Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«ՄԵՍՐՈ՜Պ, հայ դարերու
դիմաց կեցող՝
Դուն ադամանդեայ ապառաժ,
Դուն, մանուկներու մերկ
ուղեղէն
Մինչեւ հանճարը ցոլքեր
ցանող,
Գիտակցութեանց անգիւտ
փարոս…»։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Երջանիկ եմ, որ այդ հեռաւոր եւ հայաշատ վայրերում` հայ թատերական արուեստի հիմնարկութիւն մը կայ եւ որի ձեռնարկողներից
մէկը նոյն աղբիւրից դաստիարակուած մի երիտասարդ է ինչ աղբիւրից դաստիարակուած եմ ես։
ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը Վատիկանի հետ կապի մէջ է Սրբազան Պապի այցի կազմակերպման համար:
Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարուիլը կը նախատեսուի 2017 թուականին, իսկ այս տարուան Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անցեալ տարուան գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրները հրապարակուած:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներգաղթեալներու թղթածրարի այլ էջի մը անդրադարձած է Իվար Արփի: Անոր յօդուածին խորագիրն է.
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Մեթրօն մտած էր Հելիոպոլսոյ արուարձանը ու Րոքսիէն, Փալմիրայէն եւ Պազիլիքայէն վերջ, Միյտան Իսմայիլիայի կայարանին առջեւ կանգ առած:
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Նոր կեանքիս մէջ հանդիպեցայ նոր մարդկանց: Այս վերջինը սուրիացի արաբ տղամարդ մըն էր, Դամասկոսէն հասած էր Հոլանտա, աւելի ապահով շրջաններէ՝ քան ես:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Միջին Արեւելքի նշանաւոր երգչուհին, որու խորհրդանշած կերպարը կը համընկնի տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու երաժշտական ճաշակին: Առինքնող ձայն մը, որ կը հասնի մարդոց սրտի խորքին՝ փորձառութեամբ, համակրանքով, զգայնութեամբ ու մակարդակով:
Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) նախաձեռնութեամբ այս շրջանին օժանդակութեան արշաւ մը կազմակերպուած է ի նպաստ սուրիահայութեան։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան երէկ ուշ երեկոյեան հիւանդանոց փոխադրուեցաւ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի առաջին նախագահ եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային գոնկրէսի առաջնորդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ միջոց մը առաջ վիրահատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, վերադարձաւ Երեւան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
ԵԵԽՎ-ի մօտ լարուածութիւն ծագեցաւ Մարգար Էսաեանի եւ Նայիրա Զօհրապեանի միջեւ: «Քուէարկած եմ ազատ կամքով ու պարտաւոր չեմ հաշիւ տալու», յայտնեց Իսթանպուլի երեսփոխանը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Անգարայի մէջ զինուորական ինքնաշարժներու մը վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը ունեցաւ ծանր հետեւանքներ. 28 զոհ եւ 61 վիրաւոր: Թուրքիա հերթական մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ միասնականութեամբ Էրտողան. «մեր պայքարը պիտի շարունակուի գործակատարներու եւ անոնց ետին կանգնած ուժերուն դէմ»։ Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը ջնջեցին իրենց արտասահմանեան ուղեւորութիւնները։ Պէշթէփէի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։ Ամբողջ միջազգային հանրութիւնը անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ այս անիծելի արարքէն վերջ։ Ընդդիմութիւնն ալ միահամուռ կը պախարակէ դէպքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ սրտին վրայ հուժկու պայթում մը պատահեցաւ երէկ երեկոյեան։ Երկիրը ցնցուեցաւ, հերթական անգամ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւն՝ գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, եւ կամ չընելու, ինքնակամ ու անկախ կերպով վճռելու կատարելիք գործերը։
Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս երէկ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, ֆաքիւլթէի շէնքի մուտքասրահին մէջ հանդիսաւորապէս բացուեցան երեք անմոռանալի ակադեմիկոսներու՝ Հրանդ Թամրազեանի, Եդուարդ Ջրբաշեանի եւ Արսէն Տէրտէրեանի կիսանդրիները։
Ֆրանսայի Միյէն քաղաքին մէջ արգիլուեցան թրքերէն եւ արաբերէն դասերը։ Տեղական մամուլին մօտ արձագանգ գտած այս կարգադրութիւնը կատարուած է տեղւոյն քաղաքապետին՝ Ֆրանսուա Պուշէի նախաձեռնութեամբ։ Ան այս կարգադրութիւնը հիմնաւորած է իր շրջանին մէջ դպրոցներէ ներս անվտանգութեան պատճառաբանութեամբ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պրիւքսէլի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ իր շփումները կը տեւեն երկու օր։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմը անցեալ տարի շուրջ 250 հազար ամերիկեան տոլար ստացաւ Վրաստանի կառավարութեան կողմէ։