Արխիւ
«Չարութեան հին խմորը
դուրս նետեցէք ձեզմէ,
որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք»
(Ա. Կորնթ. 5.7)։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Քրիստոսի Յարութիւնը մարդկութեան կեանքը յեղաշրջող ճշմարտութիւն է: Իր հրաշալի Յարութեան խորհուրդը ապրող անհատ քրիստոնեան կամ հաւաքականութիւնը իր մէջ կ՚ապրի նոր կեանքը, ստեղծագործելու ոգին, եւ ամենէն էականը՝ յաւիտենականութեան զգացողութիւնը:
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Հերպերթ Զալպէր ամսավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, թէ այցելութեան յստակ ժամկէտը տակաւին որոշուած չէ ու երբ որ յայտնի դառնայ՝ անմիջապէս պիտի հրապարակուի։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին համոզմամբ, նաւթի վաճառքի եկամուտները որոշ գլխապտոյտ պատճառած են Ատրպէյճանին:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Պաքու կը նմանի աճուրդի ձեւական գնորդներուն, դիւանագիտական բանակցութիւններուն մէջ չեն աշխատիր շուկայի առեւտրական հնարքները»:
ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ ժողովներուն:
Վաղը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի երթայ հանրաքուէի համար։ Շաբաթներէ ի վեր հետաքրքրութեամբ կը սպասուի այս հանրաքուէի արդիւնքին։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զանգերը կը ղօղանջեն դարձեալ՝ աւետելով տօնական մեծ աւետիսը։ Այդ ղօղանջները մեր սրտերուն մէջ կ՚արձագանգեն՝ հաւաստելով Տիրոջ յաղթութիւնը, մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն հրաշքը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէց միաբաններէն Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Պարոնեան երէկ առաւօտ ի Տէր հանգաւ Պուքրէշի մէջ։ 76 տարեկան հասակին վախճանեցաւ բազմավաստակ հոգեւորականը, որ 1941 թուականին ծնած էր Պուքրէշի մէջ ու երկար տարիներէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցանէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմէն ներս։
Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկային դարձեալ պիտի տեսակցի Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին հետ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հանդիպման ժամկէտը տակաւին յստակ չէ, թուականի եւ օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ»:
«Երեւան Մոլ» առեւտուրի եւ զուարճանքի համալիրէն ներս երէկ բացուեցաւ՝ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը, որու բացումը պատուեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Հայաստան-Վրաստան գործարարութեան օրեր կը նախատեսուին՝ դէպի նոր շուկաներ բացուելու համար:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կը ծրագրեն տնտեսական համագործակցութեան հորիզոնները ընդլայնել:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր կ՚այցելէ Խրղըզիստանի մայրաքաղաքը՝ Պիշքէք։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Պիշքէքի մէջ կը մասնակցի երկու ժողովներու։
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Հայկական բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ «Երեւանի Պետական համալսարան (95-ամեակ). երախտաւոր դասախօսներ (դիմաքանդակային հպումներ)» խորագրեալ գրքին շնորհանդէսը։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքին հեղինակն է լիբանանահայ հրապարակագիր ու գրականագէտ Պարոյր Աղպաշեան։
Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս երկօրեայ միջազգային շահեկան գիտաժողով մը:
Այլին Գօչունեան զեկուցման մէջ խօսեցաւ Զապէլ Եսայեանի եւ Սրբուհի Տիւսաբի մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար չարչարուեցաւ, եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք… Անոր գերեզմանը ամբարիշներուն հետ դրուեցաւ, բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ։
Շէօրլի Կիպսըն եւ իր ամուսինը Հերիսըն կը բնակին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի հարաւ-արեւելեան շրջանը։ 1997 թուականին, անոնց քսանեօթ տարեկան ոստիկան մանչ զաւակը՝ Պրայն, ոստիկանական իր ինքնաշարժին մէջ նստած՝ կը սպաննուի, ենթարկուելով դարանի մը (ambush):
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հանրակառք բարձրացայ ու ահա տուն կ՚երթամ: Լաւ է ազատ տեղ մը կայ, կը նստիմ գոնէ, թէեւ այդքան ալ հեռու չէ տունս, բայց կարծես յոգնեցայ ոտքի կենալէն, այսպէս խորհելով, ժպտելով, գոհացած ու եկեղեցւոյ շարականներէն յագեցած նստայ հանրակառքի ազատ նստարանին վրայ: Բայց ահա, չար սատանան կարծես իր գործը պիտի տեսնէ, զիս ժպտուն տեսնել չի սիրեր կ՚երեւի. կողքս նստած միջին տարիքի տղամարդ մը, ձեռքիս ծաղկեպսակն ու փունջը տեսնելով կը հարցնէ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամբողջ մարդկութեան պատմութիւնը կը վկայէ միա՛յն մէկու մը անձնուիրութեան՝ որ իր կեանքը զոհած է բոլոր մարդկութեան համար։ Արդարեւ, Յիսուս իր կեանքը զոհեց համայն մարդկութեան փրկութեանը համար, համայն մարդկային ցեղին համար՝ խաչին վրայ, որ ապա եղաւ մարդկութեան փառքը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը Ս. Զատկի առթիւ խրախճանքներ կազմակերպեց իր ձմրան դասընթացքներուն մասնակից աշակերտներուն համար։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլիի դասընթացքները տեղի կ՚ունենան թէ՛ ակումբի հաւաքատեղիի մարզասրահին եւ թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ։
Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:
Երեքշաբթի առաւօտ վարժարանի հանդիսասրահը գեղեցկօրէն զարդարուած՝ սիրով կը դիմաւորէր իր Զատկի հիւրերը:
