Արխիւ
Մխիթարեան վարժարանի մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ 24 նոյեմբեր, Ուսուցչաց օրը: Մխիթարեան հայրերու, վարժարանի վարչայիններու, ուսուցչաց կազմի եւ ծնողներու ներկայութեամբ կայացած հանդէսին աշակերտները իրենց ինքնաբուխ ելոյթներով գիտցան կրկին սիրտերը գրաւել իրենց թանկագին ուսուցիչներուն:
Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը կազմակերպեց մեր կրթական մշակներու համար նախատեսուած տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ուսուցչաց օրուան շրջանին զուգադիպած այս պտոյտին մասնակցեցաւ շուրջ հարիւր կրթական մշակ։
«Klasik Gitar İçin Gomidas Vartabed Düzenlemeleri» գիրքը հրապարակի վրայ:
Տոց. Թունճէր Էօնտէրի հեղինակած աշխատանքի յառաջաբանը ստորագրած է Զեքիեան Գերապայծառ:
Վրաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա ընտրութիւններուն երկրորդ՝ եզրափակիչ փուլն էր։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերու հիման վրայ՝ Հայաստանի արտասահմանեան դիւանագիտական կարեւոր ներկայացուցչութիւններու ղեկավար կազմին մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Արման Կիրակոսեան կը դադրի պաշտօնավարելէ որպէս՝ Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպան։
Հայկական զանգուածային լրատուական աշխարհը երէկ ունեցաւ կարեւոր կորուստ մը. ոչ եւս է յայտնի լուսանկարիչ Մարթին Շահպազեան։ 78 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Մարթին Շահպազեան, որ իր լուսանկարչական արտադրութիւնը յառաջ կը տանէր բազմակողմանի ձեւով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ նոյեմբեր ամիսը յատկացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի կառոյցներու ծանօթացման:
Վարժարանին մէջ բոլոր դասարանները իրենց մակարդակին համեմատ կատարեցին Պալեաններու վերաբերեալ աշխատութիւններ ու տեղեակ դարձան անոնց Օսմանեան կայսրութեան օրով կառուցած ճարտարապետական գլուխ գործոցներուն։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օդանաւը վայրէջքի կը պատրաստուէր։ Փափուկ, ձիւնաճերմակ ամպերուն մէջէն սկսաւ երեւիլ Պոլիսը՝ ժամանակին հայկական խոշորագոյն հոգեւոր ու մշակութային խառնարաններէն մին։
Երէկ, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի 52-րդ լիագումար նստաշրջանը սկսաւ Երեւանի մէջ։ Ներկայիս այս խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանային նախագահն է Հայաստան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այցի հրաւիրեց գերմանացի պաշտօնակիցը:
Սարգսեան մասնակցեցաւ նաեւ Միւնիխի միջազգային անվտանգութեան համաժողովին կողմէ կազմակերպուած քննարկման:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Անգարայի երէկուան ժողովը տեւեց մօտաւորապէս հինգ ժամ:
Թուրքիա աչք պիտի չփակէ Սուրիայէ ներս որեւէ կատարուած իրողութեան: Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ հանդիպում մը կը նախատեսուի յառաջիկայ օրերուն Արժանթինի մէջ՝ «G20»ի գագաթաժողովի օրերուն:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի դէպի Լոս Անճելըս ուղեւորութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին:
Նորին սրբազնութիւնը մասնակցութիւն բերաւ Արմէն Պայպուրթեանի ի պատիւ կազմակերպուած հաւաքոյթին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաքեալներուն հանգանակը կը դաւանի թէ Աստուած «Արարիչն է երկինքի եւ երկրի, իսկ Նիկիոյ-Կ. Պոլսոյ հանգանակը կը բացայայտէ «տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր էակները»։
Աստուածաշունչ մատեանի մէջ «երկինք եւ երկիր» ասոյթը կը նշանակէ ինչ որ գոյութիւն ունի. ամբո՛ղջ արարչութիւնը։ Արարչութենէն ներս Աստուածաշունչը կը մատնանշէ նաեւ այն զօդը, որ երկինքը եւ երկիրը իրարու կը միացնէ եւ միանգամայն կը զատորոշէ «երկիր»ը՝ աշխարհն է մարդոց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գէորգ Մուրատի անունը լսած պիտի չըլլայի, եթէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի մշակութային բաժինը կարճ նիւթ մը պատրաստած չըլլար արմատներով գամիշլիցի եւ Հալէպ ծնած հայ տաղանդաւոր նկարիչին մասին։ Գէորգն ու իր երաժիշտ գործընկերը՝ Քինան Ազմին նպատակ ունենալով օգնել սուրիացի փախստականներուն՝ «Տուները մեր մէջ» խորագրով նախագիծի մը ձեռնարկած էին։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք» (Հռ 6.19)։
Գերագոյն բաղձանքը, զոր իւրաքանչիւր հաւատացող եւ մանաւանդ խորունկ հաւատացող անհատ կ՚ունենայ, այն է՝ տիրանալ սրտի սրբութեան եւ արդարութեան հաստատման։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը նորաօծ քահանայ հայրեր, որոնք ձեռնադրուած էին անցեալ հոկտեմբերի 7-ին։ Այս եօթ նորաօծ քահանայ հայրերը, աւարտած ըլլալով իրենց ապաշխարութեան շրջանը, ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան իր օրհնութիւնները, նաեւ հայրական թելադրութիւնները իրենց յետագայ ծառայութեան վերաբերեալ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բազմաթիւ հարթակներու վրայ վերջին ամիսներուն ընթացք առաւ խօսակցութիւն մը, որուն հիմամբ մեծ թիւով լիբանանահայեր մտադիր են լքել իրենց ծննդավայրը եւ հաստատուիլ հայրենիք՝ Հայաստան։
Այս նիւթի վերաբերեալ խօսակցութիւնները մեծ աշխուժութիւն կ՚արձանագրէին յատկապէս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» զուգահեռ։
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բամբասողը եթէ Աստուծոյ տեսութենէն կ՚ուզէ չզրկուիլ, պարտաւոր է ջերմեռանդ զղջումով Աստուծոյ ողորմածութեան դիմել Յիսուսի անունով, ճշմարիտը խոստովանիլ այն մարդոց առջեւ, որոնք խաբուելով՝ անոր ստախօսութիւններուն եւ բամբասանքներուն հաւատք ընծայած են, մերժել անմիտ հպարտութիւնը եւ խոնարհիլ ստուգութիւնը վկայելու, որ երբեք անպատուութիւն չէ մարդուն համար, այլ՝ մեծ ամօթը ստախօսութիւնն ու բամբասանքն է, որ այլ կերպով հնարաւոր չէ, որ բնաջինջ ըլլայ, եթէ ոչ ստութեան փոխարէն՝ ճշմարտութիւնը հրապարակաւ խոստովանելով, ինչպէս քրիստոնէութեան առաջին դարերուն մէջ ապաշխարողը կը կանգնէր եկեղեցւոյ մէջ եւ ժողովուրդին առջեւ բարձր ձայնով իր մեղքը կը զղջար. այս հնաւանդ սովորութիւնը կամ հրապարակական զղջումը պահպանուած է մեր Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ, որ է՝ մեղայն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհի ամենայայտնի մուկը՝ Միքի Մաուսը կը նշէ 90-ամեակը: Այս առթիւ շուրջ ամիս մը աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կլոր ականջներով Մուկը տարբեր ձեռնարկներով կը յիշեցնէ 90 տարի առաջ իր յաղթական մուտքը ամերիկեան մշակոյթ:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ուսուցչաց օրը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները իրենց գործադրած յայտագրով ուսուցիչներու նկատմամբ արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը։