Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունուեցաւ Մեհմէտ Էօզհասեքիի կողմէ:
Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը պիտի վերանորոգէ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած գիտաժողով մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ տարեվերջի պտոյտ մը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս մասնակցութիւն բերին շարք մը միջվարժարանային ձեռնարկներու։ Neslin Değişen Sesi վարժարանին կողմէ կազմակերպուած մտախաղերու ծիրէն ներս դպրոցի ներկայացուցիչ խումբը հանդիսացաւ առաջին։
Էսաեան լիսէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն բառախաղի մրցոյթը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Մրցոյթին մասնակցութիւն բերին մեր համայնքէն 11 միջնակարգ եւ 5 լիսէ, ինչպէս նաեւ յոյն համայնքէն երեք վարժարան։
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ վաղը նախատեսուած է յատկանշական ձեռնարկ մը:
Արշակ Բ.-ի կերպարը պիտի մարմնաւորէ յայտնի մենակատար Բարսեղ Թումանեան:
Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Ի՞նչ է Ս. Պատարագը։
- Սուրբ Պատարագը խորհուրդն է Ս. Հաղորդութեան։ Ան Վերջին ընթրիքին եւ Գողգոթայի խաչին վրայ Քրիստոսի կատարած զոհին յիշատակումն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ եթէ «յաջողութիւն»ը նպատակ մըն է, ապա ուրեմն իմաստութիւնը եւ հեռատեսութիւնն ալ անոր անհրաժեշտ եւ անմիջական ազդակներն են։
ՀՐԱՆԴ ՆՈՐՇԷՆ
2007-ին Փարիզի 12-րդ թաղամասին մէջ կը բացուէր Գաղթականութեան պատմութեան ազգային ոստանը։ 1931-ին կառուցուած շէնքը նախապէս կը կոչուէր «Գաղութներու թանգարան»։ Հոն կը ցուցադրուին Ֆրանսայի պատմութեան մէջ շուրջ երկու հարիւր տարուան գաղթականութեան վերաբերող զանազան նիւթեր՝ «աշխատանք», «մշակոյթ», «ապրելու վայր», «կրօնք», «նոր կեանք», «մարմնամարզութիւն» եւ այլն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս որ ընտանիք մը, կամ իր լայն առումով՝ գերդաստան մը անդամներէ կը բաղկանայ, նո՛յնպէս եւ ընկերութեան եւ ընդհանրապէս ազգի մը համար ալ միեւնոյն առընչութիւնը պէտք է ընդունիլ։ Այս իմաստով ընկերութիւնը եւ ազգը լայն եւ մեծ ընտանիք մըն է՝ որուն անդամները այդ ընկերութեան կամ ազգին պատկանող անհատներն են։
Վրաստանի մէջ նախկին վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի կը վերադառնայ քաղաքական ասպարէզ։ Վերջին օրերուն ան վերընտրուեցաւ կուսակցապետ՝ իր կողմէ հիմնադրուած «Վրացական երազանք» կուսակցութեան համար, որ կը գտնուի իշխանութեան գլուխը։
Համահայկական նուագախումբը փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
Օփերայի երդիքին տակ հնչեցին հայ ականաւոր երգահաններու ստեղծագործութիւնները:
Պաղեստինէն հասած լուրերը վերստին մարդկային լուրջ ողբերգութեան մը ահազանգը կը հնչեցնեն։ Վերջին օրերուն Պաղեստինէ ներս ստեղծուած է դարձեալ շատ խնդրայարոյց մթնոլորտ մը։
Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը չի նախատեսեր արտաքին քաղաքական ուղենիշի փոփոխութիւն:
Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովի ծիրէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեսակցեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Նորին սրբազնութեան կ՚ուղեկցի Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ան այս առաւօտ օդային ճամբով մեկնեցաւ մայրաքաղաք։
Հանրապետութեան նախագահը Լոնտոնի մէջ կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ՝ հիւրընկալուելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Մասնաւորապէս կը սպասենք այն օրերուն, երբ Հայաստանի ղեկավարութենէն պիտի տեսնենք տրամաբանական մօտեցումներ»:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ առաւօտ սկսաւ տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի աւանդական մրցաշարքը, որ 14-րդն է իր նմաններու շարքին։ Համայնքային միջնակարգերէ ճատրակի խումբերու մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս եռօրեայ մրցաշարքը
Փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներուն բերումով թէեւ մեր բազում համայնքային կառոյցներ նիւթական նոր միջոցներ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան, սակայն, դժբախտաբար, համայնքային ընդհանուր անկազմակերպ վիճակին հետեւանքով պոլսահայ կրթական կեանքէն ներս նիւթական անբաւարարութիւնները կը մնան առկայ։ Այս ամբողջին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր Կեդրոնական վարժարանն ալ կը դիմագրաւէ նիւթական լուրջ անբաւարարութիւններ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լուսինէ Յովհաննիսեան լրագրող, հրապարակախօս է: Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն, աշխոյժ լրագրողական գործունէութիւն ունեցած է այդ տարիներուն լոյս տեսած «Անկախութիւն», «ԱՐ», «Շրջան», «Այժմ» շաբաթաթերթերուն մէջ: