Արխիւ
Հայրենիքը հողն է, քաղաքը, գիւղը, տունը, լեզուն, մշակոյթը, մարդը… Ապրելով իր հողէն հեռու, մարդը կրնայ ունենալ ազգային ձգտումներ՝ ընտրելով գրիչը, բեմը կամ վրձինը…
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային մտախաղերը, որոնք այս տարի 9-րդ անգամ կազմակերպուեցան։ Վարժարանի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցան մտախաղերը, որոնց մասնակցեցան 13 միջնակարգերէ 39 աշակերտներ։

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան կողմէ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ պոլսահայ կրթական մշակներու աշխատանոց մը, որ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ:
«Թաթուլ Ալթունեան» եւ «Մարալ» համոյթներուն համատեղ ելոյթը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Հովանաւորն էր բարերար Երկանեան ամոլը:
Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան ու պարերու գագաթնային ձեռնարկը խոր տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ ռուս մէկէ աւելի պատասխանատուներ իրենց վրդովմունքը կ՚արտայայտէին Սուրիոյ կառավարութեան ցուցաբերած մօտեցումներուն մասին: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Աֆրինի դէպքերուն, ուր ըստ ռուսական աղբիւրներու, Պեշար Էսատի վարչակարգը «հլու եւ հնազանդ» չէր գտնուած եւ «խառնած էր» Աֆրինի համար նախատեսուած ծրագիրը:
Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ընդհանուր ընթացքին:
Պապլէիթի օդակայանը բանակի վերահսկողութեան տակ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Մենք աչք չունինք որեւէ երկրի տարածքին կամ ինքնիշխանութեան վրայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դատողութիւն» եւ «պատիւ». ահաւասիկ երկու արժէքներ, որոնք բանաւոր էակին՝ մարդուն էական յատկանիշներն են։ Դատողութիւնը, դատելու կարողութիւնը մարդուն յատուկ է, իսկ պատիւը, դարձեալ մարդուն բարոյական էութիւնը, արժանաւորութիւնը վեր պահող եւ ազնիւ հոգիի մը անհրաժեշտ տարրը, որ ընդհանրապէս կը յիշուի «մարդկային արժանապատուութի՛ւն»։
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի անունն ու մշակութային տաղանդը համաշխարհային ճանաչումի եւ գնահատանքի արժանացնող ազգային մեր մեծութիւններու փաղանգին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի Ալան Յովհաննէս, որու ծննդեան 107-րդ տարեդարձը կը նշենք Մարտ 8-ին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Խիզախ» համարուած որոշումով մը Երուսաղէմի քրիստոնեայ երեք հոգեւոր պետերու որոշումով կը փակուէր Ս. Յարութեան տաճարի մայր դուռը: Վերջին տասնամեակներուն Երուսաղէմի մէջ նման դէպք չէր արձանագրուած: Ճիշդ է, որ տեղի ունեցած էին բազմաբնոյթ տեսակի բողոքի հաւաքներ, սակայն չէր պատահած, որ իրարու հանդէպ ոչ այնքան «բարեացակամ» կեցուածք ունեցող համայնքներու ղեկավարները իրարու մօտ գալով՝ որոշում ընդունէին փակել քրիստոնեայ աշխարհի ամենէն նշանակալից տաճարին դռները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանի հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի «Դատաւորի Կիրակի», անիրաւ դատաւորի եւ այրի կնոջ առակին. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 2-5) աւետարանական հատուածին հետեւողութեա՛մբ։ Այս առակը, ըստ էութեան, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ «յարատեւութեան» կարեւորութիւնը՝ նպատակի մը հասնելու գործին մէջ։ Եւ երբ կը խօսուի յարատեւութեան մասին, կ՚արժէ յիշել այն բնական իրողութիւնը, թէ՛ ժայռի վրայ թափուած ջուրին ո՛չ թէ քանակը, այլ կաթիլներուն տեւականութիւնը եւ յարատեւութիւնն է, որ խոռոչներ կը բանան եւ կը ծակեն զայն։
Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան եւ Ռուսաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ Վլատիմիր Սփիվաքովի ղեկավարութեամբ, այսօր ելոյթ կ՚ունենան Մոսկուայի Երաժշտութեան միջազգային տան մէջ: Համերգը նուիրուած է Մոսկուայի մայրաքաղաքի կարգավիճակի վերադարձման 100-ամեակին։
Ֆրանսայի մայրաքաղաքէն ներս վերանուանում՝ ի յիշատակ մեծանուն մտաւորական Զապէլ Եսայեանի:
Համաշխարհային կանանց օրը այս տարի նշանաւորուեցաւ հայ մշակոյթի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումով մը:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս դարձեալ մտահոգիչ իրավիճակ:
Նիսի մէջ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեանի բնակարանին կղպանքը փոխուեցաւ՝ առանց զգուշացման:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան եւ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեան. Քրիստոսի Եկեղեցւոյ երկու բարձրաստիճան տնտեսները, իրենց երկրաւոր կեանքը կնքեցին Մեծ պահոց ապաշխարութեան սուրբ շրջանին մէջ։
Երանաշնորհ հոգեւոր ծնողիս յիշատակին առջեւ արտասանած սրտի խօսքէս յետոյ ինծի համար քաղցր պարտականութիւն նկատեցի դարձեալ սրտի խօսքով յիշել Գարեգին Պատրիարքը, իր վախճանման քսանամեակին առթիւ։
Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս ժամանած յոբելեար «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի պետական համոյթը եւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան իրականացուցին համատեղ ընդհանուր փորձ մը։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր գործող Ֆէրիգիւղի «Տերվիշ Էրօղլու» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ընդհանուր փորձը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Մեր մատենագիրներէն կը քաղենք ժամանակագրական կարգով չորս դասակարգի երգողներ. Գողթան երգիչներ, գուսաններ, տաղերգուներ, աշուղներ.
- Գողթան երգիչներ։ Գողթան կամ Գողթն գաւառը օրհնուած էր բնութեան պարգեւներով, մասնաւորապէս այգիներով։
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ ցարդ չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 3149-ի։
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները 15 Մարտին հանդիպում մը պիտի ունենան Պաքուի մէջ։ «Սփութնիկ» գործակալութեան հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պիտի հիւրընկալէ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ու Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէն։

«Մարալ»ի ընտանիքը ընթրիքով մը մեծարեց «Թաթուլ Ալթունեան» յոբելեար համոյթի անդամները:
«Küçük Prens» նաւուն վրայ հատուեցաւ նաեւ 80-ամեակի կարկանդակ մը՝ ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ:
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին ձօնուած 24-րդ նարտի անհատական աւանդական մրցաշարքը եզրափակուեցաւ նախընթաց օրուան աւարտականով։ Մրցաշարքի առաջինը հանդիսացաւ Այգ Ճետէն, որուն յաջորդեցին Գալուստ Ասլանպաշ, Սեդրակ Էօզէր եւ Գարեգին Պարսամեան։