Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն ա­տամ­նա­բոյժ Ռու­տի Պօ­յա­ճեան կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րած է իր մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ։ Այս­պէս, հա­մա­պա­տաս­խան քննու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով ան նուա­ճած է Թուր­քիոյ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միրն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Թա­ղա­կան­նե­րուն հետ էր նաեւ թա­ղի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

«Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս շա­բա­թա­վեր­ջին «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի խորհր­դա­ժո­ղով մը, որ խո­րագ­րուած է «Ոչն­չա­ցուած քա­ղա­քակր­թու­թիւն. ոչ-իս­լամ­նե­րու ստա­ցուած­քը՝ ուշ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան եւ վաղ Հան­րա­պե­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին»։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

​Տասն­չորս տա­րի ա­ռաջ` 9-11-ի ա­տեն ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու աշ­խարհ չկար: Օ­րին աշ­խար­հը ա­հա­ւոր ո­ճի­րէ մը ցնցուե­ցաւ, եւ կա­րեկ­ցա­կան մթնո­լորտ կը տի­րէր ա­մէն տեղ, ա­մէն մարդ կը դա­տա­պար­տէր այդ հա­կա­մարդ­կա­յին բռնա­րար­քը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր այ­լեւս Պել­ժիոյ Թա­գի շքան­շա­նի աս­պետ է (Commandeur de l’Ordre de la Couronne): «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղորդ­մամբ, Ազ­նա­ւուր կոչ­ման ար­ժա­նա­ցած է Նո­յեմ­բե­րի 16-ին, Պրիւք­սէ­լի Egmont Palace-ի մէջ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Աշ­խար­հի կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ճուր­դի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն «Տո­րո­թէում»ի Փրա­կի մաս­նա­ճիւ­ղը վա­ճառ­քի դրած է աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի «Վե­զիւ­վի տե­սա­րա­նը» կտա­ւը։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­նա­կան է, որ Այ­վա­զովս­քիի այս գոր­ծին ա­ճուր­դը տե­ղի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 28-ին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Պա­հե­ցո­ղու­թիւն»,  իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ինք­զինք ա­զատ կա­ցու­ցա­նել այն բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րէն, գո­րծե­րէն եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն՝ ո­րոնք ի­րենց բնու­թեամբ իսկ ար­գելք կը հան­դի­սա­նան մարմ­նա­ւոր եւ հո­գե­կան սրբաց­ման։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​26-րդ գու­մար­ման Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կեց նո­րըն­տիր ե­րես­փո­խան­նե­րու երդ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով։ Ե­րէկ գու­մա­րուած խորհր­դա­րա­նը մեծ նե­րուժ մը ու­նի՝ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին երկ­րի կա­յու­նու­թիւնն ու զար­գա­ցու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Ե­րէկ, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Մար­մա­րա ծո­վուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու ի­րե­րա­յա­ջորդ երկ­րա­շարժ­ներ։ Վար­չա­պե­տա­րա­նի Ա­ղէտ­նե­րու եւ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու կա­ռա­վար­ման վար­չու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան բա­ժան­մուն­քէն տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ երկ­րա­շար­ժին է­փի­կեդ­րո­նը շուրջ 20 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուէր Ավ­ճը­լա­րի, Պահ­չե­լիէվ­լէ­րի, Զէյ­թին­պուր­նուի, Քիւ­չիւք­չեք­մե­ճէի եւ Պիւ­յիւք­չեք­մե­ճէի նման բնա­կու­թեան կեդ­րոն­նե­րէն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Սա­լիհ Զե­քի Չո­լաք այ­սօ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Պա­քու։ Իր շփում­նե­րուն շրջագ­ծով ան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ ո­լոր­տի այլ շարք մը պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Թեհ­րա­նի մէջ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Հա­յաս­տան-Ի­րան գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղով մը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րու ա­ռեւտ­րաշր­ջա­նա­ռու­թեան ծա­ւա­լը կա­րե­լի է հասց­նել 1 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի։ Այս գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր Թեհ­րա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան եւ Ի­րա­նի Ա­ռեւ­տու­րի, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան հան­քե­րու եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան պա­լա­տին կող­մէ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Սինիրլիօղլուէն մանրամասնութիւններ՝ Վիեննայի բանակցութիւններուն շուրջ:
Միջազգային համաձայնութեան մէջ կը նախատեսուի Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռանալը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս այ­սօր կը ժա­մա­նէ Թուր­քիա։ Ան ա­ռա­ջին ան­գամ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կը հիւ­րըն­կա­լուի՝ Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ դառ­նա­լէ վերջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Նո­յեմ­բե­րի 1-ին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ, մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ այ­սօր կ՚ապ­րուի երդ­ման օր մը։ 26-րդ գու­մար­ման Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը այ­սօր կը կա­տա­րեն ի­րենց ե­րես­փո­խա­նա­կան եր­դու­մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած ԵՄ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպում:
Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց սպառազինութիւններու վերաբերեալ հայկական կողմին դիրքորոշումը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Փա­րի­զի մէջ պա­տա­հած ան­նա­խըն­թաց ա­հա­բեկ­չու­թեան պատ­ճա­ռած ցնցու­մը յե­ղաշր­ջած է Ֆրան­սա­յի օ­րա­կար­գը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

G-20-ի շրջանային նախագահի պաշտօնին մէջ Չինաստան կը փոխարինէ Թուրքիան։
Անթալիոյ գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ գաղթականաց տագնապին եւ անոր երկարաժամկէտ յաղթահարման ուղղեալ համակարգման։
Էրտողանի, Օպամայի եւ Փութինի պատգամները արձակման հանգրուանին եղան զգայացունց բոլորին համար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձին եւ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին առ­թիւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի հա­մախմ­բեն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ, այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քէն ե­րեք պա­տաս­խա­նա­տու­ներ՝ Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­մար Գա­րա­սու եւ խնա­մա­կա­լու­թեան սիւ­նե­րէն Տա­նիէլ Ան­թի­քա­ճեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ

​​Շատ մը լիբանանցիներու համակրանքը վայելող եւ անոնց միտքերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող լիբանանցի երաժիշտ Զիատ Ռահպանի, Պըրժ Պարաժնէի պայթումին վերաբերող գրառում մը ըրած էր վերջերս ընկերային համացանցի իր էջին վրայ՝ ըսելով, թէ ի՞նչ էր ակնկալուածը այդ պայթումէն՝ բացի նահատակներ խլելէ: Վա՞խ: Փախո՞ւստ: Զէնքերէ հրաժարո՞ւմ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Ժա­մա­նա­կի ա­րագ յա­ռա­ջա­ցու­մը այն­պի­սի հսկա­յա­կան անդունդ­ներ ստեղ­ծած է մար­դոց մի­ջեւ, ո­րոնց վեր­լու­ծու­մը դար­ձած է գրե­թէ անհ­նար ու ան­բա­ցատ­րե­լի: Նոյն թա­ղը, նոյն դպրոցն ու ա­կում­բը գա­ցող եր­կու տար­բեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ըն­տա­նիք­ներ կ՚ապ­րին՝ գրե­թէ հա­սա­րա­կաց ոչ մէկ գիծ ու­նե­ցող կեան­քով մը:

Էջեր