Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018

Բանակի օրուան առթիւ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը:
Հայաստանի մէջ կառավարման նոր համակարգի անցումային շրջանը կը զուգորդուի բաղդատութիւններով:

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018

Նախագահ Էրտողան. «Մեր հերոս զինուորները դիւցազներգութիւն մը կը հեղինակեն Աֆրինի մէջ»:
Թուրք զինեալ ուժերը հակակշռի տակ առին ռազմավարական նշանակութեամբ Պուրսէա լեռը: «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրէն ներս ցարդ ոչնչացուեցաւ աւելի քան 557 ահաբեկիչ: Բանակը մարդասիրական օժանդակութիւն կ՚ընէ տեղացի ժողովուրդին:

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը, որուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այսպէս, այս արարողութիւնով եզրափակուեցաւ Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Լոս Անճելըսէն 70 մղոն դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուի Փէրիս (Perris) քաղաքը, որ վերջերս մեծ համբաւ ստացաւ՝ ցաւալի լուրի մը հաղորդումով։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Փաստեր եւ անծանօթը: Գիտութիւնը ի՞նչ կ՚ըսէ ընկերային ցանցերու՝ «Ֆէյսպուք»ի, «Թուիթըր»ի եւ «Ինսթակրամ»ի ազդեցութեան մասին՝ քու մտային առողջութեանդ վրայ: Այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է «Պի. Պի. Սի.»: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մանկական յիշատակները մարդուս ամենաթանկագին հարստութի՛ւնն է։ Մանկական անմեղ, մաքուր, անաղարտ եւ անշահախնդիր զգացումները երբ հետզհետէ կը փոխուին, կը վատթարանան, մարդ կ՚ուզէ ետ նայիլ՝ մանկութեան այն անմեղ շրջաններուն եւ կը փնտռէ այն օրերը՝ ապահով, անվտանգ, ամէն չար դիտաւորութիւններէ, կեղծիքէ եւ նենգամտութենէ հեռո՛ւ այն օրերը, որոնք այլեւս շատ փոխուած, եւ իրենց տեղը թողած են նենգութեան, խարդախութեան, խորամանկութեան եւ երկերեսութեան։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը կ՚ողջունէ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը:
Պերճ Սեդրակեան. «Իր հեղինակութիւնը շատ օգտակար պիտի ըլլայ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ»:

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018

«Պէյօղլուի զրոյցներ» խորագրեալ շարքին եզրափակիչ փուլը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Փերա փալաս» պանդոկին մէջ։ Պէյօղլուի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

2018 թուականը Լիբանանի համար «վճռական» տարի մը պիտի ըլլայ: Այն իմաստով, որ երկար տարիներու բացակայութենէ ետք լիբանանցիք պիտի ընտրեն նոր խորհրդարան մը, որուն երեսփոխաններուն թիւն է՝ 128:

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Յուսախաբութիւն եւ յուսահատութիւն կոչուող «անխորտակելի» ուժերուն դէմ մարտնչիլը շատերու համոզմամբ ապարդիւն ջանք մըն է, որ ժամանակդ կը խլէ եւ քեզ մարտահրապարակին վրայ միայնակ կը թողու։ Կեանքիդ տեւողութեան մէջ շատ անգամ նեղութիւններու կը հանդիպիս, տագնապներու կը մատնուիս, երբեմն անել կացութեան մէջ կը գտնուիս եւ յաճախ տխուր պահեր կ՚ապրիս։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

27 Յունուար Շաբաթ օր Սուրբ Սարգիսի յիշատակի տօնն է։ Այս տօնին կը յիշուին նաեւ իր որդին՝ Մարտիրոսը եւ տասնչորս զինուորները։ Սուրբ Սարգիս զօրավար մըն էր, ծնած՝ քրիստոնեայ ընտանիքէ, Կապադովկիայի՝ Քամիրքի շրջանին մէջ։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018

Երեւանի քաղաքապետարանի Հանրակրթութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակին նուիրուած յոբելենական միջոցառումներու շրջանակէն ներս տեղի ունեցած է դպրոցականներու նկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթ։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018

Հայ հոգեւոր երգի անզուգական կատարող Լուսինէ Զաքարեանի թանգարանի վերանորոգման աշխատանքը կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ Յունիսի 1-ը՝ երգչուհիի ծննդեան օրը։ Այդ օրն ալ տեղի կ՚ունենայ թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018

Հայաստանի վարչապետը աւարտեց դէպի Տաւոս այցելութիւնը, որ ունէր յագեցած օրակարգ մը:
Կարէն Կարապետեան երէկ տեսակցեցաւ Ասիական զարգացման դրամատան նախագահ Թեքհիքօ Նաքաոյի հետ:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս Կարէն Կարապետեանի շփումները:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը տեսակցեցաւ զանազան երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Սթրազպուրկի մէջ օրակարգի վրայ եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առկայ փակուղին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստի ընթացքին պատասխանեց Թուղրուլ Թիւրքէշի հարցման:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

vԱրցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ կը շարունակուին ռազմական գործողութիւնները
Մոսկուա կ՚ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման գծով բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Նախագահ Էրտողան այցելեց Հաթայ՝ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու հրամանատարական կեդրոնը:
«Թուրքիա կը հանդիսանայ ՆԱԹՕ-ի անդամ այն երկիրը, որ ահաբեկչական յարձակումներու կ՚ենթարկուի առաւելագոյն չափով, մինչ այդ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն պէտք է օգտուի՝ համաչափ ուժ կիրառելով»:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Ծած­կոցս ո՞ւր է, մա՛մ, վեր­ցու­ցե՞ր ես, չեմ կրնար ա­ռանց ա­նոր քնա­նալ, գի­տե՛ս:
Գի­շե­րուան ժա­մե­րուն ի­րա­րան­ցում մը կը ստեղ­ծուի յան­կարծ տան մէջ: Տաս­ներ­կու տա­րե­կան ման­չու­կը հեւ ի հեւ տան բո­լոր ան­կիւն­նե­րը ի­րար կ՚ան­ցը­նէ, ծած­կո­ցը կը փնտռէ:

Էջեր