ թագաւորին՝ Սուլթան Ապտիւլհամիտի շառաւիղները որպէս ժառանգ իրաւական պայքար կը մղեն՝ իրենց մեծհօրմէ ժառանգուած կալուածներու սեփականութեան վերստին տիրանալու համար։
Վաղը, Ռուսաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ պիտի բացուի «Հայաստան. լինելութեան առասպելներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ցուցահանդէսին շրջագծով պիտի ներկայացուի աւելի քան 160 ցուցանմոյշ՝ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թան-գարաններէն եւ Երեւանի Մատենադարանէն։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի վարչապետները շօշափեցին երկկողմանի համատեղ օրակարգի հարցերը, որոնք հրատապ են նաեւ միջազգային առումով:
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Ալեքսիս Ցիփրաս առաջնահերթօրէն կանգ առին դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքի կասեցման եւ Եգէականի վերահսկման վրայ:
Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին համար երէկ խնամատար (vasi) մը նշանակուեցաւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած վճիռով։ Մեր համայնքէն չորս անհատներու՝ Թադէոս Պէպէքի, Յարութ Էօզէրի, Նազար Պինաթլըի եւ Տքթ. Արթին Մեծատուրի կողմէ բացուած դատի արդիւնքին՝ պատրիարքին համար խնամատար նշանակուեցաւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։
ՅԱԿՈԲ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սուրիական պատերազմը մեզի՝ հայերուս համար, տարբեր-տարբեր մակարդակներու վրայ կործանիչ ու անսպասելի հետեւանքներու դուռ բացաւ: Սուրիահայ գաղութը վերջին աւելի քան 40-50 տարիներու ընթացքին դարձած էր ու էր սփիւռքին ողնայարը, սփիւռքին արիւն ներարկողը, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն վրայ կրօնական, ազգային, մշակութային, լեզուական, եւ այն բոլոր որոլորտները, որոնք սերտ առընչութիւն ունին հայութեան եւ նամանաւանդ հայապահպանութեան հետ:
Վերջին թիթեղաշէն թաղերու փլուզումը սկսաւ, փորձելով արմատախիլ ընել մեր անցեալի յիշատակները:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը աշխատանք կը տանի թափով:
«Պատմութիւն հայոց աղօթամատոյցին»ը եւ «Խրատ ժամատեղեաց»ը հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հետաքրքրական եւ նո՛յնքան շահեկան է թղթատել պատմութեան հին էջերը՝ որոնք ուղղակի եւ երբեմն անուղղակի կերպով խարիսխը կը կազմեն ապագայի բազմաթիւ դէպքերու եւ ընկերային երեւոյթներու։ Մանաւանդ մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ կան այնպիսի երեւոյթներ՝ որ կերպով մը նախապատճառները կազմած են յառաջիկայ դէպքերուն, եղելութիւններուն, իրադարձութիւններուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանը։ Քանի մը օր առաջ՝ անցեալ շաբաթավերջին «Ազդակ» բոլորեց իր հրատարակութեան 89-րդ տարին ու թեւակոխեց 90-ամեակի յոբելենական շրջանը։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Միջին Արեւելքը ներկայիս կ՚անցընէ յոյժ տագնապալի հան-գըրւան մը։ Արեւմուտքի կողմէ խթանուած «Արաբական գարունը» (2011-էն սկսեալ), հակակշռէ դուրս ելլելով, Հիւսիսային Ափրիկէէն անցաւ Միջին Արեւելք, ստեղծելով իսլամական ինքնակոչ այլ ծայրայեղ «Խալիֆայութիւն»ը։
ՈՒԷՖԱ-ն հաստատեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, նկատի ունենալով անվտանգութեան հետ կապուած դրդապատճառները, «Եւրօ-2016»ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյենութեան մրցումները կրնան տեղի ունենալ… առանց համակիրներու:
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ վաղը պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ժամանէ Թուրքիա։ Երկօրեայ իր շփումներուն շրջագծով ան պիտի մասնակցի Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար, պետական քարտուղար Կրիկորի Քարասին վերջին օրերուն այցելեց Պաքու, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցան զանազան մակարդակներու վրայ երկկողմանի շփումներուն հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի խնդիրները։
Վաղը, Պրիւքսէլի մէջ, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան+28» ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդին նիստը։
Պաքու եւ Թիֆլիզ միշտ համամիտ են տարածքային ամբողջականութեան շուրջ:
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէ այցելեց Ատրպէյճան:
