Արխիւ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Վիեննայի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին ընթացքին։
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան.«Ատրպէյճան մեր համատեղ որոշումները պատանդ կը դարձնէ՝ փորձելով պարտադրել իր նեղ նպատակները»։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ ժամերգութեան արարողութեան։
Պէզճեան սրահի երդիքին տակ սարքուած աւանդական սեղանին մասնակիցները ապրեցան հոգեւոր մեծ ուրախութիւն ներկայ նուիրական շրջանին։
«Tarih Vakfı»ի եւ «Վերսուս Սթիւտիօ»ի ներկայացուցիչները այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերբերեալ ժապաւէնին պատրաստութիւնները կ՚ընթանան թափով:
Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը:
Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ հոգելոյս սրբազանի կերպարին ու ծառայութիւններուն վրայ:
Աշխարհահռչակ դաշնակահար Ռիշար Քլայտէրման այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժուժկալութիւնը եւ ինքնազսպումը, ինքնասանձումը՝ մարդ էակին յատուկ կարողութիւն մը, առաքինութիւն մըն է։
Շիշլի մարզակումբի ճատրակի կազմը վերջերս մասնակցեցաւ համանուն գաւառակէն ներս կազմակերպուած ճատրակի մանկանց լիկին։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը մաս կը կազմէ «R€*» (Վերամշակում եւ վերստին գործածում) նախագիծին, որ կ՚իրականացուի Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) նախարարութեան ԵՄ-ի Կրթութեան եւ երիտասարդաց ծրագիրներու կեդրոնի վարչութեան (Թուրքիոյ Ազգային գործակալութիւն, http://www.ua.gov.tr) կողմէ կիրարկուող «Erasmus+» նախագիծի (Ցկեանս ուսուցում կամ Երիտասարդաց ծրագիր) ծիրէն ներս, Եւրոպական յանձնաժողովի յատկացուցած դրամաշնորհով։
Մեծ Պահոց Միջինքին առթիւ Թագսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, զոր մատոյց Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը։
Թոփգաբուի Ս․ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
Ներկայ տարուան տուեալներով՝ Հայաստանի տնտեսութեան տեսանկիւնէն կացութիւնը կը համարուի էապէս մտահոգիչ:
Ռուսաստանի շուկայէն ներս աւանդաբար տարածում գտած հայկական ապրանքներու վաճառքը նուազած է՝ ռուբլիի արժեզրկման պատճառով:
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Քուէյթ։ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ Քուէյթի պետութեան Էմիր Սապահ Էլ Ահմէտ Էլ Ճապէր Էլ Սապահի, Խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Էլ Ղանինի, Վարչապետ Ճապէր Էլ Մուպարէք Էլ Համիտ Էլ Սապահի հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Լիուպլիանայի մէջ։ Սլովենիոյ ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Եդուարդ Նալպանտեան, որ քննարկեց բազմաբնոյթ հարցեր։
Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Ռեժինա Ըլկարօղլու ուղեւորուեցաւ յաւիտենական հանգիստի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցին՝ իր բառական իմաստովը խորհրդանիշ մըն է միաբանութեան։ Այս «միաբանութիւն»ը, մէկ կողմէ՝ Աստուծոյ եւ իր որդիներուն միջեւ, իսկ միւս կողմէ՝ որդիներուն, այսինքն մարդոց միջեւ հաստատուած է։
Այսօր, Չորեքշաբթի, մեր օրացոյցին համաձայն Միջինք է։
Ի՞նչ է Միջինքը եւ ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել։
Բուն Բարեկենդանէն, աւելի ճիշդ Փակեալ խորանէն սկսեալ մինչեւ Աւագ Շաբաթ օր (նկատի ունենալով, որ եկեղեցական օրէնքով Աւագ շաբթուան օրերն ալ պահքի օրեր են), քառասունութ օրերու վրայ երկարող պահքի շրջան մըն է, որուն երբեմն կ՚անգիտանանք, կարծելով, որ երբ Մեծ պահք կ՚ըսենք, այդ Մած պահքը քառասուն օրեր են միայն, այսինքն Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ծաղկազարդ։
«Orient-Institut»ի Իսթանպուլի մասնաճիւղին մէջ ցուցադրուեցաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» ժապաւէնը:
Տքթ. Այլին Գօչունեան բանախօսեց փաստավաւերագրական գործի ներկայացման առընթեր:
Մեծ պահքը կիսող Միջինքը այս տարի կը նշուի այսօր: Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն՝ Միջինքին հայ տանտիկինները կը թխեն բաղարջ, որուն մեջ կը դնեն մետաղադրամ: Որուն բաժին կը հասնի այդ դրամը, այդ տարի յաջողութիւն կ՚ունենայ:
Պատրիարքական Աթոռը ներկայիս լոյս ընծայած է «Մեծ պահոց կիրակիներու ոսկի շղթան» խորագրեալ գիրքը, որու հեղինակն է Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան։
Հայաստան մասնակցութիւն պիտի բերէ Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական առաջին խաղերուն