Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

Ռու­սաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծող հա­յազ­գի տի­զայ­նըր Ա­լեք­սանդր Սի­րա­դե­կեան (Aleksander Siradekian) Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րի­զի մէջ ըն­թա­ցող Նո­րա­ձե­ւու­թեան շաբ­թուան շրջա­նակ­նե­րէն ներս ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր ստեղ­ծած հան­րա­յայտ «պո­չի­կա­ւոր» կօ­շիկ­նե­րու ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հա­ւա­քա­ծոն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան 34-րդ թա­գա­ւո­րին՝ Սուլ­թան Ապ­տիւլ­հա­մի­տի շա­ռա­ւիղ­նե­րը որ­պէս ժա­ռանգ ի­րա­ւա­կան պայ­քար կը մղեն՝ ի­րենց մեծ­հօր­մէ ժա­ռան­գուած կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան վերս­տին տի­րա­նա­լու հա­մար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

Վաղը, Ռու­սաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի բա­ցուի «Հա­յաս­տան. լի­նե­լու­թեան ա­ռաս­պել­ներ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով պի­տի ներ­կա­յա­ցուի ա­ւե­լի քան 160 ցու­ցան­մոյշ՝ Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նէն, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի թան-­գա­րան­նե­րէն եւ Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի վարչապետները շօշափեցին երկկողմանի համատեղ օրակարգի հարցերը, որոնք հրատապ են նաեւ միջազգային առումով:
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Ալեքսիս Ցիփրաս առաջնահերթօրէն կանգ առին դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքի կասեցման եւ Եգէականի վերահսկման վրայ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

Թուր­քիոյ հա­յոց 84-րդ պատ­րիարք Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նին հա­մար ե­րէկ խնա­մա­տար (vasi) մը նշա­նա­կուե­ցաւ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ար­ձա­կուած վճի­ռով։ Մեր հա­մայն­քէն չորս ան­հատ­նե­րու՝ Թա­դէոս Պէ­պէ­քի, Յա­րութ Էօ­զէ­րի, Նա­զար Պի­նաթ­լըի եւ Տքթ. Ար­թին Մե­ծա­տու­րի կող­մէ բա­ցուած դա­տի ար­դիւն­քին՝ պատ­րիար­քին հա­մար խնա­մա­տար նշա­նա­կուե­ցաւ տի­րա­մայր Մա­րի Մու­թա­ֆեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մը մե­զի՝ հա­յե­րուս հա­մար, տար­բեր-տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ կոր­ծա­նիչ ու անս­պա­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րու դուռ բա­ցաւ: Սու­րիա­հայ գա­ղու­թը վեր­ջին ա­ւե­լի քան 40-50 տա­րի­նե­րու ը­նթաց­քին դար­ձած էր ու էր սփիւռ­քին ող­նա­յա­րը, սփիւռ­քին ա­րիւն նե­րար­կո­ղը, գրե­թէ բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն վրայ կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին, լե­զուա­կան, եւ այն բո­լոր ո­րո­լորտ­նե­րը, ո­րոնք սերտ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նին հա­յու­թեան եւ նա­մա­նա­ւանդ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան հետ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

Վեր­ջին թի­թե­ղա­շէն թա­ղե­րու փլու­զու­մը սկսաւ, փոր­ձե­լով ար­մա­տա­խիլ ը­նել մեր ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը աշխատանք կը տանի թափով:
«Պատմութիւն հայոց աղօթամատոյցին»ը եւ «Խրատ ժամատեղեաց»ը հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հե­տաքրք­րա­կան եւ նո՛յն­քան շա­հե­կան է թղթա­տել պատ­մու­թեան հին է­ջե­րը՝ ո­րոնք ուղ­ղա­կի եւ եր­բեմն ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով խա­րիս­խը կը կազ­մեն ա­պա­գա­յի բազ­մա­թիւ դէպ­քե­րու եւ ըն­կե­րա­յին ե­րե­ւոյթ­նե­րու։ Մա­նա­ւանդ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­մու­թեան մէջ կան այն­պի­սի ե­րե­ւոյթ­ներ՝ որ կեր­պով մը նա­խա­պատ­ճառ­նե­րը կազ­մած են յա­ռա­ջի­կայ դէպ­քե­րուն, ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Պէյ­րու­թի մեր պաշ­տօ­նա­կից «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թը ներ­կա­յիս կ­­՚ող­ջու­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Քա­նի մը օր ա­ռաջ՝ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին «Ազ­դակ» բո­լո­րեց իր հրա­տա­րա­կու­թեան 89-րդ տա­րին ու թե­ւա­կո­խեց 90-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նը։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Գա­հի­րէի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տու­նը յայտ­նուած է քա­ղա­քի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ 17 վայ­րե­րու ցան­կին վրայ: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, identity­mag.com­ը կազ­մած է Գա­հի­րէի հէ­քեա­թա­յին 17 վայ­րե­րու ցու­ցա­կը:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Լի­բա­նա­նա­հայ ե­րէց սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն բժիշկ Կար­պիս Հար­պո­յեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Պէյ­րու­թի Մես­րո­պեան հայ կա­թո­ղի­կէ վար­ժա­րա­նը։ Ան բժշկա­կան գիր­քե­րու եւ յօ­դուա­ծա­շար­քե­րու յայտ­նի հե­ղի­նակ մըն է եւ իր նո­րա­գոյն գոր­ծին շնոր­հան­դէ­սը վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած էր Պէյ­րու­թի մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քօ վա­ղը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի ժա­մա­նէ Թուր­քիա։ Եր­կօ­րեայ իր շփում­նե­րուն շրջագ­ծով ան պի­տի մաս­նակ­ցի Թուր­քիա-Ուք­րայ­նա Բարձր մա­կար­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի հին­գե­րորդ ժո­ղո­վին։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար, պե­տա­կան քար­տու­ղար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Պա­քու, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Այս առ­թիւ քննար­կուե­ցան զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ երկ­կող­մա­նի շփում­նե­րուն հե­ռան­կար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի խնդիր­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Վա­ղը, Պրիւք­սէ­լի մէջ, ՆԱ­ԹՕ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Հա­յաս­տան+28» ձե­ւա­չա­փով Հիւ­սի­սատ­լան­տեան խոր­հուր­դին նիս­տը։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Պաքու եւ Թիֆլիզ միշտ համամիտ են տարածքային ամբողջականութեան շուրջ:
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէ այցելեց Ատրպէյճան:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Տավուտօղլու ԵՄ-ի ղեկավարներուն հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադրութիւնը եւ գաղթականաց տագնապը:
Անկանոն գաղթի եւ փախստականներու նոր հոսքի մը կանխարգիլման ուղղեալ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ե­րի­տա­սար­դու­թեան վե­րա­բե­րեալ մեր հա­մայն­քին մօ­տե­ցու­մը մեծ հար­ցա­կան­նե­րով կ­­՚ուղ­ղոր­դուի։ Նոր սե­րուն­դի հար­ցե­րը թէեւ սկզբուն­քօ­րէն կը հա­մա­րուին ա­ռաջ­նա­հերթ, սա­կայն գործ­նա­կա­նին մէջ կա՞յ այդ սկզբուն­քին հա­մա­հունչ վե­րա­բեր­մունք մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը վեր­ջերս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ պատ­կե­րա­ւոր ճատ­րա­կի մրցա­շար­քի մը կազ­մա­կերպ­ման։ «Լիոնս» ա­կում­բի ցան­ցի Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղին եւ Թուր­քիոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջի այս մրցա­շար­քը։ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին մաս կը կազ­մէին Շիշ­լի մար­զա­կում­բէն Սար­վէն Չաք­մաք եւ Տիա­նա Ալ­թուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Է­րաս­մուս ծրագ­րին շրջագ­ծով ներ­կա­յիս հաս­տա­տուած է նոր նա­խա­գիծ մը, որ կը կո­չուի «The European Job Market For Teens»։ Սոյն նա­խագ­ծի մաս­նա­կից եր­կիր­ներն են՝ Ֆին­լան­տիա, Հուն­գա­րիա, Գեր­մա­նիա, Խրուա­թիա, Լե­հաս­տան եւ Թուր­քիա։

Էջեր