Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը անցեալ Կիրակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ Պերճ Սեդրակեան գոհունակութեամբ անդրադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի արդիւնաշատ համագործակցութեան։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կոմիտաս կը համարուի ժամանակակից հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիրը: Պատմամշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնեն անոր հաւաքած երաժշտական բանահիւսութեան նմոյշները՝ հորովելներու եղանակները, «Սասունցի Դաւիթ», «Մոկաց Միրզա» վիպական ասերգները, անտունիները, հոգեւոր տաղերը, 4000 գեղջկական երգերը…
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Աշխարհակալ Եւրոպան այսօր կը տառապի իր կեցութեան պայքարով: Եւրոպան՝ Յունական եւ Հռոմէական կայսրութիւններուն միջոցաւ եւ այդ ժամանակաշրջանին էր որ ասիական եւ ափրիկեան աշխարհի առաջ ճանաչում ստացաւ, ուր տակաւին մնացեալ Եւրոպան կ՚ապրէր խոր մթութեան մէջ: Խաչակիրներու արշաւանքներով Եւրոպան մտաւ զարթօնքի դարաշրջան, սակայն իսկական զարթօնքը հասաւ միջին դարերու ժամանակաշրջաններուն, անգլիական, ֆրանսական, գերմանական եւ եւրոպական այլ պետութիւններու յեղափոխութիւններով:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ամերիկացի մարդասէր Անտրիւ Քարնէկի առիթով մը ըսած է. « Ոչ ոք ինքնիրեն կրնայ հարստանալ, առանց ուրիշները հարստացնելու: Հարուստ մահացող անձը անպատիւ կը մեռնի»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային միտքը եւ երեւակայութիւնը սահման չունի եւ բազմակողմանի է եւ այս իսկ պատճառով իւրաքանչիւր անձ կրնայ տարբեր մտածում եւ կարծիք ունենալ ուրիշի մը նկատմամբ։ Սակայն մտքի, կարծիքի եւ գաղափարներու զանազանութիւնը ո՛չ թէ արգելք, այլ եւ մանաւանդ առիթներ են ճշմարտութեան հասնելու, քանի որ կարծիքներու փոխանակութեան արդիւնք կը յայտնուի ճշմարտութիւնը։
Նոր Ջուղայէն սերած Միրմանեան գերդաստանի իտալաբնակ վերջին ժառանգին տեղին նախաձեռնութիւնը:
Մանուելա Սալվինի տէ Գիրակ Միրման պարգեւատրուեցաւ Մատենադարանի յուշամետայլով՝ Տէր-Ղեւոնդեանի ձեռամբ:
Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին առիթով «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ մասնաւոր ելոյթով մը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է սոյն մեծ ձեռնարկը, որուն ընդառաջ «Մարալ» կ՚իրականացնէ վերջին փորձերը։
Գարակէօզեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Բեմը քեզի կը սպասէ… դուն ալ մասնակցէ» կարգախօսով կազմակերպուած երաժշտական մարաթոնը, որ չորրորդն էր իր տեսակին մէջ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբին ներկայացումը։
Վենետիկի իշխանութիւնները կը պատրաստուին քաղաքին մէջ տեղադրել յատուկ սարքաւորումներ, որոնց միջոցով պիտի որոշեն իրենց այցելող զբօսաշրջիկներու որոշ թիւը:
Միացեալ Նահանգներու ամենասիրուած նախագահներէն՝ Ճոն Քենետիի անձնական օրագիրը Պոստոնի մէջ տեղի ունեցած աճուրդի ժամանակ վաճառուած է 718.750 տոլարով:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Վերջերս մամլոյ եւ տեղեկատուական այլազան աղբիւրներէ կ՚իմանանք այն ինչին տեղեակ չէինք անցեալ տարիներուն: Օրինակ՝ երկու անօրէն կեցութեամբ ամբաստանուած երիտասարդներ՝ մին տասնեօթ տարեկան, միւսը՝ տասնութ, հարաւ-ամերիկեան երկիրներու բնակիչներ, որոնք Միացեալ Նահանգներ կը գտնուին ուսանողական պատճառաբանութեամբ, կը բռնաբարեն 14-ամեայ աղջիկ մը Մերիլենտ նահանգի վարժարաններէն մէկուն մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
22 Նոյերմբեր 1943 թուականին Լիբանան կը հռչակէր իր անկախութիւնը: Երկիրը, որ մինչ այդ յայտնուած էր Ֆրանսայի «հոգատարութեան» տակ, կը ստեղծէր համակեցութեան հիմքով պատրաստուած ազգային սահմանադրութիւն մը, որուն ամենէն նշանակալի կէտը իսլամ-քրիստոնեայ համախառն իշխանութիւն մը կերտելն էր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կրօնք» բառով կը հասկցուի երկու տեսակ բան.
ա) Ուղիղ վարդապետութիւններ,
բ) Յայտնեալ բարոյական սկզբունքներու համեմատ սուրբ զգացումներ եւ վարք։
Երեւանի Ա. միջազգային օփերայի փառատօնին Գեղամ Գրիգորեանի ձօնուած ծրագիրը հասաւ աւարտին:
Երաժշտասէրները անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձուցին բարձրորակ համերգները՝ առաջին տիկնոջ հովանիին տակ:
Պէզճեան Մայր վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ Գումգաբուի մէջ կազմակերպեց կանանց հաւաքոյթ մը։ Համանուն սրահին մէջ ամառնամուտի այս հաւաքոյթը նախատեսուած էր ի նպաստ դպրոցին։
Եւրոմիութիւնը եւ Հայաստան յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեւաւորեն օդագնացութեան ընդհանուր գօտի մը:
Ապագայ համաձայնութեան շնորհիւ երկիրը պիտի ունենայ արտաքին աշխարհին հետ կապուելու աւելի լայն հնարաւորութիւն, կը նախատեսուին նաեւ զեղչեր՝ տոմսերու սակագիներուն մէջ: «Բաց երկնքի» քաղաքականութեան արդիւնքները:
Հայաստանի Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններուն նախաձեռնութեամբ համահայկական ծրագիր:
Նախարար Արմէն Ամիրեան. «Արուեստը լաւագոյն հարթակն է, որ կրնայ ապահովել մեր միասնականութիւնը»:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման ուղղեալ բանակցութիւնները շարունակուեցան Մոսկուայի մէջ:
Սէրկէյ Լաւրով, Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամէտեարով որոշեցին շփումները շարունակել քննարկուած հարցերուն շուրջ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Արմատացած սովորութիւններ կան մեր կեանքի խաչմերուկներուն մէջ, որոնք վարակիչ ախտի նման բոյն դրած են մեր ներսիդին։ Ախտեր, որոնք փոխանցուած են յաջորդող սերունդներուն դարերու ընթացքին, բայց ձախաւեր ազդեցութիւն ունեցած են ներկայ երիտասարդին մօտ։