Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կափառնաումի ժողովուրդին «իշխան»ը, այսինքն ժողովարանին հոգաբարձուներէն մին՝ Յայրոս տասնուերկու տարեկան աղջիկ մը ունէր՝ որ ծանր հիւանդութենէ կը տառապէր։
Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ Մայիս 27-Յունիս 12 թուականներու միջեւ պիտի բացուի «Մարզանքը եւ հայ մարմնամարզութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագրեալ ժամանակաւոր ցուցահանդէս մը։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Փարիզի 6-րդ թաղամասի «Մուազան» ցուցասրահին մէջ։
Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծագործող հայազգի յայտնի նկարիչ Տիգրան Ձիթողցեան, որ իր ինքնատիպ կտաւներով ծանօթ է թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ ԱՊՀ-ի երկիրներու մէջ, Ապրիլի 22-ին Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է խառն ցուցահանդէսի մը բացման։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ գահակալ հոգելոյս Շնորհք Արք. Գալուստեանի վախճանման 25-րդ տարելիցին շարժառիթով Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայեց նոր գիրք մը։
Ջրասուզորդները յայտնաբերած են շրջազգեստ մը, որ անհետացած էր 1642 թուականին, երբ բրիտանական թագաւորական նաւատորմի մէկ մասը Տուվրէն Հոլանտա մեկնելու ճանապարհին խորտակուած էր վատ եղանակային պայմաններու պատճառով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հայաստան կը խաղայ կրակի հետ։ Էրտողան դէպի Խրուաթիա կատարած այցելութեան ընթացքին զրուցեց այն լրագրողներուն հետ, որոնք հետեւեցան իր ուղեւորութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան մեկնաբանեց հակամարտութեան առկայ ընթացքը:
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ ընդգծեց, որ հիմնախնդիրը չունի ռազմական լուծում:
«1915-ն ու անդին. Թուրքիոյ մէջ հասարակութեան ընկալումը» խորագրեալ տեղեկագիրը կը վերլուծէ առկայ իրադրութիւնը հայկական հարցին շուրջ:
«Քոնրատ» պանդոկի երդիքին տակ երէկ առաւօտ ծանօթացուեցաւ PODEM-ի նախաձեռնութեամբ իրականացուած ծաւալուն աշխատանքը:
Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբէն խումբ մը անդամներ վերջերս համերգով մը հանդէս եկան Լեհաստանի Վրոքլաւ քաղաքին մէջ։
Չարենցի տողերը մեր մտքին մէջ էին երէկ երեկոյեան. «… Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պա՛րն եմ սիրում…»։ Անմահ բանաստեղծին տողերը վերարժեւորուեցան մեր ականատես եղածով։ Հայաստանի Պարի պետական համոյթը կախարդական ելոյթ մը պարգեւեց թրքահայ գեղարուեստասէրներուն։
Եւ ի վերջոյ հասած է սպասուած օրը։ Այսօր երեկոյեան, Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիյէ, տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Պարի պետական համոյթին ելոյթը՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին հետ։
ՏՔԹ. Յ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ապրիլ 2-6 Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքին կազմակերպուած ատրպէյճանական բանակի զինուորական եւ ամենաարդիական սպառազինութեամբ ու անակնկալի առաւելութեամբ կատարուած գրոհը Ղարաբաղի վրայ, տեւեց հազիւ մէկուկէս օր, երբ Արցախի բանակը ազդու հակայարձակումով երկու օրուայ մէջ ետ մղեց քանի մը հարիւր մեթր Թալիշի ուղղութեամբ սահմանէն ներս թափանցած թշնամի բանակը, որ շատ աւելի ծանր կորուստներ կրեց քան հայկական կողմը:
Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեաններ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան եւ Նազիկ Աւդալեան մամլոյ համատեղ ասուլիս մը տալով ներկայացուցին, թէ ինչպէ՛ս յաջողեցան
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գարնանային անձրեւ կայ Դիլիջան տանող ողջ ճանապարհին: Հակառակ ցերեկուայ ժամին՝ երկինքը մութ է, եւ սարերը պատուած են գարնանային մշուշով: Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մին՝ Դիլիջան մեզ կը դիմաւորէ անձրեւէն մաքրուած հրաշալի օդով:
Մոնկոլիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքի ազատ ոճի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի նորեկը՝ Գէորգի Քեթոյեւ, 97 քկ. դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետայլին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կափառնաումի ժողովուրդին «իշխան»ը, այսինքն ժողովարանին հոգաբարձուներէն մին՝ Յայրոս տասնուերկու տարեկան աղջիկ մը ունէր՝ որ ծանր հիւանդութենէ կը տառապէր։
Յայրոս երբ լսեց որ Յիսուս կու գայ, դիմաւորեց զայն եւ աղաչեց որ գայ եւ բժշկէ աղջիկը։
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան Մշակութային հարցերու բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ՝ Սօսէի եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնարկին, Ուրբաթ, Ապրիլ 29-ին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ արուեստի իւրայատուկ հանրային ներկայացում մը, որու ընթացքին Տիգրան Համասեան պիտի կատարէ Հայ Եկեղեցւոյ շարականներու եւ հայ հոգեւոր երգերու իր իւրայատուկ մեկնաբանութիւնները համադրող «Լոյս ի լուսոյ» համերգը։
Երեւանի Հալապեան փողոցին վրայ պատահած պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը տեղեկացուց, թէ այս դէպքին պարագային ահաբեկչութեան վարկածը ամբողջութեամբ հերքուած է։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան արժանանալ ֆութպոլի աշխարհէն ներս։ Հենրիխ Մխիթարեան ներկայիս կը կրէ Պորուսիա Տորտմունտի մարզաշապիկը եւ Պունտեսլիկայի մէջ կ՚արձանագրէ անանտեսելի յաջողութիւններ։
«Անատոլու Քիւլթիւր»ի նախագահ Օսման Քավալա վերջերս այցելեց Երեւան։ Ան հրաւիրուած էր մասնակցելու «Աուրորա» մրցանակաբաշխութեան եւ Ապրիլի 24-ին այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։


