Արխիւ
Անցեալին տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ թանգարան մը բացաւ իր հայրենի Մանաքոր քաղաքին մէջ:
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան արարքները կը շարունակուին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Օգոստոսի 9-ին պիտի այցելէ Սեն Փեթերսպուրկ, ուր պիտի տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Յայտնի պատմաբան Հալիլ Ինալճըք երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ հարիւր տարեկան հասակին։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր դարմանման տակ էր Անգարայի «Կիւվէն» հիւանդանոցին մէջ։
Երեւանի մէջ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ բռնագրաւուած ոստիկանատան շուրջ ապրուած դէպքերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի օրակարգի թիւ մէկ խնդիրը։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան Գերմանիոյ «Պորուսիա Տորտմունտ» ակումբի մասնաշապիկով Պունտեսլիկայի մէջ լուրջ յաջողութիւն արձանագրելէ վերջ՝ վերջերս փոխանցուեցաւ անգլիական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբին, որու հետ այժմ կը գտնուի Չինաստան, «Միրըր»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ երէկ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծեցին մայրաքաղաք Դամասկոսի բազմաթիւ շրջանները, ներառեալ Պապ Թումա հայաբնակ շրջանը։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարման պահանջով՝ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ պատանդ վերցուած բոլոր ոստիկանները շաբաթավերջին ազատ արձակուեցան։
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին յայտնի դարձաւ, թէ Օգոստոսի կէսին հանդիպում մը կը նախատեսուի երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ այսօր Ֆաթիհ Չեքիրկէ արձագանգ կը հանդիսանայ հետաքրքրական իրադարձութեան մը՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու դէպի Պաքու կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան տրամադրութիւնը շօշափած է՝ կարեւոր «խաղաղութեան արշաւ»ի մը համար։
Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ, Թուրքիա ի գործ կը դնէ իր ամբողջ պաշարը՝ երաշխաւորելու համար ժողովրդավարութեան անշրջադարձելիութիւնը:
Նախագահը կը հիւրընկալէ կուսակցապետները:
Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ: Թաքսիմի հրապարակին վրայ մեծ հանրահաւաք: Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին ժողովը տեղի պիտի ունենայ այս Հինգշաբթի՝ առաջին անգամ Չանքայայի ապարանքին մէջ: Զուգահեռ կառոյցի արարքներուն լայնածաւալ հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ տեսա՞ծ էք տապալած ծառ մը։ Մինչեւ իր տապալիլը ան պարտէզի մը պարծանքը՝ երէկ կանգուն, իսկ այսօր՝ գետնամած… մեռա՜ծ…։ Տապալած այդ ծառը եթէ մարդ մը ըլլար՝ յանկարծամահ եղաւ պիտի ըսէինք, պիտի ցաւէինք։
ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
Պարսիկ իմաստուն մը, անխորհուրդ խօսքերէ զգուշութեան արժէքը ցոյց տալու համար, ըսած է՝ «Աւելի լաւ է խորհիլ, թէ ի՛նչ պիտի ըսեմ, քան զղջալ, թէ ինչո՞ւ ըսի»: Այս պատուէրը այնքան կը յարմարի մեր իրականութեան, որ կարծէք, թէ յատկապէս մեզի համար ըսուած ըլլար:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա շուրջ տասը օրէ ի վեր ցնցիչ իրադարձութիւններու շարան մը կ՚ապրի։ Պետական հարուածի ձախող փորձը եկած է հիմնովին փոխել երկրի կլիման։ Առաջին օրերուն խուճապի եւ տագնապի տպաւորութիւնը, զգացումը գերակշիռ էր։ Երբ անցան օրերը, բաւական կարճ ժամանակի ընթացքին սկսաւ գերակշռել այն համոզումը, թէ երկրին կեանքը պէտք է փութով վերադառնայ իր բնականոն հունը։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Վարսէն Օրունճաքճըէլի յուղարկաւորութիւնը։
Համայնքային համակրելի բարերարը շաբաթավերջին աչքերը փակեց կեանքին:
Վրթանէս Սաաթճըի մարմինը յառաջիկայ օրերուն քաղաքս պիտի բերուի յուղարկաւորուելու համար:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնները անցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հովանաւորութեամբ:
ՃՈՒԼԻԵԹԱ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծագործող յայտնի նկարիչ Տիգրան Ձիթողցեան, որ իր գերիրական ինքնատիպ կտաւներով ճանչցուած է աշխարհի վրայ, այս օրերուն Երեւանի մէջ կը գտնուի:
Համայն աշխարհի ուշադրութիւնը հետզհետէ կը լարուի Ռիոյի մօտալուտ ողիմպիականներուն վրայ։ Աշխարհի օրակարգը չի բնորոշուիր դրական լուրերով, համաշխարհային ընդհանուր երթը բաւականին մտահոգիչ է, սակայն այդ բոլորը երբեք բաւարար չեն ըլլար, որպէսզի մարդկութեան ուշադրութիւնը շեղի պատմութեան մեծագոյն մարզական կազմակերպութենէն՝ ամառնային ողիմպիականներէն, որոնք շուտով պիտի սկսին Ռիոյի մէջ։
«Մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ մեր ամբողջ հանրութիւնը այս լարուածութեան պատանդը դառնայ»:
Սերժ Սարգսեան եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ անդրադարձան Երեւանի վերջին դէպքերուն: