Արխիւ
Մխիթարեան վարժարանի նախակրթութեան աշակերտները տարուան չորս եղանակներուն եւ տասներկու ամիսներուն նուիրուած տարեվերջի գեղեցիկ հանդէսով մը ներկայացան իրենց ուսուցիչ եւ ծնողներուն:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներն ու իրենց ծնողները։ Խումբը առաջնորդեցին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուած է 2015-2016 կրթական շրջանի ներկայ եզրափակիչ փուլին։ Անցեալ տարի ձեւաւորուած նախընթացին հիման վրայ այս տարի եւս տարեշրջանի վերջընթեր շաբաթը դպրոցէն ներս կը բնորոշուի փառատօնով մը։
Երէկ երեկոյեան Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ իֆթարի հաւաքոյթ մը։ Ռամազանի շրջանին զուգադիպած այս հաւաքոյթին շրջագծով դպրոցի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցան ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավաներն ու համակիրները։
Էսաեան վարժարանի մէջ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ երկօրեայ խանդավառ խրախճանք մը։ Երէկ առաւօտ սկսաւ տարեվերջի այս խրախճանքին ծրագիրը, որ աւարտին հասաւ այսօր։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն կողմէ այս տարի եւս իսլամական աշխարհի Ռամազանի շրջանին իֆթարի հաւաքոյթ մը պիտի սարքուի Վաքըֆներու ընհանուր տնօրէնութեան վերնախաւին, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան դիւանակալական շրջանակներու համար։
Թուրքիա երէկ կորսնցուց իր երէց սերունդի կարեւոր մտաւորականներէն մին։ 87 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքեց լրագրող եւ հրատարակիչ Հաքքը Տեւրիմ, որ թուրք մամուլի վարպետ սիւնակագիրներէն մին էր։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի վրայ կրակած Օկիւն Սամասթ կը պատրաստուի դիմում ներկայացնել Սահմանադրական ատեանի մօտ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Սամասթ դատարան աղերսագիր մը ուղարկելով տեղեկացուց, թէ պիտի պահանջէ վերստին դատուիլ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը հետեւողականօրէն յառաջ կը տանի իր նախաձեռնութիւնը:
Այս տարի նախատեսուած է աւելի քան 1100 երիտասարդներու այցելութիւնը, նաեւ Ծաղկաձորի մէջ ճամբար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հանդիպում մը ունեցան Օսլոյի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները քննարկեցին Սուրիոյ իրավիճակը, Իրանի մէջ կորսուած կամ ձերբակալուած ամերիկացիներու հարցերը եւ գործողութիւններու համապարփակ ծրագրի իրականացումը։
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ Ռուսաստանի օրուան կապակցութեամբ ուղարկուած շնորհաւորականներուն, որոնց արտասովոր իմաստ մը վերագրուեցաւ կողմերու միջեւ առկայ լարուածութեան բերումով։
Փութինի միջնորդութեամբ Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած նախագահներու հանդիպման ընդառաջ:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Ատրպէյճան կը ջանայ փակ պահել Լեռնային Ղարաբաղի նիւթը՝ դիւրութեամբ յառաջ տանելու համար իր քարոզչութիւնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ արտասահման։ Նորին Սրբազնութեան ուղեւորութեան առաջին փուլը կը հանդիսանայ Մուսկուան, ուր ան կը հիւրընկալուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմին կողմէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Որդան կարմիր ներկը կը վերահռչակուի աշխարհի մէջ: Երեւանի մէջ գործող «Սարդ» խանութներու ցանցը ԻՒՆԷՍՔՕ-ին առաջարկ մը ներկայացուցած է՝ հայկական այս ներկը ընդգրկելու մարդկութեան նիւթական արժէքներու ցանկին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր ազգային-եկեղեցական տօները ունի։ Հայ ժողովուրդն ալ ուրիշ տօներու շարքին ունի իր «լեզուի եւ մշակոյթի տօն»ը։ Այս կարգին է՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրի մը հիման վրայ՝ Եւրոխորհուրդի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Պարոյր Յովհաննիսեան։ Այս առաքելութեան նստավայը կը գտնուի Սթրազպուրկի մէջ։
Անգարա-Մոսկուա առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ Ռուսաստանի ուղղեալ շարժոյթով մը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Ռուսաստանի ազգային օրուան առթիւ շնորհաւորական նամակներ ուղարկեցին իրենց պաշտօնակիցներուն՝ Վլատիմիր Փութինին եւ Տիմիթրի Մետվետեւին։
Փութին այս Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի մէկտեղէ Սարգսեանն ու Ալիեւը:
Յունիս 20-ին Մոսկուայի ջանքերով պիտի շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ քննարկումները:
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը (ՀԱՀ) տեղեկացուց, թէ ընդգրկուած է Թուրքիոյ կողմէ ճանչցուած համալսարաններու ցանկին մէջ։ ՀԱՀ-ի վկայականներու համարժէքութեան վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութիւնը արդէն հասանելի է Բարձրագոյն ուսման խորհուրդի (YÖK) պաշտօնական կայքէջին վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ համայնքի օրակարգը արտասովոր նիւթով մը զգալիօրէն ծանրաբեռնուեցաւ վերջին օրերուն։ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշումով մը Գերմանիա պաշտօնապէս ճանչցաւ հայոց ցեղեսպանութիւնը։