Արխիւ
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի այս ամսուան վերջաւորութեան կարեւոր ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Եւրոպա։ Այս շրջագծով ան պիտի այցելէ Իտալիա, Վատիկան եւ Ֆրանսա։
Սփիւռքահայ բանաստեղծներու հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Քասքատ համալիրի մայթերուն տարածուած փապերէն մէկուն՝ «In Sane»ի մէջ, ուր «դէմ-դիմաց, կողք-կողքի», ինչպէս նշուած էր երեկոյի ծանուցման մէջ, երկու սփիւռքահայ բանաստեղծներ՝ պէյրութահայ Սագօ Արեանն ու հալէպահայ Տիգրան Գաբոյեանը ընթերցումներ կատարեցին իրենց հին ու նոր բանաստեղծութիւններէն, եւ շուրջ մէկ ժամ փապի կիրակնօրեայ մթնոլորտը յագեցաւ արեւմտահայ գիրով, բառով ու մտածողութեամբ։
Հայաստանի կառավարութեան կազմը պիտի կրճատուի 2016 թուականին:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան խօսեցաւ նոր մօտեցումներու եւ պահանջներու շուրջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն 2016 թուականի առաջին ամսուան մէջ պիտի այցելէ Թուրքիա։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Ճօ Պայտըն պիտի հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ։
Թրքահայ հոգեւորականաց դասը 2016 թուականը ողջունեց աւանդական մթնոլորտի մը մէջ:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ փոխանակուեցան եղբայրական ջերմ բարեմաղթութիւններ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս անտարբեր են զիրենք շրջապատող գեղեցկութիւններուն եւ չե՛ն անդրադառնար բարիքներուն։
Ձմրան ընթացքին շատերը մշտական թուլութիւն կը զգան, ուժասպառութիւն: Այդ պահերուն ոչինչ կարելի է ընել: Սակայն պէտք չէ յուսահատիլ, կենսունակութիւնը վերադարձնելը այնքան ալ դժուար չէ:
Կենսունակութիւնը բարձրացնելու եւ դրականօրէն տրամադրուելու քանի մը կանոն.
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան միջոցաւ Ամանորի իր պատգամը փոխանցեց համայն հայութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանեան մեղմ Դեկտեմբերը յուշիկ քայլերով կը հեռանայ... Անձիւն Երեւանը տօնական տրամադրութեան մէջ է: Քաղաքային իշխանութիւնները ջանք ըրած են իրական ձիւնի պակասը լրացնել ճերմակ ու նրբագեղ տօնական ձեւաւորումով:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը Ամանորի առթիւ կազմակերպեց մասնաւոր հանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ Սէն Միշէլ ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի աշակերտութիւնը խանդավառ խրախճանքով մը դիմաւորեց Ամանորը։
Եշիլգիւղի հայոց վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ամանորի մասնաւոր հանդէս մը, որու ընթացքին ապրուեցաւ մեծ հրճուանք։
Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի եւս Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ապրեցաւ աւանդական խանդավառութիւն՝ թաղին մօտ կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներով։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնակատարութիւնը իւրայատուկ վայելչութեամբ:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան Կաղանդի խանդավառ խրախճանքներ, որոնց ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցէն ներս բժիշկներու մեծարման հաւաքոյթը եւ մնայուն բնակիչներու ամանորեան ընթրիքը այս տարի տեղի ունեցաւ միացեալ ձեւաչափով: Պատրիարքաւան Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց աւանդական երեկոյթին, որու ընթացքին յուշանուէրներ ստացան Փրոֆ. Մերի Ուրկանճըօղլու եւ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ մշակուած օժանդակութեան ծրագրերը: Փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան մանրամասնութիւններ հաղորդեց ամանորեան ընթրիքին ժամանակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն մարդ որոշ մտային կարողութիւն մը ունի եւ իր մտային կարողութեան չափին համեմատ իմացական լոյս կրնայ տալ՝ ո՛չ աւելի եւ ոչ ալ պակաս։
Զ. ՍՕՆԱ
Դեկտեմբերի վերջին օրերն են. տան մէջ արդէն կամաց-կամաց կը սկսին Կաղանդի պատրաստութեանց։ Մեծմայրիկը իր նստած անկիւնէն կը հետեւի աղջկանը աշխատութեան։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ամերիկայի հայոց արեւելեան թեմին կից «Զօհրապ» տեղեկատուական կեդրոնը (Նիւ Եորք) պահուող թղթակալ մը կը պարունակէ «Ամէնուն Տարեցոյց»ի նշանաւոր հրատարակիչին՝ Թէոդիկի (1873-1928), եւ իր նուազ ծանօթ մտերիմ գրասէր ընկերոջ՝ Սարգիս Սաքաեանի վերաբերող կամ անոնց կողմէ հաւաքուած անտիպ նամակներու եւ այլ նիւթերու լուսապատճէններ։