Արխիւ
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով երէկ շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ։ Այս առթիւ ան հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի կողմէ։
Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր երէկ Սթրազպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի հետ։ Եւրոխորհրդարանը ներկայիս չի զիջիր այն 72 չափանիշներէն, որոնք անհրաժեշտ են, որպէսզի թրքահպատակները առանց վիզայի մուտք գործեն Շենկէնի գօտի։
Գերմանիոյ Պունտեստակէն ներս յառաջիկայ Յունիսի 2-ին օրակարգի վրայ պիտի գայ Հայկական հարցը։ «Die Zeit» թերթի հաղորդումներու հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Գերմանիայէն մտաւորականներ բաց նամակ մը հրապարակած են՝ Պունտեստակին եւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլին ուղղեալ։
Յունական Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս Վարդգէս Մահտեսեան պիտի շարունակէ մնալ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ 2016-2021 շրջանին։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Յունական Կիպրոսի Ներքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Քոնստանդինոս Նիքոլայիտիս յայտնած է, թէ ընդդիմադիր թեկնածուի մը բացակայութեան բերումով Վարդգէս Մահտեսեան պիտի մնայ այդ պաշտօնին գլուխը։
«Արաս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Yok Hükmünde» գրքին գինեձօնը տեղի ունեցաւ Բերայի թանգարանին մէջ:
Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցչութեան եւ անոնց հոգեւոր կեդրոններու պաշտօնական կարգավիճակին վերաբերեալ հարցերը միշտ կը մնան այժմէական: Ձեռնարկի ատենախօսները շեշտեցին ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքին անվիճելի նշանակութիւնը:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս յաջողութիւններ արձանագրեցին զանազան ընկերամշակութային գործունէութիւններու շրջագծով։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր այց մը տուաւ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին։ Իրեն կ՚ընկերանար Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ 12-րդ մրցաշարքի եզրափակիչ հանգրուանին, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն։
«Գիտութիւն՝ ամէն ինչի համար» կարգախօսով Էսաեան վարժարանը այս տարի վեցերորդ անգամ կազմակերպած է գիտական խրախճանք մը։ Միջվարժարանային բնոյթ ունի այս ծրագիրը, որուն կը մասնակցին իսթանպուլահայ միջնակարգներէն աշակերտական խումբեր։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ձեռամբ՝ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գլխաւորութեամբ երաժշտապետ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր նախորդ գրութեան մէջ անդրադարձանք՝ մասնագիտութեան կարեւորութեան եւ արժէքին, որեւէ մարզի մէջ եւ նաեւ Եկեղեցական շրջանակի մէջ։ Արդարեւ մասնագիտութեան պէտք եղած արժէքը ընծայել, երբեք չի՛ հակադրեր իշխանութեան, աստիճանի կամ դիրքի եւ արգելք չէ՛ անոնց գործադրութեան։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Օ, բնութիւն Օ՜, մայր,
Մշտահոլով, մշտագոյ եւ մշտատեւ...» (Ե. Չ.):
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հանրակառքի խճողուածութիւնը սիրահար զոյգին համար ձեռնտու է կարծես: Անոնք կրակ կտրած փաթթուած են իրարու, սիրոյ ապրումներով խենթացած ու գինովցած, կարծես առանձին են բազմութեան մէջ:
Սամաթիոյ «Աճառեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Աւետիս Արզումանի առաջնորդութեամբ կազմակերպուած մանտոլինի դասընթացքի մասնակից սաներուն երաժշտահանդէսը։
Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով հայ զինուոր մը զոհուեցաւ:
Միջազգային հանրութիւնը միշտ որոնումներու մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման շուրջ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ հերթական անգամ քննարկուեցաւ այս հարցը:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի 114-րդ պատգամաւորական ժողովը:
ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան հռչակուեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ տարուան անդամը»:
Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ արդէն զգալի է «Եւրոտեսիլ 2016»ի երգի մրցոյթին ոգեւորութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչը, որու արդիւնքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Իվեթա Մուկուչեան յաջողեցաւ անցնիլ աւարտական հանգրուան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Փարիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի կողմէ։
Պաղլար գաւառակին մէջ ոստիկանական ծառայողական ինքնաշարժ մը ենթարկուեցաւ յարձակման. 3 զոհ:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց բարձր կոմիսարութիւնը պախարակեց ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան արարքները:


