Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքը կամ Աստուածաշունչը կը բաղկանայ երկու մասերէ, որ են Հին եւ Նոր Կտակարանները։ «Կտակարան» բառը յունարէն «տիաթիքի» բառին թարգմանութիւնն է։ Այս յունարէն բառը կը նշանակէ «կարգադրութիւն», եւ յունարէն Նոր Կտակարանին մէջ գործածուած է, նախ՝ այն կարգադրութիւնը կամ պայմանը նշանակելու, զոր Աստուած մարդոց հետ ընել հաճեցաւ, եւ այս առմամբ նոյն բառը հայերէն թարգմանուած է «ուխտ»։
Թիւրքմենիստանի մէջ կազմակերպուած ծանրաբարձութեան համաշխարհային առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականն ալ մրցաշարքի աւարտին վերադարձաւ Երեւան։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիա պիտի այցելէ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հարկ է նշել, որ ներկայ տարուան տեւողութեան երկու ղեկավարները ուղղակի կամ հեռաձայնով զրուցած են 32 անգամ։
Յունաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուին Սահմանադրութեան բարեփոխումներ։ Երկրի կառավարութիւնը կը նախատեսէ այս փոփոխութիւնը Սահմանադրութեան մէջ ամրապնդել աշխարհավարութեան հիմքերով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի», (ՂՈՒԿ. Ը 50)։
Յիսուսի բազմաթիւ հրաշք-բժշկութիւններէն մին է նաեւ ժողովրդապետ Յայրոսի աղջկան բժշկութիւնը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը՝ ի յարգանս Պալեան ընտանիքին։ Օսմանեան շրջանի արքունի ճարտարապետներու այս գերդաստանի ներկայացուցիչներուն ծաւալած գործունէութիւնը եւ թողած աւանդը հերթական անգամ արժեւորուեցաւ այս ձեռնարկի ընթացքին։
Կիւմրիի տիկնիկային թատրոնը նոր շունչ առած կը շարունակէ տարածել հէքեաթի շունչն ու գոյները։ Այսպէս, Կիւմրիի «Ստեփան Ալիխանեան» տիկնիկային թատրոնը կը շարունակէ նոր ներկայացումներով ուրախացնել երեխաները:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մարդիկ զանազան պատճառներով, մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն, ճնշուած եւ ընկճուած են: Ձերբազատելու համար զանազան միջոցներ ու ձեւեր կը փնտռուին:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 10-ին կ՚ոգեկոչենք հայ ժողովուրդի «Երկաթէ Շերեփ» պատգամած անմոռանալի ՀԱՅՐԻԿին՝ վանեցի Խրիմեան Մկրտիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1820-1907) վախճանումը։
Կ՚ոգեկոչենք յիշատակը Ամենայն Հայոց Հովուապետին, որ իր հօտը առաջնորդեց պատմականօրէն ծայր աստիճան բախտորոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ մէկ ձեռքին հայու հաւատքին Խաչը բարձր բռնած, միւս ձեռքին ալ հայու իրաւունքին ու արդարութեան ձեռքբերման «Երկաթէ Շերեփ»ը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արմակեթոն, կամ «Իրանը պատժելու օրերը հասան»… Ահա՛, այս բառերով կը նկարագրէին ամերիկացի պատասխանատուներ Իրանի դէմ գործարդրուող պատժամիջոցները։ Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ գործի կը լծէր իր Դուիթըրի էջը, կը տեղադրէր իր պատկերը եւ փորձելով ներկայացնել ընդհանուր իրավիճակը՝ կը փորձէր ցոյց տալ պատիժներուն «ուժ»ը։
Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղին մէջ բացուեցաւ անմահ Սիլվա Կապուտիկեանին նուիրուած պուրակ մը։ Այսպէս, մեծանուն գրող Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղի Թաթուլ Խաչատրեանի անուան միջնակարգ դպրոցի բակէն ներս բացուեցաւ «100 ծառ՝ Սիլվա Կապուտիկեանին» պուրակը:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ համակեցութեան նիւթին շուրջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաւիրուած էր «Վերածնունդ եւ երիտասարդութիւն» անուանեալ դաշնակցութեան կողմէ:
Առաջին աշխարհամարտի աւարտը բնորոշած զինադադարի 100-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Փարիզի մէջ:
«Մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, բայց պատմութիւնը կրնայ մեզ փոխել՝ որպէսզի մեր գալիքը դառնայ աւելի լաւ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միշտ պատրաստակամ։ Այս բառերով կրնամ նկարագրել Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեանը։ Թիֆլիզի դարաւոր առաջնորդութիւնը հովուող սրբազան հայրը՝ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, միշտ ալ պատրաստակամ եղած է պատասխանելու մեր հարցումներուն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կեանքը հիւրանոց մըն է եւ մարդ այդ հիւրանոցին մէջ երկար ատեն որպէս հիւր կ՚ապրի, տնեցի կը դառնայ, ժամանակի ընթացքին կ՚ընտելանայ տան անդամներուն հետ, ապա օրէնքները կը սկսին սովորութենականանալ իրեն համար։ Այլեւս այդ հիւրանոց-տան մէկ անդամը դառնալով՝ իր սէրը կը կիսէ իր կողակիցին հետ, նոր սերմեր կ՚աճին, կը ճիւղաւորուին եւ կը միանան այդ ընտանիքին. ահա ա՛յդ ժամանակ յանձնառութիւններն ու պատասխանատուութիւնները կ՚եռապատկուին եւ քեզ պարտաւորեալ ու անել իրավիճակի մէջ կը ձգեն։
Թիւրքմենիստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ ծանրաբարձութեան համաշխարհային ախոյենութիւնը։ Երէկ, Հայաստանի հաւաքականէն Սիմոն Մարտիրոսեան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչում։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ հիւրընկալեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանն ու ընտանիքը։ Սա հրաժեշտի հանդիպում մըն էր, որովհետեւ Միքայէլ Մինասեան արդէն ետ կանչուած է այդ պաշտօնէն։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 80-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
ԵՊՀ-ի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ հանդիսաւոր ժողով:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ունեցաւ ելոյթ մը՝ բարձր գնահատելով տասնամեակներու գիտական աշխատանքը:
Միջազգային ընտանիքը այս շաբաթավերջին կը նշէ Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեակը:
Նախագահ Էրտողան կը մասնակցի մեծահանդէս տօնակատարութիւններուն՝ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն հետ: