Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018

Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Այս տարի հինգերորդ անգամ կազմակերպուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը Գնալը կղզիի վրայ եւ դարձեալ արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018

Foreign Policy Centre անգլիական վերլուծական կեդրոնէն Կրէյկ Օլիֆանտի հետաքրքրական յօդուածը:
Ի՞նչ բարեփոխումներու եւ մարտահրաւէրներու կը սպասուի Հայաստանի մէջ՝ իշխանափոխութեան յաջորդած ներկայ փուլին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018

Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարանները այս շրջանին կը դիմագրաւեն շարք մը դժուարութիւններ։ Այդ դժուարութիւնները խորքին մէջ խնդրոյ առարկայ են ընդհանրապէս երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւններուն տեսակէտէ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018

«Շատ մը գործատեղիներ կը վերաբացուին եւ քաղաքներէ դուրս գտնուողներ կը վերադառնան»:
Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան. «Հայրենադարձութիւնը խօսք չէ, այլ գործ է»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018

Նոր կառավարման դրութեան հաստատման զուգահեռ՝ բարեփոխումներու ծրագրերը թափ կը ստանան:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «Վիզաներու ջնջման հարցին շուրջ Թուրքիա չի փափաքիր քաղաքական խոչընդոտներ»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018

Աշ­խա­տա­սի­րեց՝
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Առաջին երեք Աւետարանները կը կոչուին համատեսական Աւետարաններ, որոնցմէ երկրորդն է Մարկոսի Աւետարանը։ Անոնք թէեւ իրենց միջեւ տարբերութիւններ ունին, սակայն անոնք իրենց պարունակութեան ու բովանդակութեան գլխաւոր մասերուն մէջ կը նմանին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երէկ ուշադրութիւնս գրաւեց ամերիկեան պահպանողական թերթ՝ «Ուաշինկթըն Թայմզ»ի տեսակէտ բաժնի տակ հրապարակուած մէկ վերլուծական յօդուածը, որուն հեղինակն է լրագրող Լ. Թոտ Ուուտը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018

Սիտնիի Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, օգոստոսի 4-ին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի, տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Ս. Գրքի ընկերութեան տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսավարն էր Սեդա Յովակիմեան, որ ներկայացուց Տքթ. Ճէպէճեանը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը՝ ներկայացնելու համար նորատիպ գիրքը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ինչե՜ր կը փոխէ պատերազմը։ Քաղաքներ ու գիւղեր, շէնքեր ու փողոցներ, պողոտաներ ու թաղեր։ Պատերազմը ունի դիմափոխող յատկութիւն մը, որ սովորական յատկութիւն մ՚ըլլալէ անդին իր մէջ կը ներառնէ ընդհանուր կազմաքանդումի հրէշային ամբողջ համակարգ մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վերափոխման յաջորդող 4-րդ կիրակի, Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը կարդացուի «Հինգ հազար հոգիի կերակրումը» բացատրող Ճաշու աւետարանի բաժինը. (ՄԱՐԿ. Զ 30-44)։ Վերափոխման յաջորդող այս 4-րդ կիրակին, այս տարի, կը հանդիպի 2 սեպտեմբեր օրուան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018

Ազգային մեծ ժողովի նախագահը պաշտօնական այց մը տուաւ Պաքու. բարձր մակարդակի հանդիպումներ:
Պինալի Եըլտըրըմ նշեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասին կը շարժին տարածքաշրջանային հարցերու շուրջ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018

30 օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ պաշտօնական ընդունելութիւն՝ Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեր համայնքին անունով բարեմաղթանքներ փոխանցեց նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ մը։ «Երիտասարդներ կ՚երգեն ու կը նուագեն հոգեւոր երգեր» խորագրեալ երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ խմբավար Հրանդ Չիզմեճեանի գլխաւորութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ շաբթուան սկիզբէն ի վեր գրեթէ ամէն օր մշակութային ձեռնարկ մը տեղի կ՚ունենայ Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս եւ երէկուան համերգն ալ եկաւ համալրել այդ շարքը

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան ու գիտութեան նախարարը այցելեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետն ու Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձան նաեւ սփիւռքէ ներս մայրենիի ուսուցման հարցերուն:

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018

Երեւանի «Վան» դհոլահարներու համոյթի եւ Վանաձորի «Հորովել» մանկապատանեկան պարերու համոյթի անդամները՝  գլխաւորութեամբ իրենց ընդհանուր ղեկավար Արսէն Աւետիսեանի եւ գեղարուեստական ղեկավար Ալպերթ Օրտինեանի, երէկ այցելեցին Պատրիարքարան, ուր յանուն Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ընդունուեցան լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ծխա­խո­տը կը վա­ռէ, կը ներշն­չէ կծու ծուխն ա­նոր ու լուռ խորհր­դա­ծու­թեան մը դու­ռը կը բա­ցուի:
Ծու­խին քու­լա­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն կը դի­տէ դէ­մի­նին աչ­քե­րը, կը պատ­մէ ա­նոր կար­ծես, կը թա­փէ ներ­սը կրծող խո­հե­րը՝ լո՜ւռ, ան­խօ՜ս:

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային ամբողջ կեանքը՝ հակապատկեր արարքներու ընթացք մըն է։ Արդարեւ, կեանքի մէջ որքան կան բարի, մաքուր եւ ազնիւ արարքներ, նո՛յնքան կը գտնուին ամենէն չար, աղտոտ, ստորին եւ մեղապարտ արարքներ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուած աղբիւրն է կեանքի, լոյսի, ուրախութեան՝ բովանդակ տիեզերքին։ Օրհնութիւններ  կը բխին Անկէ Իր բոլոր արարածներուն վրայ։ Եւ ուր որ ալ Աստուծոյ կեանքը մարդոց սրտերուն մէջ ըլլայ, սէր եւ օրհնութիւն պիտի տարածէ անոնց բոլորին վրայ անխտի՛ր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 96-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վերջերս խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանբեր Զախարովա անդրադարձաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ նախատեսուած հաւանական հանդիպման։

Էջեր