Արխիւ
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելենական ներկայ հանգրուանին շրջագծով շաբաթավերջին տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Համանուն ուխտի հիմնադիրներն ու սպասաւորները վերյիուեցան բիւր յարգանքով։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Գալֆաեան ուխտի միաբաններուն համար։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ գահակալը՝ հոգելոյս Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման 25-րդ տարելիցին առթիւ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ան վերյիշուեցաւ փառաշուք ձեռնարկով մը, որ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆէրիւգիւղի ընտանիքին կողմէ:
Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ իր սաները երէկ քաղաքէս հրաժեշտ առին՝ «Ալաճաճեան» սրահի սիրոյ սեղանէն եւ Վոսփորի նաւապտոյտէն վերջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամները պիտի յիշեն՝ 9 Սեպտեմբեր 2015 թուակիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի այս սիւնակներուն մէջ անդրադարձած էինք «ապշեցուցիչ դատ»ի մը, նոյն խորագրով։ Հակիրճ ակնարկ մը նետենք այդ գրութեան, որ պատմուածք մըն էր։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փոքրիկն Լինտա Թոփալօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։ Ան դուստրն է Վաչէ-Սերտա Թոփալօղլու ամոլին եւ թոռնիկը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բազմավաստակ լուսանկարիչ Տիգրան Թոփալեանի (Ֆօթօ Շէնէլ)։
Նորվեկիոյ Ֆիորտ քաղաքին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ 2016 թուականի Եւրոպայի ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը, որու արդիւնքին Հայաստանի հաւաքականը եղաւ այս մրցաշարքին մասնակցած լաւագոյն խումբը։ Հայ ծանրաբարձները նուաճեցին ութ ոսկի, եօթ արծաթ եւ երեք պրոնզ մետայլ։
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքը շաբաթավերջին հրապարակուեցաւ պատկան մարմիններուն կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ 250 ընտրեալ երեսփոխաններու շարքին կը գտնուի երկու հայ։
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին մասնակցելու համար այցելեց Թուրքիա, շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Էրտողան այս առթիւ ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը եւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը շաբաթավերջին այցելեցին Յունաստանի Եգէական ծովու Միտիլլի կղզին։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները Վատիկանէն եւ Իսթանպուլէն Միտիլլի ուղեւորուեցան՝ աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար գաղթականաց հարցին վրայ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի հարազատներէն Պեթի Գօչունեան-Աղաճան։ Այս վերջինը դուստրն էր թերթիս անմոռանալի աւագ խմբագիր Մարտիրոս Գօչունեանի եւ թոռնուհին՝ թերթիս հիմնադիրներէն Սարգիս Գօչունեանի։
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ֆորում»ին նախաձեռնութեամբ ասուլիս-քննարկում:
Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի ծրագիրը կը բաղկանար երեք նիստէ:
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ չեն դադրիր կրակոցները, Երեւան միջազգային հանրութեան կը ներկայացնէ նոր փաստեր:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմական կցորդները տեղեակ կը պահէ շփման գծի իրավիճակին շուրջ:
Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյենութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ իր առաջին մետայլներուն:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ, երէկ, Երեւանի Բարերարներու ճեմուղիին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ղարաբաղեան չորսօրեայ պատերազմը կը գտնուի մեր ետին: Հակամարտող կողմերը կը շարունակեն իրենց կրած մարդկային կորուստները ներկայացնել:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Նոպէլեան մրցանակի արժանացած հինգ գիտնականները՝ Աարոն Չեխանովէր, Ատա Եոնաթ, Տէն Շեխտման, Էյ-Իչի Նեկիշի եւ Ճոն Ռոպին Ուորէնը, որոնք վերջին օրերուն Հայաստան այցելեցին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Նոպէլեան օրեր» խորագրեալ գիտական ձեռնարկին առթիւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Առէն Վրդ. Շահինեան նշանակուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Հոլանտայի մէջ։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը բոլոր ուղղութիւններով օրակարգի վրայ կը բերէ Արցախի հիմնախնդիրը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ Էրտողան կրկնեց աջակցութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը աւարտեցին իրենց զօրակցութեան այցելութիւնը դէպի Արցախ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Լեռնային Ղարաբաղէն հրաժեշտ առնելով վերադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս աւելի առաջ ըսինք, Մեծ պահքի կիրակիներու շարքին նման՝ յինանց շրջանին ալ կա՛յ կիրակիներու շարք մը՝ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին։ Այս շարքին չորրորդ Կիրակին կը կոչուի «Կարմիր Կիրակի»։