Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019

Հանրապետութեան նախագահը յօդուած մը գրի առաւ The New York Times հեղինակաւոր թերթին մէջ:
Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Թուրքիա կը ձգտի ծաւալուն ռազմավարութիւն մը կեանքի կոչել Սուրիոյ պարագային:

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ միշտ «հարց» մը, աւելի ճիշդ է ըսել, «փափաք» մը կայ մեծ կամ առաջնակարգ ըլլալու։
Անշուշտ բնական է, որ մարդ միշտ աւելի լաւը, աւելի ընտիրը ըլլալ փափաքի, եւ այս ուղղութեամբ աշխատի։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ես բանաստեղծ չեմ, որպէսզի կարենամ գրախօսական մը գրել քու նոր հը-րատարակած երկու գիրքերուդ համար»:
Խաչիկ Տէտէեանին հետ ունիմ տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւն, որ անցած է անհատական բարեկամութենէ՝ հասնելով ընտանեկան ջերմ յարաբերութիւններու եւ հանդիպումներու: 

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019

Աշխատասիրեց՝ 
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ, 
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարուստներուն վերաբերող առաքինութիւնները կարելի է երեք մասի բաժնել.
ա) Շնորհակալութիւն առ Աստուած. այս գոհունակութենէն անշուշտ կը ծնին հեզութիւն եւ հոգիի աղքատութիւն, որովհետեւ հարստութիւնը Աստուծոյ տո՛ւրք է կա՛մ՝ բարիք, որ Աստուած կը պարգեւէ կառավարելու համար եւ իրենք ոչինչ ունին, որով կարենան հարստանալ:

 

 

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019

Գարակէօզեանի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցներու մասնակիցները Ամանորը դիմաւորեցին խրախճանքով մը։ Վերջին շուրջ երեք ամսուան ընթացքին աշխատանոցներու ծրագրին մասնակից եօթ տասնեակ փոքրիկներ մասնակցեցան այս խրախճանքին, անոնց միացան նաեւ ութ չափահասներ։

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019

Շիշլիի նախկին քաղաքապետը դարձեալ թեկնածու է յառաջիկայ մարտի տեղական ընտրութիւններուն:
Մուսթաֆա Սարըկիւլ վստահութիւն կը յայտնէ, թէ մրցանշային համեմատութեամբ քուէներով յաղթանակ պիտի տանի:

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վ. Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ անմահութիւնը աւելի լա՛ւ կը տեսնէ եւ կը հասկնայ, երբ կը շրջի գերեզմանատան մէջ՝ առանձին։ Արդարեւ, ինքնին խորհո՛ւրդ մըն է գերեզմանատունը, վայր մը՝ ուր մարդ շատ յստակ կերպով կը խորհի կեանքի մասին, անոր նպատակին եւ իմաստին, որ շատ անգամ կ՚անտեսուին ամէնօրեայ կեանքի զբաղումներուն, աշխարհային հոգերուն եւ «վաղուան մտահոգութիւն»ներուն պատճառով։

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019

ՏՔԹ.ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երեքշաբթի 30 հոկտեմբերին՝ Երեւանէն կը վերադառնամ Պէյրութ։ Արդէն բաւական «ծանրաբեռնուած» եմ հայրենիքի ջերմութեամբ եւ անոր հարազատութեամբ:

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

-Նոնա՛, մոմ վառենք:
Մինչ եկեղեցիէն դուրս մթնոլորտը տօնական է, Կաղանդ պապան եւ անոր ընկերակցող կերպարները կ՚երգեն ու կը պարեն, փոքրիկ ձեռքը ափիս մէջ սեղմած՝ երկուքով կը մտնենք եկեղեցի:

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019

Հայ եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, հինգ տաղաւարներու յաջորդող երկուշաբթի օրերը կը կոչուին մեռելոց, այսինքն՝ մեր հանգուցեալներու յիշատակը հաւաքական կերպով յարգելու սահմանուած յատուկ օրեր: Տարուան 365 օրերու հեւքոտ ընթացքը մեր աչքին առջեւ ունենալով, երբ յաճախ ապրողներս ալ զիրար ալ կը մոռնանք, կը տեսնենք, որ մեր հայրերու կարգադրութիւնը որքա՜ն իմաստուն է:

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019

«Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան աստուածապատուէր ուղիով մարդկութիւնը պիտի կարողանայ ըլլալ Երկիր մոլորակի վրայ ու մնալ որպէս մեծ ընտանիք՝ փոխադարձ սիրով ու օգնութեամբ ամոքելով իր վէրքերը, հոգալով կարիքները, կարգաւորելով այս աշխարհի խնդիրները ու ծառայելով «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» հրեշտակաձայն պատգամին, որ հնչեց շնորհաբեր ժամուն Սուրբ Ծննդեան»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով ու ցնծութեամբ Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի աւետիսը փոխանցեց իր աշխարհացրիւ հօտին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ­. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր տուաւ իր պատգամը «Ընտանիքի տարուան» մեկնարկին:

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Կեանքի ճամբորդութիւնը ունի իր անխուսափելի ելեւէջները: Հինէն մարդու գլխաւոր նիւթերէն եղած է նոյնինքն մարդը: Ո՞վ է, ի՞նչ է եւ այլն: Առնենք «Մարդը ընկերային արարած մըն է» (Սոկրատ) խօսքը:

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք հայրապետական պատգամը։

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Թրքահայութիւնը ուրախութեամբ տօնախմբեց Սուրբ Ծնունդը: Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին հնչեցին դրական պատգամներ: Նորին սրբազնութիւնը օրհնուած նուռեր բաժնեց բոլոր ներկաներուն:

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Փառք ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս արժանացանք լսելու եկեղեցիներու Քրիստոսի Ս. Ծնունդը աւետող ղօղանջները։
Այս սուրբ օրերուն երբ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ վախճանեալ հոգեւոր ծնողս՝ Շահան Սրբազան Արքեպիսկոպոսը, կը յիշեմ նաեւ մեզի հետ միասին եղած օրերուն իր իւրայատուկ ոճով պատմած գեղեցիկ պատմութիւնները ու իր կենդանի յիշատակները։

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ
ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղկ 2.10)

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Աստուծոյ առաջնորդութեամբ մարդկութեան առջեւ կը բացուի Նոր տարին, որ կը նուիրագործուի Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեամբ:

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին» (ՏԻՏ. Բ 11)։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին երկու Աստուածայայտնութեան տօները՝ Քրիստոսի Ծնունդը եւ Մկրտութիւնը կը տօնէ միասին։ 

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019

Մայրս եւ եղբայրներս անոնք են. որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն  եւ կը գործադրեն։
(Ղկ. 8.21)

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Էր Լոյսն ճշմարիտ,
որ լուսաւոր առնէ զամենայն մարդ,
որ գալոց է աշխարհ
(Յովհաննէս, 1.9)

Էջեր