Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի հեղինակած գիրքը լոյս տեսաւ «Սուրբ Թագաւոր» մատենաշարէն, Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի մեկենասութեամբ:
«Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան Գատըգիւղի հետքերով» ուսումնասիրութիւնը անանտեսելի նպաստ մը կը բերէ թրքահայ հաւաքական յիշողութեան եւ պատմութեան ընկալումներուն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այսօր, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կ՚երթանք դէպի ետ՝ 1899 թուականին, եւ պատմութեան այս ճամբորդութեան մէջ, «ՄԱՍԻՍ» կիսամսեայ հանդէսին 15 մայիս 1899 թուակիր օրինակին մէջ կը հանդիպինք Մ. Շ. ստորագրութեամբ շահեկան յօդուածի մը՝ «Միջազգային իրաւախոհութիւն խաղաղութեան դեսպանախորհուրդին առթիւ» խորագրով, ուր կը նկարագրուի Լա Հէյի դեսպանախորհուրդի պատմական կարեւոր ժողովը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս դէպքը վերջերս տակաւին պատահած է Ճաբոնի մէջ։ Արդարեւ, 35 տարեկան Աքիհիքօ Քոնտօ նոյեմբեր 4-ին ամուսնացած է պուպրիկի մը հետ եւ ամուսնութեան այդ խրախճանքին ծախսած է 18.000 տոլար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ժողովուրդներու զարգացման, յառաջդիմելու եւ քաղաքակրթուելու ընդհանուր պատմութեան հիմը եղած է միշտ նիւթական կեանքը։ Նոյնիսկ նախապատմական ժամանակներու մէջ, կամ այդ պայմաններուն տակ գտնուող հասարակութիւնները օրը օրին ապրելու տաղտուկները միայն ունին եւ իրենց նիւթական, եթէ կարելի է ըսել տնտեսական կեանքով, որեւէ կերպով փոխադարձ յարաբերութիւններու մէջ չեն գտնուիր իրենց սահմանակից օտար ցեղերու հետ, բոլորովին մեկուսացած գոյութիւն մը ունին անոնք։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում մը, որ մեզմէ շատեր յաճախակի կերպով կը հարցնեն, հասկնալու համար մեր գոյութեան, մեր լինելիութեան պատճառը: Հարցումը ինքնին ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչումի առիթ մը կ՚ընծայէ իւրաքանչիւրին, որոնք այդ հարցումը կ՚ընեն իրենք իրենց:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Թայմ» պարբերականը իր անցեալի թիւերէն նիւթ մը թարմացուցած է, ուր կը խօսուի նաեւ հայազգի գրող Մայքըլ Արլէնի մասին: Խումբ մը գրողներու հետ քննութեան առնելով նաեւ Արլէնի անունը, պարբերականը կը յիշեցնէ, որ ժամանակին աշխարհահռչակ գրողը այսօր գրեթէ մոռացութեան մատնուած է:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Լոս Անճելըսի մէջ ազդարարուեցաւ «Սրբոց Յակոբեանց Ասպետներ» հիմնադրամի հաստատումը:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին ի պատիւ ջերմ ընդունելութիւն՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն ներս:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նախօրեակին Գումգաբուի մէջ ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս Պատրիարքարանի տօնածառը զարդարուեցաւ, ինչ որ կ՚ազդարարէ տօնական շրջանի սկիզբը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թէ՛ ծնողաց միութիւնը եւ թէ քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբը բծախնդիր պատրաստութիւններ տեսած էին եւ այդ ամբողջ աշխատանքը արդարացաւ քէրմէսի արժանացած վառ հետաքրքրութիւնով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Այդ մէկը Խորհրդակցական մարմնի 2018 թուականի վերջին նիստն էր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ թուրք զինեալ ուժերը յառաջիկայ օրերուն գործողութիւններու պիտի ձեռնարկեն Եփրատի արեւելքին։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, նախագահ Էրտողանի այս յայտարարութեան զուգահեռ բանակը սկսաւ կուտակումներ կատարել Սուրիոյ սահմանին վրայ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Պէյօղլուի մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ հայ մեծանուն արուեստագէտ Սերկէյ Փարաճանովի ժառանգութեան վերաբերեալ ցուցահանդէս մը։ Բառին բուն իմաստով աննկարագրելի ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ կոչուած է՝ «Փարաճանով՝ Սարգիսի հետ»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն խումբ մը սաներ եւ ուսուցիչներ քաղաքիս մէջ կ՚անցնեն յատկանշական օրեր:
Աշակերտները, որոնք այցելեցին Պատրիարքարան, ջերմօրէն կը հիւրընկալուին համայնքային շրջանակներուն կողմէ ու կը ծանօթանան Իսթանպուլին:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018

Ռիզէի անվտանգութեան տնօրէն Ալթուղ Վերտի երէկ զոհ գնաց սարսափելի զինեալ յարձակումի մը։ Ոստիկան Իսմայիլ Հաքքը Սարըճաօղլու, որու այլ վայր մը գործուղղուելու փափաքը մերժուած էր, երէկ կրակեց անվտանգութեան տնօրէնին վրայ, ինչ որ մեծ ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրին մէջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018

Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որուն զոհ գնաց երկու հոգի։ Դէպքին հետեւանքով 13 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018

Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Քաղաքացիական հասարակութեան 10-րդ վեհաժողովը:
Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Թիֆլիզի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ՝ որպէս հրաւիրեալ բանախօս:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018

Արդարադատութեան, արտաքին գործոց, ներքին գործոց եւ ելմտական ու գանձի նախարարներուն մասնակցութեամբ կարեւոր ժողով Անգարայի մէջ:
Թուրքիա Եւրոմիութենէն կ՚ակնկալէ բանակցութիւններու վերսկսման համար խրախուսական վերաբերմունք եւ Մաքսային միութեան համաձայնութեան արդիականացումը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նախապէս, օգտուելով հոգեբոյժ Տքթ. Պօղոս Քօլօլեանի «Յոռետեսութիւնը բժշկութեան առջեւ» յօդուածէն, խորհրդածութեան նիւթ ունեցած էինք յոռետեսութիւնը։ Որպէս նիւթին շարունակութիւնը, եւ դարձեալ օգտուելով վերոյիշեալ յօդուածէն, պիտի փորձենք ներկայացնել յոռետեսութեան գրականութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնը պատմութեան ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Պոլիսն ու հայը բարեկամ են հին ժամանակներէ ի վեր։ Նախկին Պոլսոյ հայկական ուրուագիծը՝ ի համեմատ ներկայիս, տասնամեակներու, դարերու յարափոփոխ ժամանակաշրջանին, գրեթէ անճանաչելիօրէն փոխուած է։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի» (Ղկ 8.50)
Յարուցեալ Աստուածորդիին կողմէ արտասանուած այս խօսքը դարեր շարունակ դարձաւ հաւատք կռանող, յոյս ներշնչող, յուսալքեալը յուսադրող, մեղքով գերեվարուածը ազատագրող, մահուան ճիրաններուն մէջ շղթայուածը արձակող, մեղքին խայթոցը «կոտրող» եւ քրիստոնէական հաւատքը ջրդեղող աստուածախօսիկ պատգամ մը։

Էջեր