Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գոհաբանութեան օրը (Thanksgiving Day) շատ մեծ նշանականութիւն ունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին համար: 1621 թուականին Անգլիայէն ժամանած ուխտաւորներուն կողմէ սկսած, 1789 թուականին անիկա դարձաւ պետական տօն՝ առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի կողմէ ստորագրուած հռչակագիրով մը։ Ըստ այդ, Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ Հինգշաբթին կը նշանակուի իբրեւ Գոհաբանութեան տօն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բոլոր փոխյարաբերութիւններուն, իրարու հանդէպ արտայայտութիւններուն մէջ անհրաժեշտ եւ էական տարրն է՝ անկեղծութիւնը։
1988 թուականին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի տարելիցին առթիւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այց մը տուաւ Հանրապետութեան Շիրակի մարզը եւ ընդհանրապէս Հիւսիսային հատուածը։ Կիւմրիի մէջ ան յարգեց երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը՝ թողլով նաեւ ծաղկեպսակ մը։
Փաքիստանի մէջ երէկ պատահեցաւ օդային արկած մը։ Երկրի հիւսիսին անկում ունեցաւ Փաքիստանի օդային ընկերութեան օդանաւերէն մին։
Սուրիոյ տարածքէն ներս «Եփրատի վահան» գործողութիւնները յառաջ տանելու ժամանակ Թուրք զինեալ ուժերը երէկ տուին նոր կորուստներ։ Էլ Պապի շրջանէն ներս նահատակուեցան երկու թուրք զինուորներ, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց ամբողջ երկրին մէջ։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
ՀԲԸՄ 110-ամեակի յոբելենական շրջանին կը նախանշէ նաեւ յառաջիկայ գործունէութեան ուղղութիւնները:
Պերճ Սեդրակեան. «Սփիւռքի ուծացումը, ինքնութենէն հեռացումը մտահոգիչ է՝ Հայաստանէն արտագաղթի համազօր»:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ներկայիս կ՚այցելէ Լոս Անճելըս, ուր յայտարարութիւններ ալ ըրած է մամուլին։ Այս նիւթին վերաբերեալ մեր վերջին հաղորդումներուն զուգահեռ՝ ելեկտրոնիկ փոստով խմբագրութեանս հասաւ հետեւեալ գրութիւնը, որ ստորագրուած է Նահապետ Մելքոնեանի կողմէ։ Ստորեւ այդ նամակը կը հրատարակենք՝ ցոլացնելու համար Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի Լոս Անճելըս կատարած այցելութեան ամբողջական մթնոլորտը։ Հակուած չենք լրիւ բաժնելու նամակի հեղինակին կողմէ օգտագործուած որակումներն ու ածականները, որոնց պատասխանատուութիւնը կը վիճակի անոր։ Ուրեմն այս մտադրութեամբ տեղ կու տանք Մելքոնեանի նամակին։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն տարեկան հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Համպուրկի մէջ:
Հաւաքի ընթացքին կը քննարկուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ հարցեր:
Ցաւով տեղեկացանք, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը կը սգայ իր երիցագոյն անդամներէն մէկուն կորուստը։ Ոչ եւս է Տքթ. Յովհաննէս Եշիլթեփէ, որ եղած է վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն մին։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
(4) Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար, չըլլայ որ դուն ալ անոր նման ըլլաս:
(5) Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տո՛ւր, չըլլայ որ անիկա զինք իմաստուն կարծէ:
Առակաց (26)
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ժամանակին կը խաբէին մեզ մեր ծնողները, մենք ալ միամտօրէն կը հաւատայինք:
Անոնք անհամբեր կը սպասէին մեր լեզու ելլելուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երկար տարիներու ընթացքին սփիւռքի մէջ կրթական նախարարութեան դեր ստանձնած Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) օրերս կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը: Յաւուր պատշաճի խօսքերէն անդին միութիւնը նաեւ հետամուտ է իր ծննդեան տարեդարձը նշել լուրջ հարցադրումներ տալով իր ապագայ ընելիքներուն եւ ծրագրերուն մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն, այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մենք բոլորս մէկ մարմին ենք», կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ, հռոմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ. (ՀՌՈՄ. ԺԲ 4-5)։ Անդամներէն ոմանք Աստուծմէ կոչուած են հասարակութեան յատուկ ծառայութեան մը համար՝ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցիին միջոցով։ Այս կոչուած ծառայողները ընտրուած են եւ նուիրագործուած Սուրբ Խորհուրդով, որուն միջոցով Սուրբ Հոգին զանոնք ատակ կը դարձնէ գործելու յանձին Քրիսոտսի, որ գլո՜ւխն է ամբողջ մարմնին, այսինքն Եկեղեցիին, ի սպաս անոր բոլոր անդամներուն։ Ուստի ձեռնադրուած պաշտօնատարը կերպով մը «սրբանկա՛ր»ն է Քրիսոտսի Քահանային։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1990-ականներու կէսերուն, Երեւանի կեդրոնի՝ Կասկադ կոչուող տարածքին վրայ, երբ տակաւին գոյութիւն չունէր այսօրուան Գաֆէսճեան շքեղ թանգարան-արուեստի կեդրոնը եւ ոչ ալ՝ համաշխարհային գլուխ-գործոցներէն բաղկացած արձաններու պուրակը, մարդ մը կ՚աշխատէր կամարներուն տակ, պատերուն վրայ գծելով, նկարելով...
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
2000 թուականի Օգոստոսին Թորոնթոյի Եորք համալսարանն էի յատուկ ծրագրով մը, որ մէկտեղած էր Լատինական Ամերիկայի երկիրներէն ընտրուած 25 գիտաշխատողներ եւ ակադեմականներ՝ միասնաբար քննարկելու համար տարածաշրջանի հիմնախնդիրները երրորդ հազարամեակին: Խումբին մաս կը կազմէր Քուպայէն գործընկեր մը՝ Սանթիակօ անունով, որ ուշագրաւ էր իր ուրախ տրամադրութեամբ եւ կատակաբանութեամբ:
Ատամնաբոյժ Մկրտիչ Կիւլէզեան վերջերս այցելեց Պէզճեան Մայր վարժարան։ Ան հերթական անգամ քննութեան ենթարկեց աշակերտներու ատամները։ Զգացական խոր նշանակութիւն ունէր այս այցը, որովհետեւ մասնագէտն ալ անցեալի մէջ եղած էր Պէզճեան Մայր վարժարանի սաներէն մին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեսակցեցաւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ախալքալաքի եւ Քումուրտոյի Մետրապոլիտ Նիքոլոզի հետ։ Այս վերջնոյն ընկերացաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Բաբգէն Վրդ. Սալբիեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային հոգիին մէջ կան կարգ մը ժառանգական տրամադրութիւններ, ներքին անհաւասարակշիռ խառնուածք, նկարագրի թերիներ, խանգարումներ եւ ախտաւոր-հիւանդագին բարդ երեւոյթներ, որոնց հանգոյցը քակել եւ լուծել՝ կարող բժիշկներու եւ հոգեբոյժերու անկ է միշտ։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական Կլոր սեղան հիմնադրամի ծրագիրներէն անմասն չեն մնացած նաեւ սուրիահայերը: Ինչպէս «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է հիմնադրամի ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Պաղտասարեան, իրականացուած է «Հայաստանի մէջ փախստական սուրիահայերու կենսապայմաններու բարելաւում» ծրագիրը, որուն նպատակն է նպաստել Սուրիայէն փախստական ամենակարիքաւոր ընտանիքներու տնտեսական ու ընկերային պայմաններու բարելաւումին եւ համարկումին Հայաստանի մէջ:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպի ճակատագրական դերը կը վերահաստատուի վերջին օրերու իրադարձութիւններով։ Այնտեղ է այն բախտորոշ ճակատը, ուր ձեւաւորուելիք հաւասարակշռութիւնները կը պայմանաւորեն ընդհանուր երթը։ Վերջին օրերուն Սուրիոյ բանակը այս ճակատին վրայ արձանագրեց լուրջ յառաջխաղացում մը։