Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016

Հայաստանի Գրողներու միութեան երդիքին տակ կլոր սեղանի ձեւաչափով ուշագրաւ քննարկում:
Որոշուեցաւ ստեղծել մասնագիտական խորհուրդ մը՝ հարցերը համակարգելու եւ լուծման ուղիներ մշակելու համար:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբա­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Այս­պէս, մեր հիւ­րերն էին վար­ժա­րա­նի ար­ժէ­քա­ւոր հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ժպտուն Զուռ­նա­ճը եւ Թա­թիա­նա Պոս­տան, ինչ­պէս նաեւ ա­շա­կերտ­նե­րէն Մե­լիք Տու­վար­ճը եւ Դա­լար Տե­միր­ճի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016

Ա­մա­նո­րի սե­մին Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սի ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը ապ­րե­ցաւ թա­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ այս ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ծնո­ղաց միու­թեան եւ քէր­մէ­սի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։ Ա­ռա­ւօ­տուն յար­դա­րուած տա­ղա­ւար­նե­րուն մօտ ա­ղօթք մը ար­տա­սա­նեց թա­ղի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Կը պա­տա­հի խա­չա­ձե­ւում, երբ սոյն օ­րուան մէջ, նոյն ժա­մուն, հան­դի­սու­թիւն մը կամ հա­ւաք մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, ու ա­հա երկմ­տան­քը. հոս կա­րե­ւո­րու­թիւն կը զգե­նու նա­խա­պա­տուու­թիւ­նը. ո՞ր մէ­կը ընտ­րել. ան­շուշտ ե­թէ սլա­քը թե­քի մէկ կամ միւս կողմ, քա­նի որ եր­բեմն ա­նակն­կալ պա­րա­գա­նե­րու մէջ կը գտնուիս եւ այ­լեւս քեզ­մէ կա­խեալ չէ ընտ­րու­թիւ­նը, ուս­տի ո՛չ մէ­կը եւ ո՛չ ալ միւ­սը ի գործ կը դրուի­…

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կու­թեան խռո­վեալ վի­ճա­կին եւ ա­պեր­ջան­կու­թեան հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը, ընդ­հան­րա­պէս վստա­հու­թեան պա­կասն է։ Մար­դիկ, ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուս եր­ջա­նիկ չեն զգար ի­րենք զի­րենք, քա­նի որ վստա­հու­թեան կո­րուստ մը կ՚ապ­րին, ո՛չ միայն մարդ մար­դու նկատ­մամբ, այլ՝ Աս­տու­ծոյ վրայ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­սու­լիս մը՝ յայտ­նի դե­րա­սան ու թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ Սիւ­հէյլ Ույ­կու­րի հետ։ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին յայտ­նի ա­րուես­տա­գէ­տը ան­մի­ջա­կան ձե­ւա­չա­փի մը մէջ զրու­ցեց ներ­կա­նե­րուն հետ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016

Ռու­մա­նիոյ մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց ար­դիւն­քով հա­յազ­գի ե­րեք ե­րես­փո­խան­ներ յա­ջո­ղե­ցան մուտք գոր­ծել երկ­րի խորհր­դա­րա­նը։ Ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջինն է Վա­րու­ժան Փամ­պուք­ճեան, որ վե­րընտ­րուած է՝ որ­պէս Ռու­մա­նա­հա­յոց միու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած թեկ­նա­ծու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան, կա­պի եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րար Վա­հան Մար­տի­րո­սեան վեր­ջերս շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թիֆ­լի­զի մէջ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվիրի­քաշ­վի­լիի հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թին մէջ կը կար­դանք.-
Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ իր 2016-2017 տա­րեշր­ջա­նի շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րէն Դա­նիէլ Մու­րա­տեան, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է Գա­լի­ֆոր­նիոյ ճար­տա­րա­գի­տա­կան հիմ­նար­կի գիտ­նա­կան­նե­րէն Տքթ. Ռի­չըրտ Կա­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած ծրագ­րի մը, ո­րուն շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղած է բա­րե­լա­ւել երկ­րա­շար­ժի մը հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը ծա­նու­ցող սար­քեր։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թը կը տե­ղե­կաց­նէ.-
Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­ներ» հիմ­նադ­րա­մի տա­րե­կան 12-րդ դ­րա­մա­հա­ւա­քի ձեռ­նար­կը, ո­րուն ըն­թաց­քին կա­րե­լի ե­ղած է գո­յաց­նել շուրջ 3.7 մի­լիոն տո­լա­ր նուի­րա­տուու­թեանց խոս­տում­ներ, ո­րոնք նոր խթան պի­տի հան­դի­սա­նան նշեալ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­նե­րուն տրա­մադ­րուող բա­րե­սի­րա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րու ըն­դար­ձակ­ման գոր­ծին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Հայոց Թեմէն ներս:
Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի նախաձեռնութեամբ հաստատուած պարգեւները յանձնուեցան՝ Սենի տափանաւերէն մէկուն վրայ կազմակերպուած ընթրիքի ընթացքին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ֆրան­սա­ցի նո­րան­շա­նակ հա­մա­նա­խա­գահ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թի ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թի ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պրիւք­սե­լի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­միու­թիւն-Հա­յաս­տան նոր շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րի ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հին­գե­րորդ փու­լը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէ՝ Տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ու ներդրում­նե­րու ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Գա­րե­գին Մել­քո­նեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Էրտողան եւ Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ՝ Հալէպի հրադադարի ամրապնդման համար:
Դիւանագիտական աշխոյժ շփումներու մթնոլորտին մէջ այս առաւօտ սկսաւ քաղաքին դատարկումը, հիւանդներու ինքնաշարժներու շարասիւնը դուրս եկաւ ճանապարհ, սակայն դարձեալ ծագեցան բախումներ, որոնց զոհ գնաց անձ մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Բովանդակ Թուրքիա կը վերահաստատէ իր վճռակամութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ միասնական պայքարի ճանապարհին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շեշտը դրաւ անխտիր բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւնները թիրախաւորելու վրայ - Չանքայայի ապարանքին մէջ Պինալի Եըլտըրըմ, Քեմալ Քըլըչտարօղլու եւ Տեւլէթ Պահչելի հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

«Փոք­րիկ» հէ­քեաթ­նե­րու կայ­քէ­ջը վեր­ջին շրջա­նին ու­շադ­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է մեր նա­խակրթա­րան­նե­րու սա­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Կայ­քէ­ջի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ճոխ է, հե­տե­ւա­բար նոյ­նիսկ մին­չեւ միջ­նա­կար­գի Է. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը կրնան ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւ­նը յա­գեց­նել ա­նոր մի­ջո­ցաւ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նոր տար­ւոյ առ­թիւ քէր­մէս մը։ Եր­կօ­րեայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը պսա­կուե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քէր­մէս մը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ։ Վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս քէր­մէ­սը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին ջան­քե­րով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ար­դէն յար­դա­րուած է ա­ւան­դա­կան տօ­նա­ծա­ռը։ Մինչ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան ըն­դա­ռաջ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը աս­տի­ճա­նա­բար կը հա­մա­կէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մթնո­լոր­տը, Պատ­րիար­քա­րա­նի տօ­նա­ծառն ալ զար­դա­րուե­ցաւ տիկ­նանց կազ­մի ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Լաւ, յու­սադ­րիչ լու­րեր կան Հա­լէ­պէն: Տա­րի­նե­րէ ի վեր փակ ճամ­բա­նե­րը բա­ցուած ու եր­թե­ւե­կը կա­մայ-ա­կա­մայ վե­րա­կանգ­նած է: Քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րուն վրայ տե­ղա­ւո­րուած հսկայ ժայ­ռե­րը վեր­ցուած են: Ար­գե­լակ­նե­րը նուա­զած են կար­ծես, ինչ­պէս բա­րե­կամ մը ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց.

Էջեր