Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախապէս գրած էի Պարութհանէ փողոցի զառիվերին վրայ իմ յաճախակի ժամադրավայրերէս մէկուն, տիգրանակերտցի Տիկին Մարիի ճաշարանին մասին։ Այս անգամ դարձեալ նոյն փողոցը պիտի տանիմ ձեզի, սակայն դէպի վար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ։ Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքի մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ… Եւ գիտենք՝ թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու բացաւ մեր միտքերը, որպէսզի ճանչնանք ճշմարիտ Աստուածը։ Մենք միացած ենք ճշմարիտ Աստուծոյ եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Եւրոասիական միջկառավարական խորհուրդի ժողովը այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ երկկողմանի գործակցութիւնը աչքէ անցուցին առանց փողկապներու:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Կրօնական ժողովը 29 ապրիլ 2019, երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, հաւաքուեցաւ Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ։ 
Ժողովս բացուեցաւ աղօթքով եւ աղօթելով ի հանգիստ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր հոգւոյն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը 85-րդ գահակալով օժտելու ուղղեալ գործընթացը սկսաւ Կրօնական ժողովի նիստով. իրադարձութիւններուն կը սպասուի ուշադրութեամբ:
Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր յետմիջօրէին կ՚այցելեն Իսթանպուլի կուսակալութիւն, ուր պաշտօնապէս դիմում կը ներկայացնեն ընտրութեան համար:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուած մարդը «իմացական արարած» ստեղծեց եւ անոր տուաւ անձի արժանապատուութիւն՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ Ուստի մարդ ստեղծուած է ազատ եւ տէ՛ր է իր արարքներուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Սկիզբէն»:
Լուծում. նախ սկիզբի մասին պիտի ըսուի, որովհետեւ սկիզբները բազմաթիւ են. նախ՝ ինչպէս ժամանակին սկիզբը, որու ժամանակ բոլոր գոյերը եղան: Երկրորդ, աշխարհի սկիզբը՝ երկինք եւ երկիր, ըստ Մովսէսին (Ծն 1.1): 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Տեսակցեցաւ՝ 
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սփիւռքահայ մտաւորական, գրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեան իր մտահոգութիւնները, ըսելիքները սովորաբար յօդուածներու տեսքով կ՚արտայայտէ եւ այդ գրութիւնները կը տպագրուին սփիւռքի մամուլին մէջ:
Պալեան երկար տարիներ բնակած է Պէյրութ, ապա՝ Փարիզ, իսկ քանի մը տարի է, իր տիկնոջ հետ, տարուան կէսը կ՚անցընէ Հայաստան, ուր իր երեւանեան բնակարանին մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին: 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ մեր կրթական մշակներուն համար՝ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած յատուկ դասընթացքներու շարքը հասաւ իր աւարտին։ Խորքին մէջ օգտաշատ զրոյցներու շարք մըն էր այս մէկը, որու տեւողութեան Զեքիեան Գերապայծառ խորհրդածութիւններ ըրաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Հայ գիրերու գիւտին վերաբերեալ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտները անցեալ շաբաթավերջին Ս. Զատկի առթիւ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր շնորհաւորեցին մնայուն բնակիչներու տաղաւարը։ Տղաքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Մարգրիտ Ասլանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ճատրակի խրախճանք մը։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկը երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը այս առաւօտ Ֆէնէրպահչէի մէջ կազմակերպեց ամառնամուտի հաւաքոյթ մը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ «Khalkedon» ճաշարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ համախմբեց զանազան թաղերէ տիկիններ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Երէկ, ամբողջ աշխարհի, այդ կարգին՝ Հայաստանի մէջ, նշուեցաւ Պարի միջազգային օրը։ 
Ռազմապարերու միջոցով հնարաւոր է հայ մարդուն վերադարձնել հայ ըլլալու հպարտութիւնը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Երէկ, Երեւանի մէջ, «Պուքինիստ» գրախանութի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական շնորհանդէս մը, որու ընթացքին հետաքրքիրներուն ծանօթացուեցաւ Ջուղայի ոչնչացուած խաչքարերուն վերաբերեալ շահեկան պատկերագիրք մը։ Այսպէս, հնագէտ-լուսանկարիչ Արամ Վրոյր Ջուղայի հայկական գերեզմանատան խաչքարերու լուսանկարները, անոնց վերաբերեալ գիտական ու պատմական տեղեկութիւնները ամփոփած է պատկերագիրքի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Փորթուգալի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման որոշման։ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստան կ՚արժեւորէ Փորթուգալի խորհրդարանին կողմէ արտայայտուած դիրքորոշումը եւ երախտապարտ է ցաւակցութիւններուն համար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Էրպիլ։ Նախարար Չավուշօղլու վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իրաքի մայրաքաղաքը՝ Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019

Հանրապետութեան նախագահը ամերիկացի պաշտօնակցին հետ խօսեցաւ՝ Անգարա-Ուաշինկթըն առկայ տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Տանըլտ Թրամփին առաջարկեց աշխատանքային խումբ մը ստեղծել՝ Ս-400 ռուսական հրթիռներու վերաբերեալ խնդիրներու քննարկման համար:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2019

Փորթուգալի խորհրդարանը շաբաթավերջին ընդունեց 24 ապրիլ թուակիր բանաձեւ մը, որով 1915 թուականի դէպքերը որակեց որպէս ցեղասպանութիւն։ Մինչ Փորթուգալ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց՝ արտայայտելով իր հակազդեցութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2019

Ուղղափառ աշխարհը շաբաթավերջին նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առթիւ այցելութիւն մը տուին Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեցին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2019

Այսօր յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ կը գումարուի Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը՝ նախագահութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Սա Կրօնական ժողովի երկար սպասուած նիստն է, որ պիտի գայ սկիզբը դնել նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին։

Էջեր