Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
6 Յունիս 1982 թուականին Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշում կ՚ընդունէր լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու սկսիլ Լիբանանի դէմ: Իսրայէլի նպատակը մէկն էր, մահացու հարուած տալ Եասէր Արաֆաթի ղեկավարած ՊԱԿ-ին (Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւն), որ սկսած էր դառնալ Իսրայէլի հիւսիսային սահմանները վտանգող զինուորական ուժ:
Վեհափառ Հայրապետին յանձնուեցաւ «Բեթղեհէմեան ոսկէ աստղ» շքանշանը:
Նորին Սրբութիւնը Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաց լեզուի ակադեմիոյ նախագահը:
Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ, դարուն արուեստագէտը՝ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձը Հայաստանի մէջ իր անուան հրապարակին վրայ նշելը արդէն գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին առթիւ։ Երէկ յետմիջօրէին դպրոցի նորակառոյց համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքոյթը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պայքա՛ր մըն է Քրիստոսի կեանքը եւ քրիստոնեային կեանքը՝ մարդկային անասնական եւ ստորին հակումներուն դէմ։ Անիկա պայքա՛ր մըն է այն ամէն չարիքներուն դէմ՝ որոնք կը նուաստացնեն մարդը եւ վա՛ր կ՚իջեցնեն իր արժանապատուութեան պատուանդանէն։
Լոս Անճելըսի մէջ, նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին, Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսի հեղինակած «Ահա կինը» գիրքին գինեձօնը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց շուէտահայ լրագրող, բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանը:
Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ սկսած է միջազգային ամենէն հեղինակաւոր՝ ՆԱՍԱ-ի Տիեզերական յաւելուածներու վեցերորդ մրցումը, որուն Հայաստանը մասնակցած է արդէն երկրորդ անգամ: Միացեալ Նահանգներու օդանաւորդութեան եւ տիեզերական հետազօտութիւններու ազգային վարչութիւնը՝ ՆԱՍԱ-ն, միջազգային մրցումի մասնակիցներուն առջեւ դրած է յաւակնոտ հարց. 24 ժամուան ընթացքին մշակել եւ ներկայացնել նորարարական լուծումներ եւ առաջարկներ՝ կիրարկելով տուեալներու վիրթուալացում, քոտաւորում, ձեւաւորում եւ այլ միջոցներ:
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՍԾՏՀԿ) արդէն դարձած է 25 տարեկան։ Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդած ժամանակաշրջանին ստեղծուած այս կազմակերպութեան հիմնադիր պետութիւններու շարքին է Հայաստան։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ վերստին պաշտօնապէս վերադարձաւ ԱՔ կուսակցութեան գլուխը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կարեւոր ազդանշաններ տուաւ յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններուն շուրջ:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս ստեղծուած կլիմայի փոփոխութեան լոյսին տակ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այսօր կը տեսակցի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իր նաւթային եւ կազային բազմամիլիառ եկամուտները կը բաշխէ հետեւեալ չորս ուղղութիւններով՝ կաշառատուութիւն, Ալիեւի ընտանիքի եւ անոր բարեկամներու կողմէ թալան, ռազմական գնումներ եւ նախահաշիւային այլ հարցեր: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը կ՚ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ՝ հակառակ Ալիեւի միապետութեան վաստակած նաւթային միլիառաւոր տոլարներուն:
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Արդէն քանի մը ամիսներ անցած են Թրամփի վարչական իշխանութենէն, բայց տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի առնէ Պրն. Նախագահին արտաքին քաղաքականութիւնը։ Յստակ է, սակայն, թէ ինչ որ յատկանշեց, ընտրարշաւի ատեն, Տանըլտ Թրամփի գրգիռը, մարտունակութիւնը եւ անփութութիւնը, վերապրած են ու կը շարունակուին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Պաղեստինը պաղեստինցի արաբ ժողովուրդին երկիրն է: Եւ այդ հողին վրայ հաստատուած է իսլամութիւնը ու տարածած իր վսեմ գաղափարները»։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Սպիտակ եւ սեւ երանգները գունային աշխարհին մէջ ամենէն շատ կիրառուող գոյներն են։ Սպիտակը բարութեան, մաքրութեան, անմեղութեան, սրբութեան եւ կատարելութեան խորհրդանիշ է։
Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակման դէմ աննախընթաց վերաբերմունք:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները առաջին անգամ մատնանշեցին բախումներու պատասխանատուն: Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Պաքու կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրերը:
Երեւանի Պետական համալսարանի երդիքին տակ գիտաժողով մը՝ Թուրքիա-Հայաստան կապերուն շուրջ:
«Քաղաքական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը չի կրնար խանգարել երկու հասարակութիւններու միջեւ շփումները»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ կարեւոր արդիւնք կամ արժէք կարելի է ձեռք բերել առանց աշխատանքի։ Ամէն ինչ որ մարդ ունի՝ աշխատութեան մը հետեւանքն է՝ արուեստ, դաստիարակութիւն, գիտութիւն, արհեստ եւ ամէն ինչ։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը աւարտին հասաւ Մոսկուայի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, ժողովականները յորդոր ուղղեցին, որպէսզի հոգեւորականաց դասուն եւ ազգայիններու գործակցութեան խաղաղ մթնոլորտով ջանքեր ներդրուին պետական կառոյցներու հետ բարւոք լուծումներ գտնելու համար ստեղծուած կացութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի զանազան երեւոյթներուն, պատահարներուն եւ դէպքներուն ամէն մարդէ չի սպասուիր նոյն հակազդեցութիւնը՝ ոմանք քաջ են, ոմանք շուարած, ոմանք սարսափի մատնուած, եւ տակաւին անհամար մարդկային արտայայտութիւններ կարելի է նշմարել նոյն դէպքին, նոյն երեւոյթին նկատմամբ։ Ասիկա շատ բնական է, քանի որ ամէն մարդ նոյն բնաւորութիւնը, նոյն նկարագիրը կամ նոյն խառնուածքը չունի։