Արխիւ
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Նորէն տոտիկ-տոտիկ ան մօտեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Աչուկները, ինչպէս միշտ, սկսան խնդալու, իսկ դէմքին արեւ ծագեցաւ։ Կարճլիկ սանդուխները բարձրանալէ վերջ, ան փոքրիկ թաթիկները պարզեց ինծի, մանկան թոթովանքով խնդրելով վայրկեան առաջ դուրս բերել զինքը մանկասայլակէն։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
«Պոլսահայերը սփի՞ւռք են, թէ՞ չէ...» յաճախ տրուող հարցումին անդրադարձ կատարող այս շարքիս նախորդ յօդուածով ներկայացուցած ու քննած էի ա՛յն պոլսահայերը, որոնց համար չկայ տուն ու հայրենիք բացի Պոլիս/Իսթանպուլէն։ Եզրակացուցած էի, որ, իրաւամբ, զիրենք սփիւռքցի համարելը անտեղի պիտի ըլլայ, եւ պարզապէս իրենց ինքնութենական էութեանը չհամապատասխանող։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դուք իմ բարեկամներս էք» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 14)։
Անկեղծ, ճշմարիտ բարեկամը հարստութիւն է, քանի որ այսպիսի բարեկամ մը ունեցողը ինքզինք ապահով կը զգայ՝ գիտնալով որ իր նեղութիւններուն մէջ իր հետ պիտի ունենայ վստահելի անձ մը եւ պիտի օգնէ իրեն։
Այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուին մանկագիր Մերի Փերի (Սահակեան), բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցի (Սուքիասեան) եւ արուեստագէտ Ժան Վարդան։ Բոլորն ալ ներկայիս հաստատուած են Հայաստան եւ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուին եւ մասնակցեցան «Ծիրան» համերգին, որ Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութեան համատեղ նախաձեռնութիւնն է։
Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրները որոշեցին հաւանութիւն տալ BREXIT-ը երեք ամիսով յետաձգելու Անգլիոյ առաջարկին։ Այսպէսով Լոնտոն ԵՄ-ի կազմէն դուրս պիտի գայ 31 յունուար 2020 թուականին։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Պուլկարիոյ Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Եքաթերինա Զախարիեւան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Օրուան տեւողութեան Զախարիեւա ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ժողովին։ Բացի նիստին մասնակցելէ, Փաշինեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ յառաջիկայ ուրբաթ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպել իրազեկման հաւաքոյթ մը։ Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան չէ գումարած իր այս շաբթուան հերթական նիստը։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 96 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յարգած է հայ համայնքին տուած բոլոր խոստումները»:
Սիւլէյման Սոյլու դրուատեց Նախաձեռնարկ մարմինը:
Ներքին գործոց նախարարը յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութենէն վերջ աստիճանաբար լուծումներ կը նախատեսէ մնացեալ հարցերուն համար. օրինակ՝ մշտական կանոնադրութեան մը պատրաստութիւնը, վաքըֆներու ընտրութիւններու կազմակերպումը, կեդրոնական լիազօրութիւններով աշխարհականներէ բաղկացեալ մարմին մը եւ այլն…:
Երէկ երեկոյեան Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Ծիրան» խորագրեալ համերգը, որ կազմակերպուած էր Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Մեր երաժշտասէրները միջոցէ մը ի վեր արդէն ոգեւորութեամբ կը սպասէին այս համերգին, որ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ Այս պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, Գալիֆորնիոյ (Միացեալ Նահանգներ) Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ սինոդի քարտուղար Եպիսկոպոս Մար Աւա Ռոյէլ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի աշխարհը կը նշէ Անն Ֆրանքի 90-ամեակը: Կիսամութ ապաստարանին մէջ քսանհինգ ամիս իր եւ բարեկամի մը ընտանիքին հետ անցուցած այս աղջիկը անցեալ դարու կէսերուն յայտնի դարձաւ ողջ աշխարհին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սաղիմահայ յայտնի գրող Անոյշ Նագգաշեան Երեւանի մէջ պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն.
-Ի՞նչ է այսօր գրողի թիւ մէկ խնդիրը:
-Գրողին խնդիրը միշտ մէկ եղած է. գրողը նախ եւ առաջ առաքելութեան մարդ է, իսկ մնացեալ խնդիրները երկրորդական են։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Ո՛չ ոք երկինք ելաւ» (Յհ 3.13):
Մեկնութիւն. Այստեղ չորս բան հարցանելի է.
Առաջին. թէ ինչո՞ւ համար այս խօսքը այստեղ կ՚ըսէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անմիտ ոչխարը կը խոստովանի գայլին», կ՚ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը։ Արդարեւ, մարդ պէտք չէ՛ որեւէ գաղտնիք յայտնէ մէկու մը՝ որ վստահելի չէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 112-րդ տարին։ Սովորաբար տարեդարձի մեր խմբագրականներուն մէջ կ՚անդրադառնանք թերթիս առաքելութեան եւ զանազան երեսակներով լուսարձակի տակ կը բերենք անոր գործունէութիւնը եւ ձեռքբերումները։ Մեր այս տարուան տարեդարձը կը նշենք թրքահայ համայնքին տեսակէտէ արտասովոր իրավիճակի մը մէջ։ Արդարեւ, պատրիարքական ընտրութիւնը մեր առջեւն է եւ անոր վերաբերեալ իրադարձութիւնները ամբողջութեամբ ողողած են մեր հաւաքական օրակարգը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
1949 թուականին հրատարակուեցաւ Ճորճ Օրուէլի «1984» անուն վէպը, որու հիմնական մասը գրի առնուած էր 1948-ին։ Կան վարկածներ, որոնք կը հաստատեն, թէ հեղինակը իր այս նշանաւոր ստեղծագործութիւնը անուանած է վէպի ստեղծման տարեթիւի՝ 1948-ի վերջին երկու թիւերը տեղափոխելով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
28 հոկտեմբեր 1908 թուականին արեւը ո՜վ գիտէ քանիերորդ անգամ էր որ ծագեցաւ. բայց այդ օրը ԺԱՄԱՆԱԿ-ը առաջի՛ն անգամ լոյս տեսաւ։
Անշուշտ կարելի չէ մրցիլ արեւուն հետ, որ դարեր, շրջաններ անընդհատ, անընդմէջ եւ անդադար, անշեղ կերպով կը ծագի եւ կը շարունակէ ծագիլ։
Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նախաճաշերը կը շարունակեն համախմբել հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։ Երկու շաբաթը անգամ մը դպրեվանքցիները ի մի կու գան սանուց միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ։