Արխիւ
Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած ՆԱԹՕ-ի հաւաքի ծիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գագաթ մը:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն այս շրջանին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման եւ քիւրտերու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ:

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ երէկ մեր ժողովուրդին ուղղեալ կոչով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ան թեկնածու էր պատրիարքի պաշտօնին համար, սակայն կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած սահմանափակումներուն պատճառով դուրս մնաց ընտրութեան գործընթացէն։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։ Շաբաթավերջի պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ ան իր վերջին պատգամները փոխանցեց մեր այս ամենահայահոծ թաղին մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսին առթիւ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած այս քէրմէսը արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց երգչախումբը ներկայիս համերգային շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ։ Երգչախումբի վարիչն է Շահէ Քեշիշեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անկախ մտքի տէր ըլլալ» կը նշանակէ անկողմնակալ ըլլալ, անաչառ ըլլալ եւ դէպքերուն նայիլ առարկայական հայեացքով եւ անձերու միջեւ խտրութիւն չդնել, հաւասար նկատել եւ արդարադատ ըլլալ։ Անկախ միտք ունեցողը երբեք չ՚ազդուիր արտաքին ազդեցութիւններէ եւ կը վստահի իր իսկ մտքին, իր դատողութեան։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Եւ այսպէս, քանի մը օր առաջ որոշեցի կատարել գնումներ։
Ուրախ ու զուարթ տունէն դուրս եկայ եւ ուղղուեցայ դէպի իմ ամենասիրելի առեւտուրի կեդրոնը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սփիւռքի տարածքին գործող ամենահին հայկական դպրոցը՝ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը շուտով կը նշէ իր հիմնադրման 200-ամեակը: Հիմնուելով 1821 թուականին՝ ճեմարանը լուրջ դերակատարութիւն ունեցած է Հնդկաստանի հայ համայնքի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ եւ անոր գործունէութիւնը հայոց պատմութեան նշանակալի իրողութիւններէն մէկն է:
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է երազներուն աղբիւրը: Պէ՞տք է հաւատանք այն բոլոր բաներուն, ինչ որ կը տեսնենք մեր երազներուն մէջ: Մեր կեանքին վրայ ազդեցութիւն կ՚ունենա՞ն: Որո՞ւն պէտք է դիմենք հասկնալու համար մեր տեսած երազները:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երբ դպրոցական էի, մայրս ամէն առտու դժուարութեամբ զիս կ՚արթնցնէր։ Տաքուկ անկողինէն բաժնուիլը ինծի համար տանջագին բան մըն էր։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ երկու յօդուածներով անդրադարձայ Թուրքիոյ մէջ որպէս հա՛յ հետազօտութիւն իրականացնելու դժուարութիւններէն ոմանց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը՝ խորհող, զգացող եւ որոշող անձնաւորութիւն մըն է։ Եւ մարդ՝ շնորհիւ իր լեզուի եւ գրչի ազատութեան բանաւոր էակ մըն է։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այսօր կը տեսակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ:
Պրաթիսլաւայի մէջ կը շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններ: Երեւան եւ Ստեփանակերտ սերտ կապի մէջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Էմմանիւէլ Մաքրոն, Պորիս Ճանսըն եւ Անկելա Մերքէլ երէկ Լոնտոնի մէջ քննարկեցին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները:
Գաղթականներու վերադարձին համար պիտի ստեղծուին անհրաժեշտ պայմաններ: Ահաբեկչական բոլոր տարրերուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի յառաջիկային:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան հաւաքի մը մասնակցեցաւ Պաքըրգիւղի մէջ։ Պատրիարքական ընտրութեան մնացած են համրուած օրեր եւ շաբաթավերջի քուէարկութեան ընդառաջ թեկնածուները իրենց եզրափակիչ պատգամները կը փոխանցեն համայնքին։ Այս ամբողջին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան այցելեց Պաքըրգիւղ, ուր արժանացաւ ջերմ վերաբերմունքի եւ զօրակցութեան։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի կողմէ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին։ Սիմոն Չեքէմ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, Նախաձեռնարկ մարմինը ամբաստանելով դատ մը բացած էր գործընթացի կասեցման պահանջով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Լոնտոն, ուր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Դաշինքի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած է այս գագաթաժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան միջազգային հրատապ խնդիրներ։
Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Այման էլ Սաֆատ երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ բանակցութիւններ վարելէ վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մասնակցեցաւ Ռըզա Աքփոլատի կազմակերպած երեկոյթին:
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Four Seasons պանդոկին մէջ ընթրիք: