Արխիւ
Երեւանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան հրէական մշակոյթի օրեր։ Այս առթիւ կեանքի կոչուեցան բազմաթիւ ծրագրեր, որոնք միեւնոյն ժամանակ խորհրդանշեցին Հայաստանի եւ Իսրայէլի բարեկամութիւնը։
Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015»ի առաջին կիսաեզրափակիչը:
«Genealogy» խումբը սկզբնական պատնէշը յաղթահարեց «Առերեսուէ ստուերին» երգով:
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով Թոքիոյի մէջ կազմակերպուած է Հայկական մշակոյթի շաբաթ մը, որու բացումը տեղի ունեցաւ «Տայքանեամա Հիլսայթ Թերաս» սրահին մէջ։ Թոքիոյի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս ձեռնարկներու շարքը, որու բացման հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դեսպան Հրանդ Պօղոսեան։
Սուրիահայոց մարտահրաւէրները Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ:
Մհեր Շահկելտեան խորհրդարանի ամպիոնէն բարձրաձայնեց Հալէպի ողբերգական վիճակը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար, Պաշտպանութեան նախարարութեան նիւթաթեքնիկ ապահովման բաժանմունքի պետ Ալիք Միրզաբէկեան յայտարարեց, թէ հայկական զինեալ ուժերուն մօտ ներկայիս կ՚օգտագործուին անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կը լուծեն շարք մը խնդիրներ։ Յառաջիկային կը նախատեսուի ռազմաօդային պաշտպանութեան ինքնագործ համակարգի մը ստեղծումը։
Հայաստանի մէջ ճանապարհաշինութեան աշխատանքները կը շարունակուին թափով։ Այս ամբողջին մէջ առաւել կարեւորութիւն կը վերագրուի Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինութեան։ Վերջին տարիներուն կառավարութիւնը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ սոյն նախագիծը կեանքի կոչելու առաջադրութեամբ։
Մայիսեան եռատօներու ներկայ շրջանին, Շուշիի ազատագրման տարեդարձին շարժառիթով, «Հարսանիք լեռներուն մէջ» խորագրեալ զինուորական ծրագիրը անցեալ շաբաթավերջին մասնաւոր արարողութիւնով մը յանձնուեցաւ Երեւանի «Մայր Հայաստան» թանգարանին, որ կը գործէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ։
Համացանցի վրայ սկսաւ գործել «Հայկական գորգ» անուանեալ կայքէջ մը։ Հայկական գորգարուեստի եւ անոր վառ նմոյշներուն վերաբերեալ համացանցային թանգարան մըն է այս մէկը։
Համաշխարհային քաղաքականութեան կաճառի դասախօսը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանին:
Ըստ Փոլ Կոպըլի, Կովկասի մէջ Ռուսաստանի համար Վրաստանը ճանապարհ է, Հայաստանը՝ գործիք, իսկ Ատրպէյճանը՝ շահում:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։
Ամերիկացի պատմաբանը Իսթանպուլ այցելեց իր թրքերէնի թարգմանուած գիրքերու շնորհանդէսին առթիւ:
Փրոֆ. Ճասթին ՄաքՔարթի հրահրիչ պնդումներ օրակարգի վրայ բերաւ հայկական հարցին առընչութեամբ:
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը երկսեռ աշակերտներ, առաջնորդութեամբ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի ու պատմութեան ուսուցչուհի Իքպալ Փոլատի, «SALT-Galata» մշակոյթի կեդրոնին մէջ դիտեցին Նեֆին Տինչի ու Հերքիւլ Միլլասի կողմէ պատրաստուած ու նկարահանուած «Միւս գիւղաքաղաքը» խորագրով վաւերագրական ժապաւէնը։
Երէկ, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդիսութիւն։ Հայաստանէն արտագաղթելով Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքներու զաւակները իր երդիքին տակ կը հիւրընկալէ այս վարժարանը, ուր երէկ ապրուեցաւ տօնական օր մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ոխակալութիւն» եւ «վրէժխնդրութիւն». ահաւասիկ երկու մոլութիւններ, որոնցմէ մարդ պէտք է հեռու մնայ։ Բայց բոլոր միւս մոլութիւններուն նման, որքան որ մարդ պէտք է հեռու մնայ անոնցմէ, ա՛լ աւելի կը մօտենայ եւ կարծես իր ամէնօրեայ կեանքին անբաժանելի տարրը՝ մտքին ու սրտին մէջ միշտ պատուոյ տեղը կու տայ անոնց։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վիեննայի մէջ այսօր կը սկսի Եւրոպայի ամենանշանաւոր մրցոյթներէն մին՝ «Եւրոտեսիլ»ը, որուն կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Վեց հայ երգիչ, վեց ճակատագիր, մէ՛կ պատմութիւն կամ հինգ ցամաքամասերու սփռուած ժողովուրդի մը նոր սերունդը:
Գալիֆորնիոյ Մեսրոպեան ազգային վարժարանէն աշակերտներու խումբ մը այսօրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան եւ ուսուցչուհի Զեփիւռ Յովհաննէսեան կը գլխաւորեն աշակերտական խումբը, որ Երեւանի մէջ այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց բարձրագոյն յանձնակատարի գրասենեակի երախաներու վաճառքի, երախաներու մարմնավաճառութեան եւ մանկական պոռնկագրութեան հարցերով յատուկ զեկուցող Մոտտ Տը Պույէ-Պուքիքօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեանի կողմէ։
Երէկ առաւօտ Գարակէօզեան վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ընտանեկան նախաճաշ մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Գարակէօզեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որու շրջագծով հաստատութեան բազմաթիւ շրջանաւարտներ համախմբուեցան նախաճաշի սեղաններու շուրջ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանի երէկուան շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Այսպէս, երէկ յետմիջօրէին Տատեան վարժարանի պարտէզին մէջ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Շրջանաւարտից օրուան ներկայ գտնուեցան թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ իր ընկերները, Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արսէն Արշըք, տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, կրթական մշակներ եւ յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։
Վարժարանի հիմնադրութեան 120-ամեայ յոբելեանին զուգադիպած շրջանաւարտից օրը ստեղծեց աննախընթաց խանդավառութիւն՝ սերունդներու մեծ տողանցքով:
Բաժակի պահուն Էսաեանի ընտանիքին անդամները տօնական տրամադրութեամբ կրկնեցին իրենց անփոփոխ մաղթանքը պատմական կրթօճախի յարատեւութեան համար: